Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«25 Տարի Շարունակ Երկրին Իշխած Քաղաքական Խաւը Պատասխանատու Է Լիբանանի Պարզած Այսօրուան Իրավիճակին» Շեշտեց Զօր. Աուն

Հոկտեմբեր 12, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

tayyar3_10-11-15

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները սկսան ուղղուիլ Պաապտա` ոգեկոչելու համար 13 հոկտեմբեր 1990-ին զոհուած լիբանանեան բանակի նահատակներուն յիշատակին 25-ամեակը:

Դէպի նախագահական պալատ տանող Պաապտայի ճամբան ներկուեցաւ նարնջագոյնով, երբ Ազգային ազատ հոսանքի հետեւորդներուն ծովածաւալ բազմութիւնը ծածկեց նախագահական պալատի շրջակայքը:

Ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկը սկսաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ 13 հոկտեմբերի նահատակներուն յուշարձանին զետեղուած ծաղկեպսակով եւ անոր յաջորդած լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութեամբ:

Ապա խօսք առաւ կուսակցութեան հիմնադիր, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ նշեց, թէ 25 տարի առաջ Լիբանան կը չարչարուէր եւ սրտի ցաւով կը տառապէր:

«Օրին ժողովուրդը գիտցաւ, որ միայն ինքն իր ուժերուն կրնայ վստահիլ, իսկ մենք  կատարուած իրողութեան դիմաց գտնուեցանք, սակայն կրցանք ճակատաբաց եւ հպարտութեամբ վերադառնալ մեր երկիրը», ըսաւ ան:

13 հոկտեմբեր 1990-ի նահատակներուն զոհուելուն 25-ամեակին առիթով զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք այսօր կը վկայէ, որ այդ օրերուն տիրող կամքը կենդանի է եւ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ երկիրը պահպանելու համար պէտք է տքնաջան աշխատանք կատարել եւ զոհուիլ` աւելցնելով, որ երկիրը պահելով իւրաքանչիւր քաղաքացի իր արժանապատուութիւնը պահպանած կ՛ըլլայ:

«Մեր նահատակները զոհուեցան` պահպանելու համար Լիբանանի արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց ազատութիւնն ու երկրին անկախութիւնը: Ազատութեան ճամբան երկար է եւ ազատ ապրելու համար լիբանանցին կարիքը ունի հոգեկան ազատութեան, որպէսզի լիբանանցիները փրկէ իշխող քաղաքական խաւէն», ըսաւ ան` շեշտելով, որ «25 տարի շարունակ երկրին իշխած քաղաքական խաւը պատասխանատու է Լիբանանի պարզած այսօրուան իրավիճակին»:

Զօր. Աուն նշեց, որ Լիբանան վերածուած է կմախքի մը, որ հրաշքի կը կարօտի. անոր լոյսերը խաւարած են, իսկ երիտասարդներուն երազը եղած է արտագաղթը:

Զօր. Աուն նշեց, որ իրենք այսօր կը գտնուին իրենց տան դիմաց, տուն մը, որ թափուր իր վիճակէն դուրս գալու կարիքը ունի: «Այդ ազատագրումը պիտի իրականանայ ձեր ձայներով, ժողովուրդին քուէով: Այդ ձայնը պիտի արձագանգէ, պայքարը պիտի շարունակուի եւ փոփոխութիւնը պիտի իրագործուի` իսկական ընտրութիւններ կայացնելով եւ ժողովուրդին իսկական ներկայացուցիչները ընտրելով», շեշտեց ան:

Զօր. Աուն դիտել տուաւ, որ քաղաքական տարբեր ուժեր զիրենք կը մեղադրեն երկրին քաղաքական կեանքը արգելակելու յանցանքով` աւելցնելով, որ անոնք ճիշդ են. «Մենք կ՛արգելակենք վատ որոշումները, պետական հաստատութիւններուն` իրենց իսկական առաքելութենէն շեղումը եւ Ազգային ուխտին շրջանցումը: Այդ որոշումներուն արգելակումը հասաւ մինչեւ բանակին, որուն երեք սերունդները կորսնցուցին պաշտօնի բարձրացում ստանալու առիթը, պարզապէս որովհետեւ հրամանատարութեան պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու ժահրով վարակուած է նաեւ բանակը: Նախարարին քմահաճոյքին համաձայն նման որոշումներ տալու իրականութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ անիկա կը պառակտէ բանակը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն նշեց, որ եթէ կառավարութիւնը իր կատարած շրջանցումները չսրբագրէ, ապա ան պիտի կրէ իր պատասխանատուութիւնը` օրէնքները խախտելու եւ արտաքին ուժերուն հաշուետու ըլլալու իրականութեան համար:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տուած որոշումները Լիբանանի ու լիբանանցիներուն գերագոյն շահերը կը պաշտպանեն եւ այդ պատճառով ալ իրենց դէմ պատերազմը բուռն է, «բայց եւ այնպէս, անոնք մեր դէմ պատերազմ կը մղեն առանց իմանալու աունականներուն հաւատքին, կամքին եւ կորովին զօրութիւնը», աւելցուց ան:

Իր խօսքը ուղղելով ցարդ չզղջացող կողմերուն` զօր. Աուն ըսաւ, որ անոնք չեն կրնար գրաւ դնել ժամանակի, յոգնութեան եւ ձանձրոյթի ազդակներուն վրայ: «Մենք երբեք չենք յուսալքուիր եւ դժոխքը մեզի չի կրնար յաղթել», եզրափակեց ան:

Ոգեկոչման ձեռնարկին աւարտին ներկայ բազմութիւնը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց Ժողովրդական պլոք կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի մահուան յիշատակը:

Նախորդը

Բանակը Ռմբակոծեց Ահաբեկիչներուն Դիրքերը` Պատճառելով Մարդկային Եւ Նիւթական Վնասներ

Յաջորդը

Նշուեցաւ Հայոց Մայրաքաղաք Երեւանի Հիմնադրութեան 2797-Ամեակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?