Աշխատանքային այցելութեամբ Պազըլ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան չորեքշաբթի գիշեր տեսակցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմս Ուորլիքի, Փիեռ Անտրիոյի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկի հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը միջնորդներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է վերջին շաբաթներուն ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ ամէնէն բարձր մակարդակով սաստկացած ռազմատենչ հռետորաբանութեան, բանակցութիւններու էութիւնն ու բովանդակութիւնը խեղաթիւրող յայտարարութիւններուն, մարդկային զոհերու պատճառ դարձած` Հայաստանի հետ սահմանին եւ Արցախի սահմանագիծին վրայ զինադադարի ամէնէն կոպիտ խախտումներուն, վարժական թռիչք իրականացնող` Արցախի պաշտպանութեան բանակի ուղղաթիռը հարուածելու պատճառով ստեղծուած իրավիճակին վրայ: Հանդիպման ընթացքին շարունակուած են քննարկումները` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու կարելիութիւններուն վերաբերեալ: Էդուարդ Նալբանդեան վերահաստատած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ եռանախագահներուն հետ միացեալ ջանքերը` ուղղուած ղարաբաղեան տագնապին բացառապէս խաղաղ լուծման:


