Դեմոկրատական թեկնածու, Տանըլտ Թրամփի ընդդիմախօս Զոհրան Մամտանի ընտրուեցաւ Նիւ Եորքի քաղաքապետ:
Ծագումով հնդիկ 34-ամեայ Մամտանի պարտութեան մատնեց Նիւ Եորքի նախկին նահանգապետ Էնտրիւ Քոմոն եւ հանրապետական Քորթիս Սլիոան:
Ան այսպիսով յունուարին պիտի դառնայ Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն քաղաքի առաջին իսլամ քաղաքապետը:
Մամտանի յայտնեց, որ իր վճռական յաղթանակը Միացեալ Նահանգներու նախագահը պարտութեան մատնելու ուղին ցոյց կու տայ:
«Եթէ կայ մէկը, որ կրնայ Տանըլտ Թրամփի կողմէ դաւաճանուած ժողովուրդի մը ցոյց տալ զինք պարտութեան մատնելու ուղին, ապա զինք իր պաշտօնին հասցուցած քաղաքն է», ըսաւ ան:
«Նիւ Եորքը պիտի մնայ ներգաղթեալներու քաղաք, քաղաք, որ կառուցուած է ներգաղթեալներու կողմէ, ղեկավարուած է ներգաղթեալներու կողմէ եւ, այսօր երեկոյէն սկսեալ, պիտի ղեկավարուի ներգաղթեալի կողմէ: Նիւ Եորքը քաղաքական այս խաւարի ժամանակաշրջանին լոյս պիտի ըլլայ», աւելցուց ան:
Մամտանի նաեւ յայտարարեց. «Ես իսլամ եմ, ընկերվարական ու դեմոկրատական եմ, եւ կը մերժեմ անոնցմէ ոեւէ մէկուն համար ներողամտութիւն հայցել: Նիւ Եորքը այլեւս պիտի չըլլայ քաղաք, ուր դուք կրնաք իսլամաֆոպիա տարածել եւ ընտրութիւններուն մէջ յաղթել: Քաղաքականութիւնը այլեւս մեզ ետ պահող բան չէ, այլ այն, ինչով մենք կը զբաղինք»:
Անոր համաձայն, Նիւ Եորքը այլեւս պիտի չըլլայ քաղաք մը, ուր Թրամփ կրնայ իսլամաֆոպիա տարածել եւ ընտրութիւններուն մէջ յաղթել:
Դեմոկրատականներ Ապիկէյլ Սփանպըրկըր եւ Միքի Շերըլ իրենց կարգին Վըրճինիայի եւ Նիւ Ճըրզիի կառավարիչ ընտրուեցան:


