ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 30 նոյեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40-ամեակի հանդիսութիւն, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ` մասնաճիւղի շեփորախումբին կատարողութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվա Սաղրեան` յիշելով, թէ քաղաքական ծանր պայմաններու մէջ հիմնադրուած մասնաճիւղը յաղթահարած է ամէն դժուարութիւն, կանգ չէ առած ու աշխուժօրէն կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ իր երթը նոյն թափով: «Գիտակցօրէն մեր ուսերուն առած առաքելութիւններով կը ձգտինք անաչառ գործել եւ վայելել արդիւնքը», ըսաւ ան:
Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի հիմնադրութեան տասնամեակներու գործունէութիւնը խտացնող ու պատմող տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ: Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցաւ Ռիթա Վարդան, որ ապրումով ասմունքեց «Ողջերթ»-ը, մենապարեց Թինա Խաչատուրեան, խումբ մը աղջիկներ ներկայացուցին հայկական պար, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ երաժշտական երկու կտոր` կիթառի եւ երգեհոնի նուագակցութեամբ:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Յակոբ Քէշիշեան: Ան անդրադարձաւ սփիւռքի տարածքին ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան, սերունդ դաստիարակելու եւ հայակերտելու անոր ծրագիրին: «Իր դրօշին տակ հաւաքելով մեզ` մեր ինքնութեան սէրը քանդակեց մեր մտքին ու հոգիին մէջ: Հայ ժողովուրդին տուաւ անուանի մարզիկներ, ախոյեաններ, որոնք բարձրացան ու բարձրացուցին» ըսաւ Քէշիշեան: Ան յիշեց Ժտէյտէի մասնաճիւղի տարած բեղուն գործունէութիւնը` յարգանքի եւ շնորհաւորանքի իր խօսքը ուղղելով բոլոր վարչութիւններուն, խորհուրդներուն, պատասխանատուներուն եւ բոլոր անդամներուն, որոնք հակառակ դժուար պայմաններուն, կառչած մնալով ՀՄԸՄ-ի սկզբունքներուն, շարունակեցին հիմնադիրներուն ծանր եւ պատասխանատու գործը: Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով`. «Յաւե՛րժ ապրի ՀՄԸՄ-ը եւ ՀՄԸՄ ծնող ժողովուրդը»:
Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Յարութ Ալաճաճեան: Ան նկատել տուաւ, որ ամեակները առիթ են հաւաքուելու, ուրախանալու, տօնելու, բայց նաեւ առիթ են նոր ծրագիրներ ու նպատակներ ճշդելու: Ան ըսաւ, թէ դժնդակ պայմաններու մէջ միշտ ալ կը գտնուին մարդիկ, որոնք կը պայքարին, կը յաղթահարեն ու կը ծաւալեն գործունէութիւն: Ան աւելցուց. «Յառաջիկայ տասնամեակներուն պիտի գան նոր ղեկավարներ, նոր եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք պիտի վերցնեն ՀՄԸՄ-ի ջահը եւ երթան յառաջ` բարձրանալով ու բարձրացնելով իրենց հետ ուրիշներ»:
Հպարտ ու վեհ քայլերով մասնաճիւղի խումբերը` սկաուտները, արի-արենուշները, գայլիկները, բոլորը բեմ բարձրացան ու հայ սկաուտի տիպար կեցուածքով երգեցին «Ով հայ արի» քայլերգը: Սկաուտներու ներկայութիւնը մեծապէս ոգեւորեց ներկաները:
Բեմ հրաւիրուեցան ՀՄԸՄ-Ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Մումջողլեանը եւ Ժտէյտէի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Հրայր Ինճէեանը, որոնք ծառայութեան շքանշանով պարգեւատրեցին Գէորգ Աւընեանը, Հրանդ Պետրոսեանը, Հրայր Սաղըրեանը եւ Յակոբ Քէշիշեանը:
Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Նորայր եպս. Աշըգեան, որ իր հերթին իր սրտի խօսքը փոխանցեց ըսելով, որ ՀՄԸՄ-ը այն միութիւնն է, որուն նպատակը հայ ազգին ծառայելն է, հետեւաբար ՀՄԸՄ-ը դարբնոց եղած է եւ պիտի մնայ` հայ մանուկն ու երիտասարդը հայրենասիրութեամբ դարբնելու եւ անոնց հոգիներուն ու ճակատին վրայ հայկականութիւն դրոշմելու:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:


