Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաստակաշատ Բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ

December 31, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Khedeshian_123015

Երէկ` չորեքշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ բազմավաստակ դերասան եւ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց  թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, հայ եւ օտար դերասաններու, բեմադրիչներու, գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու:

Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Խտըշեանի կենսագրականին եւ գործունէութեան` վեր առնելով անոր վաստակը իբրեւ դերասան եւ բեմադրիչ, որ արուեստի աղն ու լոյսը եղաւ եւ տարածեց այս լոյսը իր հիմնած «Թատրոն 67» թատերախումբին, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բեմերու ընդմէջէն:

Այնուհետեւ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն: Մատրան մէջ տեղի ունեցած արարողութենէն ետք Զաւէն Պաաքլինի կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի եւ հայրենի վաստակաշատ հանգուցեալ դերասան Սօս Սարգսեանի կնոջ յղած ցաւակցական գիրերը: Ապա դամբանական խօսքեր արտասանեցին դերասան եւ բեմադրիչ Մունիր Քեսրուանի, դերասաններու սենտիքայի նախագահ Ժան Քասսիս եւ Համազգայինի ընտանիքին անունով` Յակոբ Լատոյեան, որոնք հաստատեցին թատրոնին նկատմամբ Խտըշեանի  ունեցած ներդրումը, նաեւ վաստակաւոր ուսուցիչ ըլլալու հանգամանքը` շեշտելով,  որ ան իր յատուկ դրոշմը ձգեց թատերական կեանքին մէջ` նոր կեանք եւ նոր շունչ տալով անոր:

Նշենք, որ դամբանական խօսքերը յառաջիկային լոյս պիտի ընծայուին ամբողջութեամբ:

 

 

Նախորդը

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ճամբան Ծառայութեան Ճամբան Է», Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներ. «Արջուկ Կաղանդ Պապան» Մանկապատանեկան Թատերախաղի Ներկայացում

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.