
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Վրաստանի ներքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Չիքայիծէն:
Ըստ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութեան, Չիքայիծէ ընդգծած է, որ Հայաստանի ոստիկանութեան հետ Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը սերտ գործընկերային յարաբերութիւններ ունի, եւ իր այցելութեան նպատակն է առաւել ամրապնդել այդ յարաբերութիւնները, քննարկել գործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ երկու դրացի եւ դարաւոր բարեկամական կապեր ունեցող երկիրները ժամանակակից մարտահրաւէրները դիմակայելու եւ շրջանին մէջ ընդհանուր մտահոգութեան խնդիրներուն արդիւնաւէտ լուծումներ գտնելու գործին մէջ պէտք է շարունակաբար զարգացնեն համագործակցութիւնը, որուն կը նպաստեն հայ – վրացական բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, փոխադարձ այցելութիւններն ու կառուցողական եւ ջերմ յարաբերութիւնները, ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:


