Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ 28 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան կենսագործունէութեան տարբեր մարզերուն մէջ ակնառու յաջողութիւններ արձանագրած անձնաւորութիւններու, պաշտպանութեան բանակի խումբ մը զինուորական ծառայողներու եւ ազատամարտիկներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն: 2015-ին մարմնակրթութեան մարզին մէջ բարձր արդիւնքներ արձանագրած արցախցի մարզիկները արժանացան նիւթական խրախուսումի:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կատարած կարեւոր բարեսիրութեան համար պարգեւատրուեցան «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի պատուոյ նախագահ, բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանն ու հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Լեւոն Սարգսեանը:
Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ պետութիւնը կ՛արժեւորէ եւ կը գնահատէ հայրենանուէր գործունէութիւնն ու ծառայութիւնը` յոյս յայտնելով, որ այս պարգեւները խթան պիտի հանդիսանան աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը հետեւողականօրէն բարձրացնելու համար:
Նախագահը շնորհաւորած է ներկաները գալիք Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով` բոլորին մաղթելով խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, երջանկութիւն ու ամենայն բարիք:
Արարողութեան կը մասնակցէին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձիք:


