Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չորս Օրերու Վրայ Երկարող Զինուորական Գործողութիւններէ Ետք Երկկողմանի Զինադադարի Պայմանաւորուածութիւն

Ապրիլ 6, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

41741_40516

Ֆրանսայի Եւրոպական Հարցերու Նախարարը
Շեշտը Կը Դնէ Ինքնորոշման Իրաւունքին Վրայ

Հակառակորդին Կողմէ Գրաւուած Բոլոր Յենակէտերը
Եւ Դիրքերը Վերադարձան Հայկական Կողմին

Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական գործողութիւններու սանձազերծումէն 4 օր ետք եւ այնպիսի մթնոլորտի մէջ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան թէ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ զգալի էր զօրաշարժի մթնոլորտը` զօրակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, երէկ կէսօրին գոյացաւ երկկողմանի պայմանաւորուածութիւն` զինադադար յայտարարելու:

Մինչ այդ, անցնող երկու օրերուն միջազգային անդրադարձները շարունակուեցան Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` կոչ ուղղելով միայն բանակցային միջոցներով ղարաբաղեան տագնապին լուծում մը գտնելու: Սակայն այս իմաստով ալ Ֆրանսայէն առաջին անգամ ըլլալով տարբեր ձայն մը հնչեց: Ֆրանսայի եւրոպական հարցերու նախարար Արլեմ Տեզիր աննախընթաց յայտարարութեամբ մը շեշտը դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին վրայ:

Տարբեր երկիրներու հայկական գաղութներուն մէջ, իբրեւ ընդվզում ազրպէյճանական արկածախնդրութեան դէմ, կը շարունակեն թափ հաւաքել տեղւոյն հայկական հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ Հայ դատի յանձնախումբերուն նախաձեռնած բողոքի ելոյթները եւ ժողովրդային շարժումները: Նմանօրինակ երիտասարդական զօրակցական հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ: Հաւաքին ընթացքին լիբանանահայութիւնը բողոքի իր ձայնը պիտի բարձրացնէ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ եւ ռազմատենչ քաղաքականութեան դէմ:

Զգուշաւոր Զինադադարի Հաստատում

Երէկ` շուրջ կէս գիշերին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը հաստատեց, որ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակումին իբրեւ հետեւանք հակառակորդի հսկողութեան տակ յայտարարուած բոլոր մարտական յենակէտերն ու դիրքերը վերադարձած են իրենց հակակշիռին տակ:

viktor-arustamyan_40516

Այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի գործադիր բաժինի պետ գնդ. Վիքթոր Առուստամեան:

Ըստ Առուստամեանի, նախկին դիրքային համակարգը վերականգնուած է, եւ Ազրպէյճանի հակակշիռին տակ այլեւս դիրքեր չկան:

Առուստամեան նշեց, որ երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին զինուորական գործողութիւններու դադրեցնելու պայմանաւորուածութեան ձեռք բերումէն ետք, հակառակորդը շարունակած է  գնդակոծութիւնները, բայց ոչ նախկին աշխուժութեամբ:

«Ապրիլի 5-ի դրութեամբ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ ուժերու շփման գիծին ամբողջ երկայնքով արձանագրուած բախումներուն պատճառով հայկական կողմը ունի 29 զոհ, 28 անյայտ կորած եւ 101 վիրաւոր», ընդգծեց Առուստամեան:

Խօսելով հակառակորդի կորուստներուն  մասին` Առուստամեան նշեց, որ Ղարաբաղի բանակի հետախոյզները յաջողած են ձեռք բերել ազրպէյճանցի բարձրաստիճան սպաներու կարեւոր խօսակցութեան ձայնագրութիւն մը, որուն մէջ կը հաստատուի, որ ազրպէյճանական կողմը ունի աւելի քան 2000 կորուստ (զոհեր եւ վիրաւորներ):

Առուստամեանի համաձայն, այս օրերուն ընթացքին թշնամի ուժերուն կորսնցուցած հրասայլերուն թիւը հասած է 24-ի, ոչնչացուած է նաեւ 5 զրահապատ, ինչպէս նաեւ ջախջախուած է 12 անօդաչու թռչող սարք:

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեան յայտնած էր, որ ղարաբաղեան տագնապի գօտիին վրայ, 5 ապրիլի կէսօրուան ժամը 12:00-էն ի վեր յարաբերական խաղաղութիւն կը տիրէ:

Հասրաթեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ զինադադարը փոխհամաձայնեցուա՞ծ է, ըսած է. «Մենք կը գործադրենք ղեկավարութեան` կրակը միակողմանի դադրեցնելու հրամանը»:

«Արցախեան բանակը համապատասխան գործողութիւններով խոցելի դարձուցած է հակառակորդի աշխուժութիւնը` վերադարձնելով իր կորսնցուցած դիրքերը», նշած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հակառակորդը արդեօք վերսկսա՞ծ է կրակոցները Մատաղիսի ուղղութեամբ` Սենոր Հասրաթեան ըսած է. «Այո՛, որոշ հատուածներու մէջ հակառակորդը խախտած է պայմանաւորուածութիւնը, եւ վերսկսած են կրակոցները, սակայն ոչ նախկին աշխուժութեամբ»:

Ըստ անոր, պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները պատասխան քայլերու չեն ձեռնարկած` հաւատարիմ մնալով զինադադարի պայմանաւորուածութեան:

donoian_40516

Աւելի ուշ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փակ քննարկման ներկայացած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան լրագրողներուն հետ զրուցած ատեն յայտնած է, որ` «զինադուլի ձեւաչափ սահմանուած չէ, կան պայմանաւորուածութիւններ անոր հասնելու համար»:

Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը կը յայտարարէր, թէ Ղարաբաղի զինուժը հաւատարիմ է կրակը դադրեցնելու պայմանաւորուածութեան, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան հաստատեց, որ սահմանը համեմատաբար հանգիստ է:

Ա. Յովհաննիսեան շեշտեց նաեւ, որ իրականութեան մէջ թշնամիին մարդկային կորուստները չափազանց մեծ են, քան մինչ այդ յայտնուած տուեալները:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեանի համաձայն, այս հանգրուանին կարելի է հաստատել միայն մասնակի հրադադարի իրականութիւնը: «Ռմբակոծումը դադրած է եւ սահմանին վրայ յարաբերական անդորր կը տիրէ: «Տեսնենք` որքան կը տեւէ, ըստ այնմ կը տեսնենք ինչպիսի զարգացումներ կ՛արձանագրուին: Իսկ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռուածութիւնը ընդհանրապէս չէ խախտած:

Նշենք, որ 4 ապրիլին Բաբայեան հայկական եւ արտասահմանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ Ստեփանակերտը թիրախ դարձնելու յայտարարութիւնը ահաբեկչական պետութեան յայտարարութիւն է, «եւ եթէ ան այդ քայլին դիմէ, ապա անոր կը հետեւի հայկական կողմին պատասխանը: Մենք, անշուշտ, չենք ուզեր Պաքուն թիրախ դարձնել, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ անկարող ենք ատիկա ընել»:

Նշենք, որ ազրպէյճանական ուժերը երէկ «Սմերչ» հրթիռներով ռմբակոծեցին նաեւ Տաւուշի մարզի Բերդաւան եւ Կոթի բնակավայրերը, ինչպէս նաեւ Հատրութի շրջանը, ուր «Սմերչ» տիպի հրթիռներուն մեծ մասը չպայթեցաւ:

Նշենք նաեւ, որ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու «Զվեզտա» պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի ընկերութիւնը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի հիւսիսային սահմանին` Տաղստանի մէջ 4 ապրիլին տագնապի ազդանշանով ոտքի հանուած են Ռուսիոյ հարաւային ռազմական շրջանի ստորաբաժանումները:

Ինչպէս Հարաւային ռազմական շրջանի մամլոյ ծառայութենէն կը հաղորդեն, մարտավարական ռազմափորձերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան «Տալնի» բազմանկիւնին մէջ, կը մասնակցին շուրջ հազար զինուոր եւ 300 միաւոր սպառազինութիւն:

Ինչպէս յայտնած են պաշտպանութեան նախարարութենէն` տեղւոյն ստորաբաժանումներու զինուորները պէտք է հակադարձեն ռազմական սպառազինութեան շարասիւնի վրայ պայմանական հակառակորդի առաջնային ջոկատի յարձակումին, պաշտպանական դիրք գրաւեն եւ վարեն նշուած շրջանի պաշտպանութիւնը:

Ռազմափորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ 9 ապրիլ:

Փութին Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի
Կողմերուն Կոչ Ուղղած Է Անմիջապէս
Ապահովել Զինուորական Գործողութիւններու
Ամբողջական Դադրեցումը

Kremlin putin_40516

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Մանրամասն քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

Խոր մտահոգութիւն յայտնելով բազմաթիւ զոհերու պատճառ դարձած լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն առնչութեամբ` Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղած է երկու կողմերուն անմիջապէս ապահովելու զինուորական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցումը եւ հրադադարի դրութեան պահպանումը: Նշուած է, որ Ռուսիան կը գործադրէ եւ պիտի շարունակէ գործադրել անհրաժեշտ միջնորդական քայլեր, որոնք ուղղուած են իրավիճակի կայունացման:

Ընդգծուած է նաեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման նպատակով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աջակցութեամբ, բանակցութիւններու վերսկսման կարեւորութիւնը: Համաձայնութիւն գոյացած է տարբեր ձեւաչափերու մէջ շարունակելու խորհրդակցութիւնները:

«Եթէ Զինուորական Գործողութիւնները Ստանան
Լայնածաւալ Տարողութիւն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը
Պիտի Ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Անկախութիւնը»
Հաստատեց Նախագահ Սարգսեան

16957_b

4 ապրիլին ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 1-2 ապրիլ լուսցող գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին մասին, լուսարձակի տակ առած է Թուրքիոյ ոչ կառուցողական դիրքորոշումը, ազրպէյճանական ապատեղեկատուութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է փոխզիջումներ կատարելու նախապայմաններուն` հաստատելով, որ գետնի վրայ զինուորական գործողութիւններու սկսման պատասխանատուն Ազրպէյճանն է: Ան նաեւ ԵԱՀԿ-ի անդամները հրաւիրած է իրենց դիրքորոշումներուն մէջ սկզբունքային ըլլալու, հրաւիրելու Ազրպէյճանը յարգելու զինադադարի համաձայնագիրին պայմանները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ յայտարարած է, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները շարունակուին եւ աւելի լայնածաւալ դառնան, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

«Նման տարողութեամբ գործողութիւններ չեն արձանագրուած 1994 թուականի զինադադարի հաստատումէն ի վեր: Ազրպէյճան կը շարունակէ թիրախ ունենալ խաղաղ բնակչութիւնը` օգտագործելով հրթիռահրետանային կայանքներ եւ հրանօթներ: Այսպէս կոչուած «միակողմանի զինադադար»-ի յայտարարութենէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի շրջաններուն ուղղութեամբ գործած է Ազրպէյճանի հրետանին: Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իբրեւ 1994 թուականի Զինադադարի համաձայնագիրի կողմ, պիտի շարունակէ լիարժէքօրէն կատարել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման իր պարտաւորութիւնները: Աւելի՛ն, ես հրահանգած եմ արտաքին գործոց նախարարութեան` աշխատիլ Լեռնային Ղարաբաղի հետ զինուորական փոխօգնութեան համաձայնագիր կնքելու ուղղութեամբ: Եւ այստեղ պէտք է նշեմ` միակ անգամը չէ, որ ես կը յայտարարեմ, որ եթէ, իրօք, զինուորական գործողութիւնները շարունակուին եւ ստանան լայնածաւալ տարողութիւն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը», հաստատած է նախագահ Սարգսեան:

Ան լուսարձակի տակ առած է, որ եթէ զինուորական գործողութիւնները սաստկանան, կրնայ ստեղծուիլ անկանխատեսելի եւ անդառնալի հետեւանքներով յղի կացութիւն, եւ կարելի է հասնիլ մինչեւ լայնածաւալ պատերազմի: «Ասիկա, բնականաբար, պիտի ազդէ ո՛չ միայն հարաւկովկասեան, այլ նաեւ եւրոպական շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան վրայ», յայտնած է Սերժ Սարգսեան:

Նախագահը լուսարձակի տակ առած է այն երեւոյթը, որ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միջնորդներուն կարգին տեսնել Թուրքիան, այսօր` ի տես պատերազմը հրահրելու անոր դիրքորոշման, կը հասկնան, որ «արիւնակցական անվտանգութեան» մօտեցում որդեգրած այդ երկիրը պէտք է ընդհանրապէս հեռու պահել ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթէն:

«ԵԱՀԿ-ի մասնակից երկիրներէն մէկը` Թուրքիան, որ յաճախ կը յիշեցնէ իր` Մինսքի խումբի անդամակցութեան մասին, որդեգրած է շրջանին մէջ մեծ պատերազմ հրահրելու դիրքորոշում եւ բացայայտօրէն կը քաջալերէ ազրպէյճանական ղեկավարութեան արկածախնդիր քաղաքականութիւնը: Ազրպէյճան կը պարծենայ իր իբր թէ արձանագրած յաղթանակով, իսկ Թուրքիան զայն կը շնորհաւորէ: Մինչ միջազգային հանրութիւնը կը դատապարտէ ուժի կիրարկումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, թէեւ միայն խօսքերով, Թուրքիան միակն է, որ աներկբայ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ազրպէյճանական արկածախնդրութեան: Անգարայի կողմէ այս իրավիճակէն առաջ եւ ետք կատարուած յայտարարութիւնները, որոնցմով այդ երկիրը կարծես թէ իր հակահայկական մօտեցումներով կը փորձէ մրցիլ Ազրպէյճանի հետ, կրնան ձեւաւորել շրջանային լարուածութեան նոր օճախ, բան մը, որուն փորձը Թուրքիան ունի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ», ըսած է Հանրապետութեան նախագահը:

Անդրադառնալով զինադադարի հաստատման վերաբերող համաձայնագիրին մասին շրջան ընող լուրերուն` Հայաստանի նախագահը նշած է, որ այսպէս կոչուած նոր «միակողմանի զինադադար»-ի մասին կարելի չէ խօսիլ, որովհետեւ Ազրպէյճանի կողմէ ստորագրուած 1994 թուականին զինադադարի եւ 1995 թուական զինադադարի ամրապնդման եռակողմ անժամկէտ համաձայնագիրները տակաւին ուժի մէջ են, եւ Ազրպէյճան ոչ թէ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, այլ իբրեւ միջազգային պարտաւորութիւն պէտք է հետեւի այդ փաստաթուղթերուն տառին եւ ոգիին: Ան աւելցուցած է, որ այս իմաստով մեծ դեր ունին միջնորդները, ինչպէս նաեւ զինադադարի խախտման իւրաքանչիւր դէպք պէտք է դառնայ մանրամասն ուսումնասիրութեան եւ գնահատականի առարկայ, քանի որ այդ է արդիւնաւէտ բանակցային հոլովոյթի գրաւականն ու շարժառիթը:

Ան ընդգծած է, որ` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիր, Հայաստան անհրաժեշտ կը նկատէ կոչ ուղղել ԵԱՀԿ-ի բոլոր անդամ երկիրներուն` իրենց կեցուածքներուն մէջ ըլլալու սկզբունքային: «Եթէ առկայ է կամք եւ ցանկութիւն ուղղելու իրավիճակը, ապա անհրաժեշտ է գործօն քայլերու ձեռնարկել այդ ուղղութեամբ եւ պարտադրել Ազրպէյճանին` յարգել 1994-ի զինադադարի դրութիւնը», հաստատած է Սերժ Սարգսեան:

Ան ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու դեսպանները տեղեակ պահած է այն մասին, որ ազրպէյճանցիները որեւէ տարածք չեն գրաւած: «Այս պահուն ամբողջ շփման գիծին երկայնքով ընդամէնը փոքրիկ հատուած մը հարաւը եւ փոքրիկ հատուած մը հիւսիսը, որ յոյս ունիմ մինչեւ մեր շփումը աւարտենք, այլեւս այդ հատուածը հիւսիսը պիտի չըլլայ, ընդամէնը 200-300 մեթր տարածք գրաւած են ազրպէյճանցիները` իւրաքանչիւր մեթրի համար տալով մէկէ աւելի սպաննուած»:

Ան հարց տուած է, որ յստակ չէ,՞, թէ այս լուրերով Ազրպէյճան կը փորձէ կրկին մոլորեցնել միջազգային հանրութիւնը եւ ստեղծել նախադրեալներ` իր կողմէ սանձազերծուած զինուորական գործողութիւնները եւ անոնց շարունակութիւնը քօղարկելու համար:

Հայաստանի նախագահը նաեւ հաստատած է, որ անկարելի է փոխզիջումներու մասին խօսիլ, այնքան ատեն որ չէ լուծուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին բուն պատճառը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը չէ ձերբազատած կրկին գաղութակցուելու վտանգէն:

«Ես բազմիցս խօսած եմ այն մասին, որ որեւէ տագնապի լուծման պարագային, յատկապէս` ինքնորոշման իրաւունքի համար պայքարող ժողովուրդներուն ճակատագիրին վերաբերող տագնապի, անհրաժեշտ է վերացնել տագնապին պատճառը եւ միայն անկէ ետք անցնիլ անկէ բխող բոլոր կարգաւորումներուն: Հայկական կողմը, եւ այդ մասին քաջատեղեակ են Մինսքի խումբի համանախագահները եւ հոս նստած այդ երկիրները ներկայացնող դեսպանները, երբեք չէ հրաժարած տագնապի լուծման վերաբերող տրամաբանական փոխզիջումներէն: Բայց այդ մասին խօսիլը իմաստ ունի այն ատեն, երբ կը լուծուի տագնապի բուն պատճառը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կ՛ազատուի կրկին գաղութակցուելու վտանգէն: Ոչ ոք կրնայ ժողովուրդի մը պարտադրել, որ գտնուի այնպիսի պետութեան մը մէջ, որ չ’արտացոլացներ այդ ժողովուրդին իղձերն ու արժէքները», շեշտած է նախագահ Սարգսեան:

– Նոյն օրը նախագահ Սարգսեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Բժշկական կեդրոնական համալիրի զինուորական հիւանդանոցին մէջ այցելած է  Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ մարտական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած զինուորներուն:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ նախագահ Սարգսեան բժիշկներուն հետ զրուցելով տեղեկացած է վիրաւորներուն առողջական վիճակին մասին, իր զօրակցութիւնը յայտնած է զինուորներուն` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով:

Սարգսեան. «Քարիւղի Յարբած Ազրպէյճանի
Ղեկավարութիւնը Չի Հասկնար,
Որ Ուժը Հրասայլերու Թիւին Մէջ Չէ»

Serj-yeraplour_40516

5 ապրիլին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ մասնակից դարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտական գործողութիւններուն ընթացքին զոհուած հետախոյզ-գնդացրորդ, պայմանագրային զինուոր, շարքային Սասուն Ֆահրադի Մկրտչեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան, որ տեղի ունեցած է զինուորական արարողակարգով:

Հանրապետութեան նախագահը ցաւակցութեան եւ զօրակցութեան խօսք ուղղած է յուղարկաւորութեան ընթացքին` հաստատելով նահատակութեան նուիրականութիւնը եւ դիտել տալով, որ այդ ոգիով օժտուածներուն կը պատկանի յաղթանակը:

«Այսօր մենք դէպի անմահութիւն կ՛առաքենք հայ զինուորը, որ իր անունը փառքով պսակեց, որ փառքով պսակեց զինք ծնած ընտանիքը: Մենք հոս ենք, որպէսզի գլուխ խոնարհենք Սասուն Մկրտչեանի եւ մեր մնացած նահատակներուն սխրագործութեան առջեւ:

Բոլոր անոնք, որոնք կը վիճին կամ կը կասկածին, թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ հայ ժողովուրդը հասաւ մինչեւ 21-րդ դար այս բարդ շրջանին մէջ, պէտք է հասկնան, որ պատասխանը հոս է` այստեղ հանգչող նահատակներուն գիտակցութեան մէջ, անոնց շրթներուն վրայ: Իմացեալ մահը անմահութիւն է: Մենք կռուած ենք, որպէսզի պաշտպանենք մեր տունը, մեր ընտանիքը, մեր ինքնութիւնը: Եւ այս շրջանին մէջ մեր այսօրուան լինելիութիւնը ամէնէն խօսուն ապացոյցն է, թէ մենք ինչպէ՛ս կրնանք կռուիլ: Հայ ժողովուրդի աչքին առջեւ քանի մը անգամ փոխուած է այս շրջանի ցեղային ու կրօնական կազմը: Ո՛վ ըսես եկած է, ո՛վ ըսես գացած է, կրկին պիտի գան ու երթան, բայց մենք եղած ենք, կանք ու պիտի ըլլանք, որովհետեւ մենք գիտենք յաւերժ ապրելու բանաձեւը:

«Այն, ինչ որ այսօր տեղի կ’ունենայ Արցախի մէջ, հայ ժողովուրդի համար հերթական փորձութիւն է, որ այս անգամ մեր վիզին կը փաթթէ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը: Վստահ եմ, որ մենք պատուով պիտի յաղթահարենք այս մարտահրաւէրը եւս: Հայատեացութենէն կուրացած, քարիւղի հոտէն յարբած Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չի հասկնար, որ ուժը հրասայլերուն թիւին մէջ չէ, ուժը Արցախի եւ Հայաստանի նոր սերունդէն ճառագայթող լոյսին մէջ է, եւ այդ լոյսը այսօր մեզ բոլորս դարձուցած  է միասնական, միասնական մէկ բռունցք, որ պիտի իջնէ մեր անվտանգութեան սպառնացող ոսոխին գլխուն:

«Այսօր մեր միտքերը մեր սահմանին կանգնած զինուորներուն ու սպաներուն հետ են: Մեր հոգիները կը ցաւին իւրաքանչիւրի անմահացման պարագային, բայց մեր սրտերը կը գօտեպնդուին մեր հերոսներուն վարքով, մեզի կը հաղորդեն վճռականութիւն, հաստատակամութիւն: Մենք այսօր դարձած ենք մէկ մարդ, եւ այդ միասնութիւնը պիտի սնուցանէ մեր ապագայ սերունդը: Ես պարտաւոր եմ յայտարարել, որ մենք պատրանքներ չունինք, մենք չունինք հզօր հովանաւորներ, բայց ունինք աշխարհի արդար մարդոց համակրանքը, մենք ունինք ամէն բան, որպէսզի պաշտպանենք մեր տունը, մեր հայրենիքը:

«Սասո՛ւն ջան, պէտք է վստահ ըլլաս, որ մենք պիտի շարունակենք քու եւ քու ընկերներուդ սուրբ գործը: Հանգչէ՛ խաղաղութեամբ, հայրենիքի զինուոր»:

Նախագահ Սարգսեան Գերմանիա Կ՛այցելէ

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներուն հետ կապի վարչութենէն յայտնած են, որ 6-7 ապրիլին նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Գերմանիա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Գերմանիոյ նախագահ Եոախիմ Կաուքի, վարչապետ Անկելա Մերքելի, խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամմերտի, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ գործող նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հետ:

Բակօ Սահակեան Աշխատանքային
Խորհրդակցութիւն Ունեցած Է Մարտակերտի Մէջ

pago_40516

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 5 ապրիլին աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցած է պաշտպանութեան բանակին հետ թիկունքային ու ճարտարագիտական աշխատանքները համադրելու նպատակով ստեղծուած, գետնի վրայ գործող ղեկավարման մարմինի անդամներուն հետ:

Նախագահը կարեւոր նկատած է այդ մարմինին ձեւաւորումը եւ յստակ յանձնարարականներ տուած է աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ պաշտօնատարներ:

Նոյն օրը նախագահ Սահակեան այցելած է Մարտակերտ եւ հանդիպում ունեցած է շրջանի վարչակազմի ղեկավարութեան հետ` քննարկելով գետնի վրայ տիրող իրավիճակն ու կատարուելիք աշխատանքները: Հոն եւս, նախագահը յանձնարարականներ տուած է` քննարկուած հարցերուն լոյսին տակ ճշդուած աշխատանքներու ճշգրիտ կատարման վերաբերող:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Զէնք, Որ Թշնամին Չունի

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?