Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքերու Հակահայկական Կոչերը` Հոլանտայի Խորհրդարանի Օրակարգին Մէջ

December 4, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

577191-KoendersՅունիսին Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ  Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի կառուցման դէմ թուրքերու կազմակերպած բողոքի ցոյցին ընթացքին բարձրացուած կարգախօսերը յայտնուած են Հոլանտայի խորհրդարանի օրակարգին մէջ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Սոնհապեր» կայքը, ըստ որուն, Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարը, խորհրդարանին կողմէ իրեն յղուած նամակին ի պատասխան, Ներկայացուցիչներու տան ուղարկած նամակին մէջ այսպէս մեկնաբանած է թուրքերու կազմակերպած բողոքի ցոյցին ընթացքին բարձրացուած կարգախօսերն ու ազգայնական երաժշտութիւնը. «Ատիկա չի նպաստեր գոյութիւն ունեցող լուրջ հարցին լուծման»:

Հոլանտացի նախարարը սադրանքի դրսեւորում նկատած է յատկապէս հանրահաւաքին ընթացքին  ձայնասփռուած երաժշտութիւնը եւ «Ղարաբաղը հայու գերեզման պիտի դառնայ» կանչերը:

Նախարարը նամակին մէջ նաեւ նշած է, որ թուրք պաշտօնատարները Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ տակաւին շատ զգայուն են` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ կոչ եղած է աւելի պատասխանատու վերաբերմունք ցուցաբերելու  այդ հարցին վերաբերեալ:

Յայտնենք, որ թուրքերը ցոյց կազմակերպած էին` բողոքելով հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրի կառուցման դէմ (Յուշահամալիրի բացումը տեղի ունեցած էր այս տարուան 24 ապրիլին):

Հոլանտայի շարք մը  կուսակցութիւններ յայտարարած  էին, որ 1 յունիսի ցոյցը շատ հաւանաբար կազմակերպուած  էր թրքական իշխանութիւններուն օժանդակութեամբ:

Կարգ մը պաշտօնատարներ` յայտնելով, որ Թուրքիոյ  գլխաւոր հիւպատոսութիւնը եւ Հոլանտայի մէջ շարք մը մզկիթներ աջակցած են բողոքի շարժումին, պահանջած են, որ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպի իր թուրք պաշտօնակիցին հետ եւ պարզաբանում ստանայ հարցին վերաբերեալ: Բացի ատկէ, պահանջած են հանդիպիլ նաեւ  Հոլանտայի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսին հետ:

Նախորդը

Նալբանդեան Պազըլի Մէջ Կը Հանդիպի Միջնորդներուն, Կը Մասնակցի ԵԱՀԿ-ի Նիստին

Յաջորդը

Ուրուկուէի Փոխնախագահը Հայաստան Պիտի Այցելէ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.