Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»

Սալամ. «5 Սեպտեմբերի Արաբական Ու Միջազգային Արձագանգները Ամբողջովին Դրական Էին»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «5 սեպտեմբերի նիստին վերաբերեալ մեր ստացած արաբական ու միջազգային, ինչպէս նաեւ նիստի որոշումին վերաբերեալ ներքին արձագանգները ամբողջովին դրական էին»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այդ հիման վրայ Լիբանանին սպասուող աջակցութիւնը կրնա՞յ ընթացք առնել` վարչապետը ըսաւ. «Մենք առաջին հերթին ամերիկեան կողմէ Իսրայէլի վրայ յաւելեալ ճնշում կ՛ակնկալենք, որպէսզի յարգէ թշնամական արարքները դադրեցնելու...

Ակնարկ.  Նախաստորագրութիւն Կամ Սահմանի Նախաբացում

Ակնարկ. Նախաստորագրութիւն Կամ Սահմանի Նախաբացում

Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան մասնակցող թրքական պատուիրակութիւնը պիտի ժամանէ Հայաստան: Երկխօսութեան նիստը պիտի գումարուի Երեւանի մէջ: Այստեղ յատկանշականը այն է, որ պատուիրակութիւնը Հայաստան պիտի գայ Մարգարայի սահմանով, որ այսպիսով պաշտօնապէս երրորդ անգամն ըլլալով պիտի օգտագործուի: Առաջինը Թուրքիոյ երկրաշարժին առիթով էր, երկրորդը` դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւններ առաքելու համար: Հիմա արդէն` պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութեան: Հրապարակուած լրատուութիւնները յատուկ նորութիւն չեն փոխանցեր: Պիտի քննարկուին արդէն իսկ...

Իսրայէլ Տոհայի Մէջ Յարձակում Գործեց  Համասի Ղեկավարութեան Ժողովի Մը Վրայ

Իսրայէլ Տոհայի Մէջ Յարձակում Գործեց Համասի Ղեկավարութեան Ժողովի Մը Վրայ

Երէկ կէսօրէ ետք Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ լսուեցան պայթումի ձայներ: Համասէն ղեկավար աղբիւր մը «Ժազիրա»-ին յայտնեց, թէ պայթումները հետեւանք են իսրայէլեան յարձակումի մը, որ թիրախաւորեց Համաս շարժումի պատուիրակութիւնը, որ այդ պահուն կը քննարկէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման առաջարկը: Համասէն ղեկավար աղբիւր մը «Ժազիրա»-ին յայտնեց, թէ Խալիլ Հայէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը փրկուած է իսրայէլեան մահափորձէն: Իսրայէլացի պաշտօնատար...

Բագրատունի Ընդունեց Պատրան Ժիա Քըրտը

Բագրատունի Ընդունեց Պատրան Ժիա Քըրտը

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի երէկ ընդունեց Սուրիոյ հիւսիս արեւելքի ինքնակառավարման միացեալ նախագահութեան արտաքին հարցերով փոխնախագահ Պատրան Ժիա Քըրտը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ նշեալ ինքնակառավարման ներկայացուցիչ, փաստաբան Ապտելսալամ Ահմատի: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցերու: Ընդգծուեցան քիւրտ եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ պատմական խոր յարաբերութիւնները, անոնց միջեւ կապերը ու լուսարձակի տակ առնուեցան...

Արթուր Խաչատրեան Կոչ Ուղղեց Կառավարութեան`  Չխոչընդոտելու Զուիցերիոյ Նախաձեռնութիւնը

Արթուր Խաչատրեան Կոչ Ուղղեց Կառավարութեան` Չխոչընդոտելու Զուիցերիոյ Նախաձեռնութիւնը

Հայաստանի Ազգային ժողովի 9 սեպտեմբերի նիստին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան յիշեցուց, որ 17 դեկտեմբեր 2024-ին Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդը (խորհրդարանի ստորին պալատ) որդեգրած է բանաձեւ մը, որով երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու` Արցախի հայերու անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի հարցը քննարկելու համար: Նոյն բանաձեւը այս տարուան մարտի 18-ին ընդունեց նաեւ խորհրդարանի վերին պալատը: Ընդունուած բանաձեւով զուիցերիական խորհրդարանը յանձնառու...

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունի

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունի

Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ առաւօտեան այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Պայրագտարեան նախագահ Աունը տեղեակ պահեց սաւառնակով մարզաձեւի կարգաւորման եւ անոր առնչուած անվտանգութեան ընդհանուր պայմաններու երաշխաւորման քայլերուն մասին, զորս որդեգրեց 2 սեպտեմբերին: Նախարարը յայտնեց. «Նախարարութիւնը հետամուտ է այս քայլերու գործադրութեան եւ զայն խախտողներուն դէմ պատժական տնօրինումներու բանեցման, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր...

Թրամփ Կազայի Վերաբերեալ Մօտալուտ  Համաձայնութեան Մը Մասին Կը Խօսի Եւ Համասին  «Վերջին Զգուշացում» Կ՛ուղղէ

Թրամփ Կազայի Վերաբերեալ Մօտալուտ Համաձայնութեան Մը Մասին Կը Խօսի Եւ Համասին «Վերջին Զգուշացում» Կ՛ուղղէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով` Կազայի վերաբերեալ համաձայնութիւն մը կրնայ շատ շուտով գոյանալ: Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ «այս խնդիրին ի նպաստ Միջին Արեւելքին, Իսրայէլին եւ բոլոր կողմերուն լուծում մը գտնել»: Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրառում կատարելով նշեց, որ իսրայէլացիները ընդունած են իր առաջարկի պայմանները, իսկ այժմ կարգը Համաս շարժումին է: Սպիտակ տան ղեկավարը զգուշացուց Համասը, որ...

Երուսաղէմի Մէջ Փոխադրակառքի Մը  Վրայ Զինեալ Յարձակում

Երուսաղէմի Մէջ Փոխադրակառքի Մը Վրայ Զինեալ Յարձակում

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ 6 իսրայէլացիներ սպաննուած են եւ 15 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ երէկ երկու պաղեստինցի երիտասարդներ բռնագրաւեալ Երուսաղէմի հիւսիսը գտնուող Ռամոթ բնակեցման վայրին մօտ փոխադրակառքերու կեդրոնական կանգառի մը մէջ կրակ բացած են: Իսրայէլեան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ վիրաւորներու շարքին կան 6 ծանր պարագաներ: Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ սպաննած է գործողութեան երկու հեղինակները: Պաղեստինեան Համաս շարժումը, Իսլամական Ժիհատը եւ այլ...

Լաւրով. «Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ  Համաձայնագիրէն Ոգեւորուած  Բացագանչութիւնները Փաստաթուղթի  Հրապարակումէն Ետք Փոխարինուեցան  Թերահաւատ Գնահատականներով»

Լաւրով. «Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Համաձայնագիրէն Ոգեւորուած Բացագանչութիւնները Փաստաթուղթի Հրապարակումէն Ետք Փոխարինուեցան Թերահաւատ Գնահատականներով»

Միացեալ Նահանգներու մէջ կնքուած Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համաձայնագիրէն ոգեւորուած բացագանչութիւնները փաստաթուղթի հրապարակումէն ետք փոխարինուեցան թերահաւատ գնահատականներով, բնագիրին մէջ շատ բան համաձայնեցուած չէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ան յիշեցուցած է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ համաձայնութիւնները ծնած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ...

Ռուբինեան. «Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Հոլովոյթը Փակ Սահմանի Բացման  Եւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման Մասին Է»

Ռուբինեան. «Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը Փակ Սահմանի Բացման Եւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման Մասին Է»

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարած է, որ մօտ օրէն Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ իր եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի հանդիպումը: Անոր համաձայն, պիտի քննարկուի յարաբերութիւններու կարգաւորման ամբողջ օրակարգը: «Պիտի խօսինք թէ՛ այն քայլերուն մասին, որոնք արդէն կատարուած են, թէ՛ ալ անոնց մասին, որոնք տակաւին ընթացքին մէջ են: Մեր վերջին հանդիպումէն...

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրին Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ նախագահը շնորհաւորեց Ս. Աստուածածինի ծննդեան տօնին առիթով: Երկու նախագահները քննարկեցին երկրի ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի կացութիւնն ու վերջին նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք արձանագրուած զարգացումները: Հանդիպումէն ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Պաապտայի պալատէն մեկնելու ընթացքին բաւարարուեցաւ լրագրողներուն ըսելով. «Մեր մեծ մօր` Մարիամի օրհնութեամբ ամէն...

Ակնարկ.  Իսրայէլի Աքիլէսեան Կրունկները

Ակնարկ. Իսրայէլի Աքիլէսեան Կրունկները

Լիբանանի կառավարութեան սպասուած նիստը նոյնքան սպասուած արդիւնք ունէր: Շիի համայնքի նախարարները լքած են կառավարութեան նիստերու դահլիճը այն պահուն, որ զինաթափումի օրակարգը քննարկումի հուն մտած է: Դիրքորոշումի քաղաքական տրամաբանութիւնը պարզ է: Զինաթափում կարելի չէ քննել, այնքան ատեն որ Իսրայէլ չի յարգեր իրեն վերապահուած յանձնառութիւնները: Կը շարունակէ վերահսկել լիբանանեան գերիշխան տարածքներ, խախտել հրադադարը, հատել լիբանանեան օդային տարածքները եւ թիրախաւորել ու հարուածել Հըզպալլայի...

Յառաջիկայ Օրերուն Հայաստանի Մէջ  Ռուբինեան-Քըլըչ Հանդիպում

Յառաջիկայ Օրերուն Հայաստանի Մէջ Ռուբինեան-Քըլըչ Հանդիպում

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ յառաջիկայ օրերուն Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի հանդիպումը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան: Նախքան այդ, թրքական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, թէ Հայաստանն ու Թուրքիան յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան Մարգարա-Ալիջան սահմանային անցակէտի գործունէութեան վերաբերեալ առաջին հանդիպում: Ըստ լրատուամիջոցներուն, այս նպատակով անցակէտի ճամբով Հայաստան պիտի...

Աուն Զօր. Քուփըրին Կոչ Ուղղեց Ճնշում  Բանեցնելու Իսրայէլի Վրայ, Որպէսզի Հեռանայ Լիբանանէն

Աուն Զօր. Քուփըրին Կոչ Ուղղեց Ճնշում Բանեցնելու Իսրայէլի Վրայ, Որպէսզի Հեռանայ Լիբանանէն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր ընդունեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատար ծովակալ Պրատ Քուփըրը եւ անոր կոչ ուղղեց ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի հեռանայ հարաւային Լիբանանի մէջ իր բռնագրաւած հողերէն, լիբանանեան բանակին մինչեւ միջազգային սահմաններ տեղակայումը կարելի դարձնելու համար: Ան ամերիկացի ծովակալին նաեւ կոչ ուղղեց կեանքի կոչել թշնամական արարքի հսկողութեան յանձնախումբին` «Մեքանիզմ»-ի աշխատանքը, որպէսզի երաշխաւորէ նոյեմբեր 2024-ին գոյացած զինադադարի...

Մերժելով Մոսկուա Երթալու Հրաւէրը.  Զելենսքի Փութինը Կը Հրաւիրէ Քիեւ

Մերժելով Մոսկուա Երթալու Հրաւէրը. Զելենսքի Փութինը Կը Հրաւիրէ Քիեւ

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինը հրաւիրած է Քիեւ` բանակցութիւններու, ընդգծելով, որ ինք չի կրնար Մոսկուա երթալ: Ուքրանիոյ նախագահը ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է. «Ան կրնայ Քիեւ գալ: Ես չեմ կրնար Մոսկուա երթալ, երբ իմ երկիրը հրթիռներու տակ է, ամէն օր յարձակման տակ է: Ես չեմ կրնար երթալ ահաբեկիչի մայրաքաղաք»: Զելենսքի աւելցուցած է, որ Փութինի`...

Ռուսական Բանակը Յարձակած Է Քիեւի Վրայ.  Հրդեհուած Է Կառավարութեան Շէնքը

Ռուսական Բանակը Յարձակած Է Քիեւի Վրայ. Հրդեհուած Է Կառավարութեան Շէնքը

Ռուսական բանակը 7 սեպտեմբերի գիշերը զանգուածային յարձակում սկսած է Քիեւի վրայ: Անօդաչու թռչող սարքի հաւանական խոցման ժամանակ կառավարութեան շէնքին մէջ հրդեհ բռնկած է: Այս մասին «Առ.Պի.Քէյ-Եուքրէյն»-ին յայտնած է Ուքրանիոյ մայրաքաղաքի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքօ: «Փեչերսքի շրջանին մէջ, անօդաչու թռչող սարքի հաւանական խոցման հետեւանքով կառավարութեան շէնքին մէջ հրդեհ բռնկած է», ըսած է ան: Քլիչքօ նաեւ աւելցուցած է, որ Սվիոթոշինսքի շրջանին մէջ եւս...

Շիի Նախարարները Հեռացան Նիստէն.  Կառավարութիւնը «Ողջունեց»  Զէնքի Մենաշնորհման Բանակի Ծրագիրը

Շիի Նախարարները Հեռացան Նիստէն. Կառավարութիւնը «Ողջունեց» Զէնքի Մենաշնորհման Բանակի Ծրագիրը

Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր ժողովը: Նախքան այդ, նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ունեցան առանձին հանդիպում մը: Շուրջ երեք ժամ տեւողութեամբ նիստին սկիզբը նախարարները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը քանի մը օր առաջ մահացած նախկին նախարար ու երեսփոխան Հասան Ռիֆայիի: Նախագահ Աուն նախարարաց խորհուրդին յայտնեց, թէ որոշած է Քրէական դատարանի...

Քաց «Դժոխքի Դռներ»-ուն  Բացումը Յայտարարեց

Քաց «Դժոխքի Դռներ»-ուն Բացումը Յայտարարեց

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ յայտարարեց, որ «հիմա դժոխքի դռները կը բացուին», որմէ ետք իսրայէլեան օդուժը սկսաւ Կազայի մէջ բարձրայարկ շէնքերու վրայ իրերայաջորդ յարձակումներ գործել: Քաց աւելցուց. «Երբ դուռը բացուի, պիտի չփակուի, եւ մեր գործողութիւնները աստիճանաբար պիտի աւելնան, մինչեւ որ Համաս ընդունի պատերազմին վերջ տալու մեր պայմանները: Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, որ օրերու ընթացքին յարձակում պիտի գործէ զինուորական...

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Փութինի Հետ  Պիտի Խօսիմ»

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Փութինի Հետ Պիտի Խօսիմ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ռուս-ուքրանական պատերազմը մինչեւ հիմա իր գործ ունեցած տագնապներուն մէջ ամէնէն դժուարն է, հակառակ այն իրողութեան, որ յաջողած է շարք մը պատերազմներու վերջ տալ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Ան աւելցուց, որ իր երկիրը «շատ շուտով» հաղորդակցութիւններու նման իր ներածումներուն վրայ համեմատաբար մեծ մաքսատուրքեր պիտի հաստատէ: Թրամփ յայտարարեց, որ մօտ օրէն Ռուսիոյ նախագահ...

Փութին. «Պատրաստ Ենք Ուքրանիոյ Հետ  Վեհաժողովի, Եւ Զայն Գումարելու  Լաւագոյն Վայրը Մոսկուան Է»

Փութին. «Պատրաստ Ենք Ուքրանիոյ Հետ Վեհաժողովի, Եւ Զայն Գումարելու Լաւագոյն Վայրը Մոսկուան Է»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դարձեալ մերժած է Ուքրանիոյ մէջ արեւմտեան երկիրներու զօրքերու տեղակայման կարելիութիւնը` նշելով, որ եթէ եւրոպացի զինուորները պատերազմի ընթացքին այնտեղ յայտնուին, Ռուսիան զանոնք «օրինական զինուորական թիրախներ» պիտի նկատէ: Ան այս մասին յայտարարած է Վլատիվոսթոքի մէջ` Արեւելեան տնտեսական համախմբումի լիագումար նիստի ընթացքին: Փութինի համաձայն, պատերազմի աւարտէն ետք Ուքրանիոյ մէջ արեւմտեան ուժերու տեղակայման անհրաժեշտութիւն պիտի չըլլայ: Ռուսիոյ նախագահը նաեւ յայտարարած...

Page 75 of 795 1 … 74 75 76 … 795

Արխիւներ