Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Լիբանանցիներուն Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ. «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու Մեր Օրինական Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Հըզպալլա

November 7, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլա երէկ իշխանութեան երեք պետերուն եւ լիբանանցիներուն յղեց բաց նամակ մը, որուն մէջ նշեց. «Զէնքի մենաշնորհման հարցը ի պատասխան արտաքին պահանջի կամ իսրայէլեան շանթաժի չի քննարկուիր, այլ ազգային ծիրին մէջ, ուր համաձայնեցուած է անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ ազգային գերիշխանութեան պաշտպանութեան համապարփակ ռազմավարութիւն»:

«Իբրեւ հիմնադիր բաղադրիչ Լիբանանի, զոր կ՛ընդունինք իբրեւ իր զաւակներուն վերջնական հայրենիքը, մենք կը հաստատենք բռնագրաւումին եւ յարձակումին դիմադրելու մեր օրինական իրաւունքը, ինչպէս նաեւ կանգնելու մեր բանակի եւ ժողովուրդի կողքին` մեր երկրի գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համար:

«Օրինական պաշտպանութիւնը խաղաղութեան կամ պատերազմի որոշումին մէջ չի մտներ, այլ մենք կը կիրարկենք մեր իրաւունքը` պաշտպանուելու այն թշնամիէն, որ մեր երկրին պատերազմ կը պարտադրէ եւ իր յարձակումները չի դադրեցներ, այլ կ՛ուզէ ընկճել մեր պետութիւնը», շեշտեց Հըզպալլա:

«Հակառակ անոր որ  կառավարութեան կողմէ զէնքի մենաշնորհի վերաբերեալ շտապողական որոշումը որոշներու կողմէ թշնամիին եւ անոր կողմնակիցներուն ներկայացուեցաւ իբրեւ լիբանանեան բարի կամքի դրսեւորում, թշնամին կառավարութեան այս սխալը օգտագործեց` իբրեւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման պայման պարտադրելու Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան զինաթափման հարցը, որ նախատեսուած չէր զինադադարի յայտարարութեան մէջ եւ կարելի չէ զայն ընդունիլ կամ պարտադրել», ըսաւ կուսակցութիւնը:

«Թող բոլոր լիբանանցիները իմանան, թէ իսրայէլացի թշնամին միայն Հըզպալլան չի թիրախաւորեր, այլ թիրախը Լիբանանն է իր բոլոր բաղադրիչ մասերով», շեշտեց Հըզպալլա:

Կուսակցութիւնը յայտնեց, որ առաջարկուող բանակցային «թակարդներուն» մէջ ներքաշուիլը թշնամիին յաւելեալ շահեր կ՛ապահովէ եւ Լիբանանին ոչինչ կու տայ: «Լիբանանը այժմ հետաքրքրուած է յարձակումը դադրեցնելով` համաձայն զինադադարի յայտարարութեան, եւ այդ նպատակին հասնելու համար սիոնական թշնամիին վրայ ճնշում գործադրելով: Ան բնաւ հետաքրքրուած չէ յարձակողական շանթաժին ենթարկուելով եւ սիոնական թշնամիին հետ քաղաքական բանակցութիւններու մէջ ներքաշուելով, որովհետեւ ատիկա չի համապատասխաներ ազգային շահերուն եւ կ՛ենթադրէ գոյաբանական ռիսքեր, որոնք կը վտանգեն լիբանանեան գոյացութիւնը եւ գերիշխանութիւնը»:

«Զարգացումներուն կը վերաբերինք մեկնելով այս պատկերացումէն` բոլորին վստահեցնելով, որ ներկայ պահը ջանքերու միատեղմանն է` դադրեցնելու համար խախտումները, յարձակումները եւ մեր երկրին դէմ սիոնական ոտնձգութիւնները եւ անկէ ետ մղելու ապահովական ու գոյութենական վտանգները` բարձր գնահատելով համբերութիւնը մեր տոկուն եւ հպարտ ժողովուրդին, որ մեզի հետ կը հանդուրժէ անարդարութիւնն ու յարձակումը` յոյս ունենալով պահպանել ազգային գերիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը:

«Մենք անոնց կը խոստանանք, որ պիտի կանգնինք պատիւի, արժանապատուութեան եւ արդարութեան դիրքերուն վրայ` պաշտպանելու մեր հողն ու մեր ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ իրականացնելու մեր սերունդներու եւ անոնց ապագայի յոյսերը», եզրափակեց Հըզպալլան:

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Յարձակումներու Մագլցում

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.