ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին վրայ սանձազերծուած ազրպէյճանական վայրագ յարձակումները, որոնք թիրախ դարձուցին Ղարաբաղի բնակելի տարածքները` 2 ապրիլի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ:
«Զինուորական այս յարձակումները մայիս 1994-ի զինադուլէն ի վեր առաջին լայնածաւալ եւ լուրջ յարձակումներն են: Նշենք, որ 1988-ին Ազրպէյճանի բռնութիւններուն, հալածանքներուն եւ բռնագրաւումին դէմ բռնկած հայկական ազատագրական պայքարը աւարտած էր 1994 մայիսի զինադուլով: Այդ զինադուլի հաստատումէն մինչեւ օրս Ազրպէյճան հազարաւոր խախտումներ կատարած է:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական վերջին յարձակումները դարձեալ ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճան` թրքական բացայայտ զօրակցութեամբ, կը ջրէ տագնապի խաղաղ լուծման բոլոր ջանքերը, որոնց կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքը, եւ ան առանձինն կը կրէ այդ դէպքերուն ունեցած եւ ունենալիք հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը: Մինչ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանց իշխանութիւնները ճիգ չեն խնայեր խաղաղ բանակցութիւններու ընդմէջէն լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, Ազրպէյճան կը դիմէ զինուորական գործողութեան նոր քայլի մը, որ ռազմական լուրջ մագլցում է` նկատի ունենալով ազրպէյճանական կողմին օգտագործած սպառազինութիւնը:
«Նկատի ունենալով ազրպէյճանական յարձակումը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքին խիստ կերպով միջամտելու` կասեցնելու զինուորական գործողութիւնները եւ շարունակելու տագնապը խաղաղ բանակցութիւններով եւ դիւանագիտութեամբ լուծելու տարբերակը, յարգելով ազգային ինքնորոշման իրաւունքին կարեւորութիւնը շեշտող միջազգային ուխտերը»: