Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումը Համախմբեց 18 Վարժարաններէ Աւելի Քան 300 Աշակերտներ

December 8, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1207_bz-mz1Երէկ` կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը ողողուեցաւ հայկական զանազան վարժարաններու աշակերտներով: Անոնք խուռներամ բազմութեամբ ներկայացան մասնակցելու «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի խմբագրական կազմի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին: Աւելի քան 300 աշակերտները եկած էին 18 հայկական վարժարաններէ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանէն, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանէն, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, Հայ աւետարանական քոլեճէն, ՀԲԸՄ Լեւոն Նազարեան վարժարանէն, ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանէն, Վահան Թէքէեան վարժարանէն, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանէն, Ազգային Յառաջ- Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանէն, Ազգային Աբգարեան վարժարանէն, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանէն, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճէն, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն եւ Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանէն:

Այս տարուան մրցումը կը զուգադիպէր 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի օրուան, հետեւաբար երկրաշարժի 26-րդ տարելիցին հակիրճ նշումէ մը եւ այդ առիթով մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութենէ ետք աշակերտները սկսան մրցումին: Մրցումը ըստ սովորականին սկսաւ չորրորդ դասարանի աշակերտներով, որոնց համար նոր փորձառութիւն մըն էր այս մրցումը: Այսպէս, առաջին հանգրուանը սկսաւ ժամը 3:00-ին, այս դասարանի աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ կատարեցին «Անսխալ գրենք» մրցումը: Մրցումի աւարտին մասնակիցներուն բաժնուեցաւ յիշատակի նուէրը, որ ամէն տարուան նման կը տրամադրուի «Ազդակ»-ի կողմէ: Ապա սրահը յաջորդաբար մուտք գործեցին 5-րդ դասարանի աշակերտները ժամը 4:00-ին եւ  6-րդ դասարանի աշակերտները ժամը 5:00-ին, անոնք նոյնպէս մրցումի աւարտին ստացան յիշատակի նուէրը:

Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք ամէն տարի անսակարկ նուիրումով ու կանոնաւոր ձեւով իրենց աշակերտները կը մղեն մասնակցելու այս մրցումին, քաջալերելով ամէն ինչ, որ կը միտի նպաստել հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան: Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ աշակերտներուն, որոնք մեծ խանդավառութեամբ կը ներկայանան եւ մեծ լրջութեամբ կը կատարեն մրցումը: Ի վերջոյ շնորհակալութիւն հայ ծնողներուն, որոնք միշտ ալ զոհողութեան իրենց բաժինը ունին նման ձեռնարկներուն օգնելով ու նեցուկ կանգնելով անոնց յաջողութեան:

Նախորդը

«Կամաւորներու Օր» Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախունբին

Յաջորդը

Արձագանգ. «Լուսաւորչի Կանթեղը» Ներկայացուց Հոգեւոր Երեկոյ Մը` Սահակ Սրբազանին Քարոզով

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.