Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան համալսարանի «Լիբանանեան պատմական ընկերակցութեան» երկօրեայ խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 27 եւ ուրբաթ, 28 նոյեմբեր 2014-ին, Լիբանանեան համալսարանի Գրականութեան եւ մարդկային գիտութեանց հիմնարկին մէջ, Ֆանար: Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-ին սկսած այս խորհրդաժողովին խօսք առին համալսարանի դասախօսներ ու լիբանանցի ծանօթ մտաւորականներ, ինչպէս` դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան, դոկտ. Անթուան Հըքայեմ, դոկտ. Անթուան Նաուֆալ, դոկտ. Ժոզեֆ Լապաքի, դոկտ. Իսամ Խալիֆէ, դոկտ. Պութրոս Լապաքի, դոկտ. Ժիւլիեթ Ռասի, դոկտ. Ժոել Թըրք եւ շատ ուրիշներ: Խորհրդաժողովին հրաւիրուած էր նաեւ թուրք բանախօս մը` Ճենկիզօղլու, որ ելոյթ ունեցաւ «Օսմանեան բանակի լիբանանցի նահատակները Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին» նիւթով:
Խորհրդաժողովի առաջին օրուան յետմիջօրէի բանախօսներուն կարգին էր դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան: Ան անդրադարձաւ «Պատերազմը անկիւնադարձային հանգրուան` հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ» խորագրեալ նիւթին` հանգամանօրէն թուելով Հայոց ցեղասպանութեան կանխամտածուած ու ծրագրեալ ըլլալը հաստատող հիմնաւորեալ աղբիւրներ: «Պատերազմը յարմար առիթ էր իրականացնելու թուրքերու թուրանական ծրագիրը եւ գործադրելու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր», ընդգծեց Գապագեան: Դոկտ. Գապագեան յատկապէս նշեց այս առնչութեամբ հրապարակուած նոր եւ փաստացի տուեալներ, ինչպէս` ամերիկեան Քեմպրիճ համալսարանի հետազօտողներէն Ճէյն Ուինթըրի մէկ աշխատասիրութիւնը, ըստ որուն «երկրի հիւսիս-արեւելքը գտնուող մշակութային առումով զարգացած, յառաջադէմ ու յարաբերաբար հարուստ հայկական համայնքին գոյութիւնը հարց էր թուրքերուն համար Համաշխարհային Ա. պատերազմէն շատ առաջ: Այս հարցը քաղաքական, ռազմավարական վտանգի վերածուեցաւ պատերազմին բռնկումով: Սակայն պատերազմէն ետք հայերուն, յատկապէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող երկու միլիոն հայերը այլեւս վտանգ չեն ներկայացներ»: Ան նշեց հայութեան մեծագոյն բարեկամներէն Քարէն Եփփէի ՄԱԿ-ի արխիւներու հրապարակումը, որ այսուհետեւ ձեռնտու պիտի ըլլայ պատմաբաններուն եւ հետազօտողներուն համար: Սահիկներու եւ քարտեսի օգնութեամբ ան յիշեց հիմնական հանգրուաններն ու ցեղասպանութեան ենթարկուած շրջանները: Դոկտ. Գապագեան այս գծով անհրաժեշտ նկատեց 1914-1917-ին առարկայական տեղեկութիւններու միջազգային, յատկապէս ամերիկեան ու եւրոպական արխիւներու հրապարակումը` ընդգծելով. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ժամանակն է, որ գերպետութիւնները, յատկապէս` ամերիկեան եւ եւրոպական երկիրները հրապարակեն իրենց արխիւները»: Խորհրդաժողովի երկրորդ օրուան նիւթերուն մէջ հետաքրքրական ու շահեկան էր նաեւ դոկտ. Ժոել Թըրքի ներկայացուցած նիւթը «Լեռնալիբանանի վերջին մութասարեֆ-կառավարիչ Յովհաննէս փաշա Գույումճեան»-ի մասին:
Նշենք, որ խորհրդաժողովի նիւթերուն մէջ կարեւոր համեմատութեամբ հայութեան առնչուող կողմնակի թէ ուղղակի տեղեկութիւններ փոխանցուեցան ինչպէս` դոկտ. Ժիւլիեթ Ռասիի նիւթին մէջ նշուած մէկ նկարի պատմութիւնը` ուր թուրք սպաներ նահատակ հայերու գլխատուած գլուխներուն շուրջ կեցած նկարուած են: Նշենք նաեւ, որ լիբանանցի եւ հայ 38 մտաւորական հետազօտողներ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ գործակցաբար յատուկ գիրք մը պիտի հրապարակեն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:


