Գլխաւոր լուրեր

1212_ariss

Դամասկոսի Համալսարանին Մէջ. Դոկտ. Նորա Արիսեան Լուսարձակի Տակ Առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ 7-11 դեկտեմբեր 2014-ին Դամասկոսի համալսարանին մէջ կայացած Հայկական մշակութային օրերուն նախաձեռնութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցան շարք մը դասախօսութիւններ, որոնցմէ վերջինը ներկայացուեցաւ հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2014-ին` «Հայ գրականութիւնն ու արաբերէն թարգմանութեան շարժումը» խորագիրով: Դասախօսութիւնը ներկայացուց Դամասկոսի համալսարանի «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ի հայոց լեզուի բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Նորա Արիսեան: Դոկտ. Նորա Արիսեան անդրադառնալով հայ-արաբական եւ հայ-սուրիական դարաւոր կապերուն,...

1211_Sargsian_Oleksandr-Pavlyuk

Ըստ Նախագահ Սարգսեանի. Հայաստանի Եւ Եւրոպական Խորհուրդի Նպատակները Ամբողջութեամբ Կը Համընկնին

Փաւլիւք եւ նախագահ Սարգսեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Երեւանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակի ղեկավար Օլեքսանտր Փաւլիւքը` դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ  աւարտելու առիթով: Հանրապետութեան նախագահը Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ անձամբ իր անունով շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպան Փաւլիւքին Հայաստանի մէջ  պաշտօնավարութեան  ժամանակաշրջանը պատուով եւ յաջողութեամբ աւարտելու համար` ընդգծելով, որ Փաւլիւքի վրայ, իբրեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակի առաջին ղեկավար, մեծ պատասխանատուութիւն...

1211_Arm-Italy_military-Cooperation

Ստորագրուած Է Հայ-Իտալական Զինուորական Գործակցութեան 2015 Թուականի Ծրագիրը

Երեւանի մէջ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցած են հայ-իտալական զինուորական համագործակցութեան համակարգման խորհրդակցութիւնները: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տոնոյեան երէկ ընդունած է Իտալիոյ  զինուորական պատուիրակութիւնը: Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, տեսակցութեան աւարտին ստորագրուած է հայ-իտալական զինուորական համագործակցութեան 2015 թուականի ծրագիրը:

1211_hovig

Վարչապետ Աբրահամեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Թիֆլիս Կը Գտնուի

Ղարիպաշվիլի եւ Աբրահամեան Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հրաւէրով պաշտօնական այցելութեամբ երէկ  հասած է Թիֆլիս, ուր տեղի ունեցած են  բարձր մակարդակի երկկողմ բանակցութիւններ: Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հանդիպումը Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն Թիֆլիսի հայկական եկեղեցի եւ հանդիպում տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:...

1211_tadron

Սքանչելի Նուէր Մը Բոլորիս` «Ոսկի Խնձորը»

ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ «Ազդակ»-ի երեքշաբթի, 9 դեկտեմբերի թիւով, ուր մեզի այնքան հետաքրքրաշարժ կերպով կը ներկայացուի Համազգայինի «Արեգ» մանկական թատերախումբի խոստմնալից եւ ինչու չէ նաեւ տաղանդաւոր, մանուկ թէ պատանութեան սեմին գտնուող աշակերտութեան` ընդամէնը միամսեայ ջանքերով բեմադրուող Յովհաննէս Թումանեանի «Ծիտը» երաժշտական թատերակը` ղեկավարութեամբ եւ բեմադրութեամբ հեղինակ եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեանի, եւ այդքան ծաւալուն եւ ամբողջական կերպով յագեցուած հարցազրոյցէ ետք, կը մնար մէկ...

putin-Erdogan-Davutoglu-Hahn-f

Ակնարկ. Թրքական Շրջադարձի Նախանշաննե՞ր

Եւրոպական Միութեան Ընդլայնման գծով յանձնակատար Եոհաննես Հան Անգարայի մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ յունուարին: «Գործը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ», ըսած է Հան: Բացի ատկէ, եւրոպական պատուիրակութիւնը անդրադարձած է Իսլամական պետութեան դէմ պայքարին: Քննարկուած են Իսլամական պետութեան զինեալներուն մասին տեղեկատուութեան փոխանակման հարցը, ինչպէս նաեւ անոնց դէմ պայքարի համակարգուած ռազմավարութիւնը: Ան նաեւ յայտարարած է, որ քննարկման աւարտական...

holy-etchmiadzin-3

Հրամայական Անհրաժեշտութիւնը

«ԴՐՕՇԱԿ» Որեւէ հաւաքականութիւն ժամանակի ընթացքին, իր զարգացման հետ միասին, իր ենթակայական էութեան ու առարկայական կեանքի կարիքները հոգալու նպատակով կը կազմէ իր հաստատութիւնները. պետական կառոյց՝ իր բոլոր ստորոգելիներով, կրօնական հաստատութիւններ, կուսակցութիւններ, միութիւններ, մշակութային կեանքը հունաւորող մեծ ու փոքր միաւորներ եւ այլն: Այդ հաստատութիւնները կը պահուին այն ակնկալութեամբ, որ անոնք այդ հոգածութիւնը պիտի փոխադարձեն՝ ծառայելով իրենց ծնունդ տուող հաւաքականութեան: Ամէն հաւաքականութիւն եւ...

1210_Bolis

Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Հրդեհը Ոչ Թէ Ելեկտրական Խանգարումի Արդիւնք Եղած Է, Այլ Կանխամտածուած Հրկիզումի

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ 7 դեկտեմբերին Պոլսոյ Քատըքէօյ թաղամասի հայկական եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառը բացայայտուած է: Նախապէս կատարուած ենթադրութիւնները, թէ հրդեհը բռնկած է տեղադրուած տօնածառի լոյսերու կարճ միացման պատճառով, հերքուած է. եկեղեցին հրդեհած են դիտումնաւոր կերպով: Եկեղեցւոյ անվտանգութեան տեսախցիկները տեսագրած են, թէ ինչպէ՛ս կասկածեալը կը մտնէ եկեղեցի եւ կը հրկիզէ զայն: Կասկածեալը ձերբակալուած է: Ի յայտ եկած է, որ...

1210_Giro-f

Մանոյեան. «Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուաճում Պիտի Ըլլայ Պահանջատիրութեան Հարցին Մէջ Համազգային Համախոհութիւնը»

Ամփոփելով այս տարի արտաքին քաղաքական մարզին մէջ կատարուած իրադարձութիւնները` ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին առանձնացուց երեք կարեւոր իրադարձութիւններ: Առաջինը Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու փաստն է, որ պէտք է դիտարկել Ուքրանիոյ մէջ կատարուող վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Երկրորդը` ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի խախտումներու յաճախակի դառնալը, որ  բանակցային հոլովոյթին մէջ...

1210_Ohanian

Օհանեան. «Ատիկա Ազրպէյճանական Կողմի Սադրանք Է»

Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան  երէկ խուսափած է մանրամասնութիւններ հաղորդելէ երեք օր առաջ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած դէպքին վերաբերեալ: Նախարարը այսուհանդերձ պնդած է, որ ատիկա ազրպէյճանական կողմի սադրանք է, եւ որ հայկական կողմը իրականացուցած է ոչ միայն պաշտպանական, այլեւ  կանխարգելիչ գործողութիւններ, որոնք «բազմաթիւ  պարագաներու կ՛իրականացուին մեր տարածքէն  դուրս: Պատճառը պէտք է փնտռել ճիշդ այդ սադրանքներուն մէջ, եւ մեղքի մեծ բաժինը...

9417_b

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Ուրուկուէյի Փոխնախագահը

Ասթորի եւ նախագահ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Ուրուկուէյի փոխնախագահ, Ծերակոյտի նախագահ Տանիլօ  Ասթորին: Ըստ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութեան, նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ ամէնէն ջերմ զգացումներով կը յիշէ իր պետական այցելութիւնը  Ուրուկուէյ եւ  հանդիպումը նախագահ Խոսէ Մուխիքայի հետ, եւ  խնդրած է իր ջերմ ողջոյնները փոխանցել վերջինիս, իսկ նորընտիր նախագահ...

1209valavani

ՀՅԴ Հայ Դատի Հանդիպում` Սիրիզա Կուսակցութեան Երեսփոխան Նանտիա Վալավանիի Հետ

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Արթօ Շեմմաս, չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, հանդիպում ունեցան ՍԻՐԻԶԱ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու` երեսփոխան Նանտիա Վալավանիի հետ: Տիկին Վալավանի մաս կը կազմէ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ  Յունաստանի պատուիրակութեան: Հանդիպման հիմնական օրակարգը Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ 2014-ի սեպտեմբերին տրուած որոշումն էր`...

1209արծվիկ12-f

Մինասեան. «Կեդրոնական Դրամատունը Կը Փորձէ Շուկայէն Վերացնել Խուճապային Տրամադրութիւնները»

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, մեկնաբանելով Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախանցեալ օրուան յայտարարութիւնը, որ իւրաքանչիւր օր սակարկութեան միջոցով պիտի իրականացուի  օտար դրամանիշերու վաճառք` նախապէս հրապարակած առաւելագոյն քանակով, ըսաւ. «Ատով Կեդրոնական դրամատունը կ՛ուզէ ըսել, որ պէտք չէ խուճապի մատնուիլ, մենք ունինք անհրաժեշտ պաշարները եւ կրնանք ապահովել օտար դրամանիշերու պահանջը, որպէսզի տատանումները կտրուկ չըլլան»: Ըստ Մինասեանի,  Կեդրոնական դրամատունը ատիկա կ՛ընէ, որպէսզի...

1209souren

Սուրէն Խանամիրեան Յետմահու Պարգեւատրուած Է Ա. Աստիճանի Մետալով

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 5 դեկտեմբեր 2014 թուակիր հրամանագիրով  սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ Սուրէն Լեւոնի Խանամիրեանը յետ մահու պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» Ա. աստիճանի մետալով:

1209_rayi_kotcharian2

Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Դեսպան Քոչարեան եւ Ռայի պատրիարքը Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ: Դեսպան Ա. Քոչարեան Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներուն մանրամասնութիւններուն մասին: Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց հայ եկեղեցւոյ` յառաջիկայ տարի Հայաստան այցելելու հրաւէրին համար, ինչպէս նաեւ իր համերաշխութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին, որ կը գտնուի Հայոց...

1208_manoyan

5 Պահանջ Թուրքիայէն Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Ետք

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան անհրաժեշտ նկատած է, որ հայութիւնը սահմանէ  պահանջները, որոնք պիտի դրուին Թուրքիոյ առջեւ պատասխանատուութեան կանչելու ատեն: Այս մասին քաղաքական գործիչը յայտնած է  Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն «Աշխարհը առանց ցեղասպանութիւններու» բնաբանով խորհրդարանական լսումներու  ժամանակ: «Ցեղասպանութեան դէմ ՄԱԿ-ի 1948 թուականի հռչակագիրը կարեւոր քայլ է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան կանչելու համար: Ատոր...

1208_Hranush-Hakobyan-f

«Կու Գայ Այն Օրը, Երբ Թուրքիան Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» Կ՛ըսէ Հրանուշ Յակոբեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին կողմէ հրաւիրուած «Աշխարհը առանց ցեղասպանութիւններու» նիւթով լսումներուն ընթացքին երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտարարեց, որ կու գայ օր մը, երբ Թուրքիան կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ tert.am-ը: «Պիտի գայ օր մը, երբ Թուրքիան պատասխան պիտի տայ սահմաններու փակ ըլլալուն, Հայաստանը տնտեսապէս ճնշելու համար: Պէտք է Ցեղասպանութեան հետեւանք նկատել...

1208_PC-Sahakian_Astori-f

Գալուստ Սահակեան. Ողջունեց Ուրուկուէյի Մէջ Ցեղասպանութեան Թանգարան Հիմնելու Որոշումը

Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող  Ուրուկուէյի գործող փոխնախագահ, Ծերակոյտի նախագահ Տանիլօ Ասթորիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ տեսակցած է  Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ: Ըստ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութեան, հանդիպումին ընթացքին Սահակեան կարեւոր նկատած է Հայաստան - Ուրուկուէյ գործակցութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատած  է Մոնթեվիտէոյի մէջ ցեղասպանութեան թանգարան հիմնելու որոշումը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելիութիւն գոյութիւն ունի՞, որ ինչպէս Հայոց...

1208_imarat

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նախագահ Շէյխ Մոհամետ Պըն Զայէտի Հետ

Երկուշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախագահ շէյխ Մոհամետ Պըն Զայէտի հետ: Հանդիպման ներկայ էին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Լիբանանի դեսպան Հասան Սաատ, թեմի ազգայիններէն Արա Խանոյեան եւ Վարուժան Նարկիզեան: Արամ Ա. կաթողիկոսին ու նախագահին միջեւ տեղի ունեցած մտերմիկ զրոյցին...

1208_arapo-f

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ. 22 Փետրուարէն 7 Դեկտեմբեր 1988 Հայ Ժողովուրդի Վերազարթօնքին Նուիրուած Ձեռնարկ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ քարոզչական ձեռնարկ, նուիրուած` 22 փետրուարէն 7 դեկտեմբեր 1988 հայ ժողովուրդի վերազարթօնքին, կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով սկսաւ հանդիսութիւնը: Յոտնկայս լռութեան ներկաները հրաւիրուեցան յարգելու արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակներուն եւ 1988 երկրաշարժի զոհերուն յիշատակը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նժդեհ Լափաճեան: Ան դիտել տուաւ, որ...

Page 810 of 885 1 … 809 810 811 … 885