ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները երէկ` հինգշաբթի, 6 նոյեմբերին ցոյց մը կատարած են կառավարութեան շէնքին դիմաց: Ցոյցը արձագանգ էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին սպառնալիքներուն եւ Հայաստանի կառավարութեան լռութեան:
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ժորա Ավդալեան իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ Քաղաքացիական պայմանագիրի երազանքի «խաղաղութեան» պայմաններուն մէջ Արցախը հայաթափուեցաւ, իսկ Ալիեւ կը շարունակէ յոխորտալ:
«Մեզի համար Ազրպէյճանի նպատակները միշտ եղած են յստակ եւ ակներեւ` ոչ թէ խաղաղութիւն, այլ Հայաստանի ենթարկում ազրպէյճանական շահերուն, ոչ թէ փոխադարձ յարգանք, այլ զաւթում, ոչ թէ յարձակողական հռետորաբանութենէ եւ ատելութեան տարածումէ հրաժարում, այլ սեփական թէզերի յառաջխաղացում գործող իշխանութիւններուն օգնութեամբ: Պաքուն կը ձգտի Հայաստանի ինքնիշխանութեան սահմանափակման: Սեւանայ լիճի սեփականացման քարոզչական գործընթացը, որ սկսած է Ալիեւը, որուն ջանք չխնայելով կ՛աջակցին ազրպէյճանական շահերու պաշտպաններ Ռուբէն Ռուբինեանը, Նիկոլ Փաշինեանը, Ալեն Սիմոնեանը եւ այլ գործիչներ, երեւի անոնք չեն գիտեր, որ հայ ժողովուրդը ունի պատմական յիշողութիւն: Ալիեւի յայտարարութիւնը քարոզչական հնարք է, որ նպատակ ունի բնականոնացնել պատմական փաստերու կեղծումը», ըսաւ ան:
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամ Սթելլա Յունանեան իր կարգին մէջբերում կատարեց Ռուբէն Ռուբինեանի գրառումէն հատուածի մը, որմէ ետք ներկայացուց Ալիեւի յոխորտանքներուն արժանավայել հակադարձելու տարբերակները:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ-ի անդամ, հրապարակախօս, վերլուծաբան Վաչէ Բրուտեան նշեց, որ Ալիեւի սպառնալիքներուն եւ յոխորտանքներուն համարժէք պատասխանելու փոխարէն, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը կը լղոզէ Ալիեւի ըսածները` փորձելով թմրեցնել հայ ժողովուրդի զգօնութիւնը:


