Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Բանակցութեան Ընտրանքը, Որուն Կոչ Ուղղեցի, Լիբանանեան Միասնական Ընտրանք Է, Սակայն Իսրայէլ Տակաւին Իր Դիրքորոշումը Չճշդեց»

November 5, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Նետերլանտներու պաշտպանութեան նախարար Ռուպեն Պրեքելմանզը` ներկայութեամբ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսայի:

Նախագահ Աուն նշեց. «Եւրոպայի շահերէն կը բխի, որ Լիբանան կայուն ըլլայ»:

Ան գնահատեց Նետերլանտներուն լիբանանեան բանակին տրամադրած աջակցութիւնը` նշելով, որ Լիբանան փափաք ունի ամրապնդելու տարբեր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները:

Նախագահը նետերլանտցի նախարարին ներկայացուց ընդհանրապէս Լիբանանի եւ մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը` բացատրելով այն առաքելութիւնը, որ լիբանանեան բանակը կը կատարէ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ:

«Լիբանան յանձնառու դարձաւ համաձայնութեան, որ յայտարարուեցաւ նոյեմբեր 2024-ին, իսկ Իսրայէլ կը շարունակէ այդ համաձայնութիւնը խախտել, ինչպէս նաեւ միջազգային որոշումները, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը խախտել, շարունակելով իր թշնամական արարքները եւ ռմբակոծելով մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի մէջ  լիբանանեան շրջանները, ու լիբանանցի գերիները պահել», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

«Եւրոպական աջակցութիւնը հիմնական է, եւ Լիբանան անհամբեր կը սպասէ եւրոպական պետութիւններու ազդու դերակատարութեան` Իսրայէլը ստիպելու դադրեցնել Լիբանանի դէմ իր յարձակումները եւ ընդառաջել իր բռնագրաւած հողերէն հեռանալու ու ներկայ կացութեան վերջ տալու լիբանանեան փափաքին», նշեց նախագահ Աուն:

Միւս կողմէ, Նետերլանտներու պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը վճռակամ է շարունակելու լիբանանեան բանակին իր աջակցութիւնը:

Ան գնահատեց լիբանանեան բանակին լիբանանեան բոլոր շրջաններուն, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ ստանձնած առաքելութիւնները, եւ այն, ինչ որ իրագործեց Լիբանանի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան մակարդակի վրայ:

Նետերլանտցի նախարարը նշեց, որ իր երկիրը մտադիր է Լիբանանին օգնելու եւ այդտեղ ներդրումը քաջալերելու:

Ան անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան կառավարութեան սկսած բարեկարգումներու շարունակումը եւ նախագահ Աունը հրաւիրեց Նետերլանտներ այցելելու:

 

 

Նախորդը

Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւններու Հարցին` Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը, Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ, Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»

Յաջորդը

Բագրատունի Հանդիպում Ունեցաւ Կիպրոսի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.