Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 15-րդ վեհաժողովին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապին եւ 12 նոյեմբերին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ կործանուած «ՄԻ-24» ուղղաթիռի դէպքին:
Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Հայաստանը խորապէս մտահոգուած է շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ, որ ստեղծուած է «Ազրպէյճանի կողմէ սադրանքներու եւ զինադադարի դրութեան կոպիտ խախտումներուն հետեւանքով»:
«Դժբախտաբար, Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը հրաժարեցաւ բարձրաստիճան հանդիպումներուն ընթացքին ստանձնած իր յանձնառութիւններէն` լուծելու այս տագնապը բացառապէս խաղաղ ճամբով, եւ դիմեց իրավիճակը աւելի սրելու գծով յանցաւոր սադրանքներու»:
«Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի` ուսումնավարժական թռիչք իրականացնող ուղղաթիռի կործանումը երեք երիտասարդ զինուորական ծառայողներու կեանք խլեց», Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցումով` ըսած է Էդուարդ Նալբանդեան:
Վերահաստատելով Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման Հայաստանի յանձնառութիւնը` Նալբանդեան նշեց. «Ներկայիս իրավիճակը կը պահանջէ կրկին ամրագրել մեր կազմակերպութեան լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն` ուղղուած այս տագնապի խաղաղ լուծան եւ կոչ ուղղել` ձեռնպահ մնալու ուժի սպառնալիքէն կամ ուժի կիրարկումէն, եւ բանակցութիւններուն համար հիմք ընդունելու Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած սկզբունքները»:
Կազմակերպութեան Արտաքին Գործոց Նախարարներու
Խորհուրդի Նիստը Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Մէջ
Ֆրանսախօս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին նիստը յաջորդ տարի տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով` այս որոշումը միաձայն հաստատուեցաւ Ֆրանսախօութեան միջազգային կազմակերպութեան 15-րդ վեհաժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 29-30 նոյեմբերին Սենեկալի մայրաքաղաք Տաքարի մէջ: Վեհաժողովին կը մասնակցէին 80 անդամ երկիրներու պատուիրակութիւններ:


