2 ապրիլին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ անդրադարձած է 1-2 ապրիլի լուսցող գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի սահմանի երկայնքով Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ սանձազերծուած զինուորական գործողութիւններուն:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Խստօրէն կը դատապարտենք Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանի երկայնքով իրականացուող նախայարձակ գործողութիւնները, ուղղուած` նաեւ բնակավայրերու եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ:
«Մեր աղօթքը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնենք Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին, պաշտպանութեան բանակի քաջարի հրամանատարներուն ու զինուորներուն: Կը յորդորենք չնուազող արիութեամբ ու աներեր հաւատքով դիմակայել հայրենիքի անկախութեան եւ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան դէմ ուղղուած թշնամական յարձակումներուն:
«Ազրպէյճանի շարունակական սադրանքներն ու զինուորական գործողութիւնները կը խաթարեն կայունութիւնը շրջանին մէջ եւ ի չիք կը դարձնեն տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերը:
«Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան, յատկապէս ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ ներգրաւուած երկիրներուն` կասեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի չդադրող ոտնձգութիւնները:
«Կ՛աղօթենք, որ Տէրը երկնքի լուսեղէն յարկերուն մէջ հանգստութիւն պարգեւէ զոհուածներու հոգիներուն, մխիթարութիւն` հարազատներուն, շուտափոյթ ապաքինում` վիրաւորներուն:
«Թող Աստուած զօրակից ու պահապան ըլլայ խաղաղութեան պաշտպան Հայոց բանակին»: