«Աքսիոս» կայքը, մէջբերելով ամերիկեան պաշտօնական փաստաթուղթ մը, հաղորդեց. «Ամերիկայի իշխանութիւնները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի շարք մը անդամներուն յղեցին Կազայի մէջ միջազգային ուժ ստեղծելու նախագիծ մը, որուն հիմամբ Միացեալ Նահանգներուն եւ ուժին մասնակից պետութիւններուն լայն լիազօրութիւն կը տրուի մինչեւ 2027 թուականի աւարտը Կազային իշխելու եւ այդտեղ անվտանգութիւն ապահովելու, որուն զուգահեռ «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ը առնուազն մինչեւ նոյն թուական կանգուն կը մնայ»:
Ըստ համաձայնագիրին, միջազգային ուժին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ Կազայի, Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի հետ սահմաններուն վերահսկել, քաղաքայիններն ու մարդասիրական անցքերը պատրաստել եւ առաքելութեան գործադրութեան մասնակից պաղեստինեան ոստիկանական ուժ մը մարզել:
Միջազգային ուժը աշխատանք պիտի տանի Կազայի մէջ ապահովական մթնոլորտի կայունութեան ապահովման` երաշխաւորելով զինաթափման գործողութիւն մը, քանդելով զինուորական ենթակառոյցները եւ արգիլելով անոնց վերականգնումը:
Իսրայէլեան ապահովական ուժերը կրնան Կազայի համաձայնութեան աջակցելու յաւելեալ առաքելութիւն ստանձնել, իսկ միջազգային ուժին մաս պիտի կազմեն շարք մը պետութիւններ, այդ ուժը պիտի կազմուի «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ին հետ խորհրդակցաբար:
Ամերիկացի պաշտօնատարը «Աքսիոս»-ին նաեւ յայտնած է, թէ նախագիծը յառաջիկայ օրերուն ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն միջեւ բանակցութեան նիւթ պիտի դառնայ, որպէսզի յառաջիկայ շաբաթներուն անոր շուրջ քուէարկութիւն կատարուի` առ ի պատրաստութիւն Կազայի մէջ առաջին ուժերը յառաջիկայ յունուարին տեղակայելու:
Փաստաթուղթը կ՛ընդգծէ դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններու հոսքի ամբողջական վերականգնման եւ զայն միայն խաղաղ նպատակներով օգտագործելու կարեւորութիւնը:
Ամերիկեան փաստաթուղթը կը նշէ, թէ որեւէ կազմակերպութիւն, որ օժանդակութիւնները կը չարաշահէ, զանոնք ստանալու անարժան պիտի նկատուի:
Ամերիկեան նախագիծը կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ զինադադարի հաստատման համար շինիչ դերակատարութիւնը` նշելով, որ կայունութեան միջազգային ուժի ֆինանսաւորումը պիտի կատարուի նուիրատու կողմերէն կամաւոր կերպով, եւ ուժին մաս պիտի կազմեն շարք մը պետութիւններ` Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի հետ խորհրդակցաբար:


