
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ Ուաշինկթըն կը գտնուի, երկուշաբթի տեսակցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի հետ:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան, Ուորլիքի հետ Ղուլեանի հանդիպման ընթացքին քննարկուած են շրջանին մէջ վերջին արձանագրուած զարգացումներուն եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցեր:
Աշոտ Ղուլեանի եւ Ֆրենք Փալոնի զրոյցին ընթացքին անոնք անդրադարձած են Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանին միջեւ համագործակցութեան ընդարձակման, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծման, Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցերու:
Փալոնի խնդրանքով Ղուլեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն մէջ Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող սադրանքներուն հետեւանքները, եւ այդ ծիրին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն` ղարաբաղեան ուղղաթիռի կործանումը դատապարտող յայտարարութիւններուն համար:
Աշոտ Ղուլեանի այցելութիւնը կը շարունակուի:


