Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Անթիլիասի Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքը Մեր Հոգեւոր, Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Աղբիւրն Է Եւ Պէտք Է Հաւատարիմ Մնայ Իր Կոչումին»
Իւրաքանչիւր տարուան 14 փետրուարին Հայ եկեղեցին կը նշէ Քրիստոսի Տաճար ընծայման տօնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, հանդիսապետութեամբ` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ու մասնակցութեամբ միաբան հայրերու: «Երեկոյեան» ժամերգութեան աւարտին, տաճարի ատեանին մէջ կատարուեցաւ նախատօնակի արարողութիւնը: Արարողութեան աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատելով ներկաները յորդորեց երիտասարդ ծնողները, որ աչալուրջ ըլլան իրենց զաւակներուն հայեցի...




















