Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Նիքոս Տենտիասի Հետ

December 1, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1130_houn-nakhՅունաստանի Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Յունաստանի նշանակուած պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիասի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ` ներկայութեամբ Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերոբ էքիզեանի, Յունահայոց Ազգային վարչութեան անդամ Ստեփան Շեմմասի եւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանորդ Մինաս Մարտիկեանի:

Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց Աթէնքի մէջ գումարուող Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին նպատակն ու գլխաւոր նիւթերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յոյն կառավարութեան ու անձնապէս Տենտիասի հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած բարեկամութեան համար:

Նախարարը գնահատեց խորհրդաժողովին կազմակերպումը Յունաստանի մէջ եւ յայտնեց, որ հայ ժողովուրդին եւ մանաւանդ յունահայութեան հետ իր խոր բարեկամութիւնը կը բխի իր անձնական համոզումէն եւ փորձառութենէն:

Քննարկուեցան Յունաստան-Հայաստան զինուորական համագործակցութեան հարցերը եւ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ պետական ժխտողական քաղաքականութիւնը. վերջին հարցով Տէր Խաչատուրեան յայտնեց իր երախտագիտութիւնը հանդէպ յոյն պետութեան վերջերս որդեգրած օրինագիծին, որուն հիմամբ քրէական յանցագործութեան ենթակայ կը դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը:

Արծարծուեցաւ Արցախի տագնապի ներկայ հանգրուանը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան, այդ երկրին մէջ գերդաստանական մենատիրութեան, հակահայ արշաւի եւ առհասարակ մարդկային իրաւանց լուրջ խախտումներու պարագաները:

Նշուեցաւ, որ հայ ժողովուրդը ամէնուրեք յատուկ նախաձեռնութիւններով հանդէս պիտի գայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ կ՛ակնկալէ, որ յունական պետութիւնն ալ բարձրաստիճան մակարդակով մասնակցի այդ նախաձեռնութիւններուն: Յիշուեցաւ նաեւ, որ Յունաստանի նախագահն ու վարչապետը հրաւէր ստացած են այդ առիթով այցելելու Հայաստան:

Խորհրդակցութիւնը փակուեցաւ յունահայ ազգային վարժարաններու պետական օժանդակութեան հարցին արծարծումով` խնդրելով նախարարէն, որ միջամտէ այդ տարեկան յատկացումներուն տալ օրէնքի մնայուն ուժ:

 

Նախորդը

«Պատերազմի Վերսկսման Մնայուն Վտանգը Չի Կրնար Մեզ Ստիպել Տնտեսութեան Մարզին Մէջ Լուրջ Քայլեր Չկատարելու» Կ՛ըսէ Արթուր Աղաբէկեան

Յաջորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Աթէնքի Մէջ Գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.