Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն Եւ «Աւետաբեր» Երգչախումբի Ելոյթ` Ս. Թադէոս Եւ Ս. Բարթողիմէոս Առաքեալներուն Տօնին Առիթով

November 29, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1128_avedՀայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն` Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին առիթով երէկ` ուրբաթ, 28 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր տօնակատարութիւն` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի «Աւետաբեր» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ` Երուանդ Քէշիշեանի:

Տօնակատարութեան բացման խօսքը արտասանեց Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան: Ան յայտնեց, որ գեղեցիկ եւ խորհրդանշական աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Լիբանանի հայոց թեմը կը նշէ մեր եկեղեցւոյ հիմքը հանդիսացող Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու նուիրական տօնը` հետապնդելով միայն մէկ նպատակ, որն է անոնց տիպարը ներմուծել հայ ժողովուրդի սրտին ու բարոյական կեանքին մէջ: Ապա «Աւետաբեր» երգչախումբը մեկնաբանեց շարականներու փունջ մը: Կատարուեցան նաեւ Աւետարանէն ընթերցումներ: Առաքեալներու կեանքին եւ անոնց ունեցած գործունէութեան հայերէնով անդրադարձաւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, իսկ արաբերէնով` երէցկին Մանիա Միսիրեան:

Աւարտին, օրհնութեան խօսքը փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ թեմի Կրօնական ժողովին փափաքով այս տարի որոշած են այս տօնին առիթով թեմի եկեղեցիներուն մէջ յատուկ պահ ստեղծել, որպէսզի մեր ժողովուրդը առիթը ունենայ նայելու հաւատքի այն պատուանդանին, որուն վրայ կանգնած է հայ եկեղեցին եւ կանգուն մնացած է հայ ժողովուրդը: Ան յորդորեց ներկաները ժամանակ տրամադրելու քրիստոնէական այն արժէքներուն, որոնց կարիքը ունինք եւ որոնցմէ կախեալ է նաեւ մեր գոյութիւնը: Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Նշենք, որ կիրակի, 30 նոյեմբերի առաւօտեան, Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն տօնին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն միաբան հայրեր պիտի մատուցեն Ս. պատարագներ` թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարանները Նշեցին Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Գահակալութեան 15-Ամեակը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.