Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Գաղութը Կորսնցուց Վաստակաշատ Դերասան Եւ Բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը

Դեկտեմբեր 29, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Varoujan-Khedeshian_122815Երէկ լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն, բազմավաստակ դերասան եւ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը, որ տասնամեակներ շարունակ իր անջնջելի դրոշմը դրաւ լիբանանահայ թատերական կեանքին վրայ:

Վարուժան Խտըշեան ծնած է 1937-ին, Ալէյ, Լիբանան: 16 տարեկանին սկսած է թատերական առաջին քայլերը Ժորժ Սարգիսեանի հետ:

1960-ին մեկնած է Լոնտոն, ուր հետեւած եւ աւարտած է Լոնտոնի «Վէպըր Տուկլաս աքատեմի աֆ տրամաթիք արթ» հիմնարկը:

1965-ին վերադարձած է Լիբանան եւ մաս կազմած Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին: Երկու տարի ետք հիմնած է «Թատրոն 67» թատերախումբը: Տարիներու ընթացքին «Թատրոն 67» եւ Համազգային «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին հետ ներկայացուցած է «Սալեմի վհուկները», «Գինը», «Կամուրջէն դիտուած», «Բոլոր զաւակներս», «Երկրորդ պողոտայի բանտարկեալը», «Կայսրը», «Հին աստուածներ», «Հանրային պարտէզի մէջ ոտաբոպիկ», «Երկնքի ճամբով», «Մեծ վարպետ Սոլենս», «Մինչեւ ո՞ւր», «Վենետիկի վաճառականը», «Շեփորդ հնչեցուր», «Մարա Սատ», «Վերակացուն», «Վենետիկեան երկուակներ», «Շերի նուար», «Բլրեցի Եփէն»,  «Ալաֆրանկա», «Հայաստանի լեռներուն սրնգահարը», «Արեւելեան ատամնաբուժը» եւ շարք մը այլ ներկայացումներ: Վ. Խտըշեան 1979-էն 1987-ին Հայաստանի մէջ բեմադրած է թատերական 5 ներկայացումներ եւ 1987-ին արժանացած «Պետրոս Ադամեան» շքանշանին (Խորհրդային ժամանակաշրջանին առաջին սփիւռքահայն էր, որ այս շքանշանը կը ստանայ): 2000-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ կը պարգեւատրուի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: Նոյն տարին կը պարգեւատրուի նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ` Համազգայինի շքանշանով: 2004-ին կը պարգեւատրուի Լիբանանեան Համալսարանի Գեղարուեստի բարձրագոյն հիմնարկին շքանշանով:  2008-ին իբրեւ պարգեւատրում կը ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութենէն ոսկի մետալ: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ձեռամբ կը պարգեւատրուի Ս. Սահակ Ս. Մեսրոպ շքանշանով:

Վ. Խտըշեան աւելի քան 20 տարի Լիբանանեան համալսարանին մէջ դասաւանդած է թատերական արուեստը: Երկար տարիներ ստանձնած է Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ղեկավարութիւնը:

Վ. Խտըշեան անգլերէնէ հայերէնի թարգմանած է 22 թատերական կտորներ:

Այս տխուր առիթով Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան Վարուժան Խտըշեանի ընտանիքին եւ գործակիցներուն յղեց ցաւակցագիր մը, որուն մէջ նշեց. «Մեր զօրակցութիւնն ենք յայտնում ձեզ` անհատուցելի կորստի ցաւը յաղթահարելու համար եւ մաղթում ենք ոգու ամրութիւն»:

 

 

 

Նախորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ս. Ծննդեան Հոգեւոր Համերգի Առիթով` «Մենք Պէտք Ունինք Մարդուժի, Ամէնուրեք Պէտք Ունինք Ուսուցիչներու Եւ Մտաւորականներու» Ընդգծեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?