Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով, Քերրի Եւ Տեսիր Կը Յայտարարեն. «Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը Զինուորական Լուծում Չունի»

December 5, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

10626267_1001560733203456_4736170085836408036_oԵԱՀԿ-ի կայքին վրայ տեղադրուած Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու միացեալ յայտարարութիւն մը կը նշէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ֆրանսայի եւրոպական հարցերով նախարար Հարլեմ Տեսիր կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման:

«Զինուորական լուծում չկայ, եւ մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու բռնութիւններէն եւ աշխուժ կերպով աշխատելու երկարատեւ լուծման ուղղութեամբ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Պատուիրակութիւններու ղեկավարները ափսոսանք յայտնած են այս տարուան ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ բռնութեան աճին առնչութեամբ: «Յուլիսին եւ օգոստոսին զինուորական գործողութիւնները յանգեցուցին զգալի կորուստներու, աւելցուցին լարուածութիւնը եւ խորացուցին կողմերուն միջեւ անվստահութիւնը: Կողմերը պէտք է լրացուցիչ գործողութիւններու ձեռնարկեն 1994-ի զինադադարը ամրապնդելու եւ խաղաղ բանակցութիւններ կատարելու համար աւելի բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Պատուիրակութիւններուն ղեկավարները կը նշեն, որ 12 նոյեմբերին շփման գիծին վրայ ղարաբաղեան ուղղաթիռի վար առնուիլը «ողբերգութիւն էր, որմէ կարելի էր խուսափիլ»:

«Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն ցուցաբերելու` հետագայ լարուածութեան սրումը կանխարգիլելու համար: Մենք նաեւ անոնց կոչ կ՛ուղղենք կարգաւորելու մարդասիրական խնդիրները Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հոկտեմբեր 2010-ին Աստրախանի յայտարարութեան ոգիով», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

«2014-ին Սոչիի, Նիւփորթի եւ Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած երեք հանդիպումները վերականգնած են կողմերուն միջեւ հաղորդակցութեան կարեւորագոյն ալիքը: Կողմերը պէտք է գիտակցին, որ համապարփակ լուծման հիմքը Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներու միացեալ յայտարարութիւններուն մէջ շարադրուած տարրերն ու սկզբունքներն են, յատկապէս անոնք, որոնք քննարկուած են Փարիզի մէջ անցեալ ամրան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցական Երիտասարդութիւնը` Ի Պաշտպանութիւն «Նայիրիտ»-ի Աշխատակիցներուն

Յաջորդը

Նալբանդեան Պազըլի Մէջ Տեսակցեցաւ Համանախագահներուն Հետ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.