Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Վաւերացուց Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Համաձայնութիւնը

December 5, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1204_vaveratsoum-2Հայաստանի ազգային ժողովը քուէներու բացարձակ մեծամասնութեամբ վաւերացուցած է Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնութիւնը:

Կողմ քուէարկած է 103 պատգամաւոր, դէմ` 7, ձեռնպահ` մէկ:

Եւրասիական տնտեսական միութեան նախաձեռնած Վլատիմիր Փութին  քանի մը օր առաջ Ռուսիոյ խորհրդարանի վաւերացման   ներկայացուցած էր Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնութիւնը:

Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնագիրը  ստորագրուած է 10 հոկտեմբերին` Մինսքի մէջ  Եւրասիական տնտեսական միութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին: Փաստաթուղթը ստորագրած են Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Հայաստանի նախագահները: Մինսքի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը խարսխային այն փաստաթուղթն է ուր նշուած են Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալուն պայմանները:

1204_vaveratsoumԸստ համաձայնագիրին, Հայաստան Եւրասիական տնտեսական միութեան լիարժէք անդամ կը  դառնայ փաստաթուղթը ուժի մէջ մտնելու պահէն` այսինքն, երբ ատիկա կը վաւերացուի անդամ բոլոր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ, բայց ոչ շուտ, քան 1 յունուար 2015-ը:

Այս միութեան ծնունդի թուականը յայտարարուած է 2015-ի 1 յունուարը: Ընթացիկ տարուան 29 մայիսին Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները Ասթանայի մէջ ստորագրեցին Եւրասիական տնտեսական միութիւն ստեղծելու մասին համաձայնագիրը` հաստատելով, որ ատիկա ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 յունուար 2015-էն:

 

Նախորդը

Նալբանդեան Պազըլի Մէջ Տեսակցեցաւ Համանախագահներուն Հետ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.