Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երէցները Պատուելու Եւ Զանոնք Ուշադրութեան Արժանացնելու Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Ողջունելի Նախաձեռնութիւնը

Դեկտեմբեր 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Municipality1_122915

Տօնական օրերուն ընթացքին երէցն ու մանուկը, ուշադրութեան ու գուրգուրանքի արժանին յիշելն ու անոր նկատմամբ մարդկային պարտականութիւնը կատարելը անգին նուէրի մը համազօր կրնան ըլլալ ոեւէ անձի համար: Այս հաւատքով ու համոզումով է, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը աւանդութիւն դարձուցած է Նոր տարուան առիթով կազմակերպել ամանորեան հանդիսութիւններ` մանուկներու, աշակերտներու եւ երէցներու յատուկ:

Municipality_122915

Երեքշաբթի, 29 դեկտեմբերին  ի պատուի էին ալեհեր ու օրհնաբեր ծերունիներ, որոնք իրենց երկար տարիներու ժրաջան աշխատանքէն ետք, լաւ ու վատ օրերը տարբեր սերունդներու հետ բաժնեկցելէ ետք, այսօր արդէն հեռու են այդ բոլորէն: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրաւէրով Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ համախմբուած էին Պուրճ Համուտի մէջ ապրող երէց սերունդի ներկայացուցիչները` տօնական մթնոլորտէն եւ ուրախութենէն իրենց բաժինը ունենալու համար:

Այս առիթով հայերէնով եւ արաբերէնով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան, որ դիտել տուաւ, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը միշտ նախանձախնդիր եղած է Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօները կարելի եղածին չափ նշելու շրջանի բնակչութեան հետ: Ճորճ Գրիգորեան աւելցուց, որ այս ծիրին մէջ շատ աւելի մեծ տեղ կը գրաւեն նաեւ երէց սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք ինքնին մեծ արժէք են: Փոխքաղաքապետը իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է ուրախ պահեր ստեղծել երէցներուն համար` յուսալով, որ անոնք այս առիթով դուրս գան իրենց միօրինակ առօրեայէն եւ գէթ քանի մը ժամ ապրին տօնական եւ ճոխ մթնոլորտ մը:

Օրուան հանդիսավարն էր Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Ֆիզիքական ճկունութեան եւ հետաքրքրական խաղեր, պալէ եւ այլ պարեր ներկայացուցին «Ֆենթեսթիք ուըրլտ» խումբի տղաքն ու աղջիկները:

Մթնոլորտը ճոխացուց Արարատ Ահարոնեան, որ հայերէն եւ արաբերէն երգերով խանդավառեց ծերունիները, որոնք պարեցին, շուրջպար բռնեցին եւ իրենց դանդաղ քայլերով անգամ փորձեցին վայելել պահը:

Այնուհետեւ բոլոր ծերունիներուն բաժնուեցան գեղեցիկ, արժէքաւոր եւ պիտանի նուէրներ:

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Պիտի Քննարկէ Թուրքիոյ Մէջ Կրակմարի Դրութեանց Հարցը

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?