Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն

April 4, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

լօ1-f

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ վերջին երկու օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական դիրքերուն եւ սահմանամերձ գիւղերուն դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, որ 1994-ի զինադուլի հաստատումէն ի վեր աննախընթաց ու մեծագոյն խախտումը կը նկատուի:

Ազրպէյճան այս ձեւով կը հարուածէ միջազգային ընտանիքի որդեգրած բանակցային գործընթացը եւ կը ստանձնէ կատարուածին եւ հետագային տեղի ունենալիք զարգացումներուն ու արձանագրուած հետեւանքներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն`

–  Կը ցաւակցի վերջին օրերուն հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական առաքելութեան ճամբուն վրայ իրենց կեանքերը նուիրաբերած նահատակ զինուորներու եւ թշնամիի հրթիռարձակումներու զոհ դարձած անզէն քաղաքայիններու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն:

–  Կը զօրակցի Արցախի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ զինեալ ուժերուն, հաստատելով որ այս պայքարը համայն հայութեան պայքարն է, եւ անհրաժեշտ կը գտնէ բոլոր միջոցներով հարցին լուծումը վերադարձնել բանակցային գործընթաց, միջազգային ընտանիքէն պահանջելով խաղաղութեան անյապաղ հաստատում:

–  Ժամանակը հասունցած կը նկատէ այս առիթով` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ յայտարարուած Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ ռազմավարական դաշինքի կնքումի գաղափարին անյապաղ գործնականացման, ու իր ողջ կարողականութեամբ զօրավիգ կը կանգնի ԼՂՀ եւ ՀՀ իշխանութիւններուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն, ինչպէս անցնող 25 տարիներուն, այսօր եւս, կը վերահաստատէ իր ամբողջական պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը` լիբանահայութեան բովանդակ կարելիութիւնները ի սպաս դնելու արեամբ կերտուած հայրենիքը ու անոր անկախութիւնը հզօրացնելու, հայրենիքի սահմանները անառիկ եւ անսասան պահելու առաջնային գործին:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

Նախորդը

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Հաղորդագրութիւնը` Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն

Յաջորդը

Հայկական Զինեալ Ուժերը Ծանր Հարուածներ Կը Հասցնեն Ազրպէյճանական Նախայարձակ Ուժերուն. Հայկական Աշխարհը` Զօրաշարժի Ենթարկուած

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.