Նախագահ Սարգսեան Անհրաժեշտ Կը Գտնէ
Ղարաբաղի Հետ Զինուորական Փոխօգնութեան
Համաձայնագիրի Կնքումը
Հայկական Ստորաբաժանումները Ռազմաճակատի
Որոշ Հատուածներու Մէջ
Կ՛ազատագրեն Նորանոր Դիրքեր


1-էն 2 ապրիլի լուսցող գիշերուընէ սկսեալ, ազրպէյճանական զինեալ ուժերը, 1994 թուականէն ի վեր գործող զինադադարի համաձայնագիրի աննախադէպ եւ ամէնէն լայնածաւալ խախտումով, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծի բոլոր ուղղութիւններով նախաձեռնեցին յարձակողական գործողութիւններու, որոնց նպատակն էր թափանցել հայկական պաշտպանական դիրքերուն խորքը:
Իրերայաջորդ հաղորդագրութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնները հայկական եւ միջազգային հանրային կարծիքը տեղեակ պահեցին ծաւալած թէժ մարտերուն մասին: Շուտով ի յայտ եկաւ, որ ազրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւնները ոչ միայն թիրախ ունէին հայկական պաշտպանական յենակէտերը, այլ նաեւ քաղաքային խաղաղ բնակչութիւնը: Ազրպէյճանական նախայարձակումին առաջին զոհը եղաւ 12-ամեայ երեխայ Վաղինակ Գրիգորեան, որ զոհուեցաւ իր յաճախած դպրոցին բակին մէջ:

Բնականաբար հայկական զինուժը ձեռնածալ չմնաց ի տես ազրպէյճանական յարձակողական այս գործողութիւններուն: Երէկ առաւօտեան արդէն հայկական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն հարուածներուն ներքեւ ջախջախուեցաւ ազրպէյճանական զինուորական ուղղաթիռ մը: Երկու օրերու վրայ երկարող պաշտպանական արդիւնաւէտ մարտավարութեան իբրեւ հետեւանք հայկական զինուժը ազրպէյճանական կողմին պատճառեց մարդկային եւ նիւթական-թեքնիք մեծ վնասներ. Ջախջախուեցան 16 հրասայլեր, 2 անօդաչու թռչող սարքեր, 2 ուղղաթիռներ, հարիւրաւոր ազրպէյճանցի զինուորներ իրենց կեանքով վճարեցին իրենց ղեկավարութեան արկածախնդրական վարքագիծին գինը:
Երէկ կէս գիշերին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարեց. «Վերջապէս սպասուած լուրեր: Հայկական ստորաբաժանումները ռազմաճակատի որոշ հատուածներուն մէջ լուրջ յառաջխաղացում ունին` ազատագրելով նորանոր դիրքեր եւ բնագիծեր: Փա՛ռք հայ զինուորին»:
Շաբաթ երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հրաւիրեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի, որուն ընթացքին յայտարարեց հայկական կողմի կրած վնասներուն չափը` 18 զոհ եւ 35 վիրաւոր: Նախագահ Սարգսեան աննախընթաց քայլով մը անհրաժեշտ նկատեց Ղարաբաղի հետ զինուորական փոխօգնութեան համաձայնագիրի կնքումը:
Սակայն իրադրութիւնը սրելու ազրպէյճանական այս յարձակումին դիմաց ամէնէն կարեւորը ազգային միասնականութեան այն մթնոլորտն էր, որ վարակած էր հայկական աշխարհը Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ սփիւռքի մէջ: Ասիկա այն քիչ պահերէն մէկն է, երբ հայկական քաղաքական դաշտի բոլոր բաղկացուցիչները անխտիր` իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր, կանգնեցան հայրենի եզերքը պաշտպանող հայկական զինեալ ուժերուն կողքին: Բացի ասկէ, արցախեան ազատամարտին մասնակցած հազարաւոր նախկին ազատամարտիկներ, Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր շրջաններէն, կամաւոր հիմունքով պատրաստակամութիւն յայտնեցին երթալու առաջնագիծ եւ սահմանապահ ուժերուն հետ կողք-կողքի պաշտպանելու հայրենի երկիրը: Եւ բնականաբար, այս ազատամարտիկներուն առաջին շարքերուն մէջ կը գտնուէին արցախեան պատերազմի բովէն անցած Շուշիի առանձնակի գումարտակի եւ տարբեր այլ ջոկատներու անդամ դաշնակցական նախկին ազատամարտիկները, որոնք երէկ ընդառաջելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբի կոչին` մեծ խումբով ուղղուեցան սահմանագիծ…
Ստորեւ եւ յաջորդող էջերուն մէջ կը ներկայացնենք նախորդ երկու օրերու իրադարձութիւնները եւ անոնց վերաբերող հայկական թէ միջազգայյին անդրադարձները:
1-Էն 3 Ապրիլին Տեղի Ունեցած Զինուորական
Գործողութիւններու Ամփոփում
1-2 ապրիլի լուսցող գիշերը ազրպէյճանական զինուորական ուժերու ստորաբաժանումները ծանր զինատեսակներով (հրետանի, ԲՄ-21 հեռահար կայանքներ, ականանետներ) հրետակոծութենէ ետք կ՛անցնին յարձակումի Արցախի սահմանի հիւսիսարեւելեան, հարաւային եւ հարաւարեւելեան ուղղութիւններուն վրայ: Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն, հայկական ուժերը կ՛անցնին պաշտպանութեան:
Հրասայլերուն կը հետեւին հրետանային համակարգերն ու հետեւակի զինուորական մեքենաները, պաշտպանութեան բանակի հրետանային համակարգերը:
2 ապրիլի առաւօտեան (տեղական ժամանակով 9:10-ին) հայկական կողմը կը յայտնէ ազրպէյճանական զինուորական ուժերու ստորաբաժանումներու մարդկային կորուստներու եւ հիւսիսային հատուածին մէջ ջախջախուած զինուորական ուղղաթիռի մասին: Կարճ ժամանակ ետք հայկական պաշտօնական աղբիւրները կը յայտնեն ազրպէյճանական հրասայլերու եւ զրահապատներու ոչնչացման մասին: Շուտով ազրպէյճանական կարգ մը աղբիւրներ եւս կը գրեն ջախջախուած ուղղաթիռի մասին:
Մօտ մէկ ժամ անց Արցախի պաշտօնական աղբիւրները կը յայտնեն, որ ազրպէյճանցիներուն կողմէ խաղաղ բնակավայրերու հրթիռակոծութեան հետեւանքով զոհուած է 12-ամեայ Վաղինակ Գրիգորեանը, եւս երկու երեխայ վիրաւորուած են եւ տեղափոխուած հիւանդանոց (երեխաները երեքն ալ Արցախի Մարտունի շրջանի Զօրաւան գիւղէն են):
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը, դատապարտելով Ազրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւնը, կը յայտնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը «միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ստեղծուած իրավիճակին վրայ եւ կ՛ակնկալէ անյապաղ հասցէական միջամտութիւն»: Միաժամանակ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ «մնայուն կապի մէջ է օտարերկրեայ պետութիւններու զինուորական-դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հետ»: Կէսօրին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Արցախի Լեւոնարխ գիւղի մօտակայքը ոչնչացուած է ազրպէյճանական հետախուզական ջոկատը, եւ հակառակորդը կորուստներ ունի:
Կէսօրէ ետք պաշտպանութեան բանակը կը հրապարակէ ազրպէյճանական ջախջախուած անօդաչու թռչող սարքի բեկորներու լուսանկարները եւ կը յայտնէ, որ պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ռազմաճակատի հիւսիսային հատուածին վրայ ջախջախած են 1, իսկ հարաւարեւելեան ճակատին վրայ` ազրպէյճանական 2 հրասայլ, ինչպէս նաեւ` խոցած հակառակորդի երկրորդ ուղղաթիռը:
Տեղական ժամանակով շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Ազրպէյճանը պաշտօնապէս կը յայտնէ, որ զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին կորսնցուցած է 12 զինուոր, 1 ուղղաթիռ եւ 1 հրասայլ:
Երեկոյեան ժամը 6:50-ին պաշտպանութեան բանակը կը յայտնէ, որ ազրպէյճանական կողմը ունի 200-է աւելի սպաննուած. միայն Արցախի Թալիշի ուղղութեամբ պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ջախջախած են ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման 30 զինուոր: Կը հրապարակուին նաեւ սպաննուած ազրպէյճանցի զինուորականներու լուսանկարները, ինչպէս նաեւ` Արցախի տարածքին ինկած ազրպէյճանական ուղղաթիռի բեկորներու եւ սպաննուած օդաչուներու լուսանկարները: Ուշագրաւ է, որ լուսանկարներուն մէջ երեւցող սպաննուածներու քանակը արդէն կը գերազանցէր ազրպէյճանական կողմի հաղորդած տուեալները:
2 ապրիլի երեկոյեան «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը ոչ պաշտօնական տեղեկութիւն կը տարածէ, թէ Արցախի զինուորական ուժերու ստորաբաժանումները շրջապատման մէջ առած են ազրպէյճանական զինուորներ եւ 5 հրասայլ:
Երէկ երեկոյեան Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը տարածած է հաղորդագրութիւն մը «ապատեղեկատուութիւն» որակելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տարածուած` զինուորական գործողութիւններու միակողմանի կերպով դադրեցնելու մասին յայտարարութիւնը:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը պատրաստ է ընդառաջելու եւ քննարկած է կրակի դադրեցման մասին առաջարկը` նախնական դիրքերու վերականգնման ծիրին մէջ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Երէկ, ազրպէյճանական աղբիւրները տարածած էին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր, որ Ազրպէյճանի զինուժը որոշում տուած է «միակողմանիօրէն» դադրեցնելու «թշնամիին դէմ իրականացուող հակայարձակումն ու պատասխան գործողութիւնները եւ ձեռնամուխ ըլլալու ազատագրուած տարածքներու ամրացման»` հաշուի առնելով «միջազգային կառոյցների յորդորներն ու երկրին կողմէ իրականացուող խաղաղասիրական քաղաքականութիւնը»:
«Նշուած փաստերը, ինչպէս նաեւ յայտարարութեան մէջ «հակայարձակողական գործողութիւններ» եւ «ազատագրուած տարածքներու ամրապնդում» եզրոյթներու օգտագործումը ցոյց կու տան այդ փաստաթուղթի կեղծ բնոյթը, որուն իրական նպատակը բացայայտ նախապայմաններով լի կրակի դադրեցման պատրանքն է», այս առնչութեամբ մեկնաբանած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Կիրակի երեկոյեան «Ազդակ» կապ հաստատեց իր երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանին հետ, որ Լեռնային Ղարաբաղէն փոխանցեց, թէ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կը մնայ լարուած, ռմբակոծումները կը շարունակուին յատկապէս Մարտակերտ քաղաքին վրայ, պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները անցած են հակազդիչ գործողութիւններու եւ Թալիշի ուղղութեամբ տիրած են նախօրեակին ազրպէյճանական ուժերու կողմէ գրաւուած մարտավարական կարեւոր նշանակութեան յենակէտին:
Կիրակի ուշ երեկոյեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը քանդած է ազրպէյճանական բանակի 16 հրասայլ եւ սպաննած է 200-էն 300 ազրպէյճանցի զինուոր:
Աւելի ուշ, հայաստանեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, թէ ազրպէյճանական բանակը Թալիշի մէջ պատերազմական ոճիր գործած է` գնդակահարելով 3 բնակիչներ եւ կտրելով անոնց ականջները: Լուրի հրապարակումէն ետք, Դաւիթ Բաբայեան յայտնած է, որ ազրպէյճանական բանակը Թալիշ մուտք գործելու փորձ կատարած է, սակայն ետ մղուած:
Երէկ կէս գիշերին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ հայկական ստորաբաժանումները նորանոր շրջաններ ազատագրած են:
Նախագահ Սարգսեան Կը Նախագահէ Ազգային
Անվտանգութեան Խորհուրդին Նիստին
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ օր նախագահեց խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ զինադուլի խախտումը, որ 1994-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այսքան կոպիտ եւ լուրջ էր, ինչպէս նաեւ այդ յարձակումին հետեւանքները:
Նիստին սկիզբը նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է ստեղծուած իրավիճակին: Ապա պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան զեկուցած է 1-էն 2 ապրիլ լուսցող գիշերուան ընթացքին հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններուն իբրեւ պատասխան ձեռնարկուած գործօն քայլերը` կանխելու համար սանձազերծուած յարձակումը:
Նիստին ընթացքին զեկուցումով հանդէս եկած են նաեւ զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատար Եուրի Խաչատուրովը եւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Սարգսեան կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ինչպէս բոլորդ ծանօթ էք, այս գիշեր` ժամը երեքի կողմերը, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծի ամբողջ երկայնքով սադրիչ գործողութիւններու նախաձեռնած են: Այս յարձակումը 1994-ին հաստատուած զինադուլէն ի վեր ամէնէն լայնատարած գործողութիւններն են, որոնք փորձած են եւ տակաւին կը շարունակեն փորձել Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի` ճիշդ ժամուն եւ արհեստավարժ գործողութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ ոչ միայն իրավիճակը հակակշիռի տակ առնել, այլեւ` զգալի կորուստներ հասցնել հակառակորդին: Հակառակորդը այդ ընթացքին կ՛օգտագործէր ռազմական օդուժ, հրետանիի բոլոր տեսակները եւ բոլոր տիպի զրահամեքենաները: Հակառակորդին կորուստները, ինչպէս օդուժի, այնպէս ալ հետեւակի ու սպառազինութեան առումով, զգալի են: Մենք ալ ունինք կորուստներ. ցարդ 18 զոհ ունինք եւ շուրջ 35 վիրաւոր:
Միացեալ Նահանգներէն վերադարձիս տիրող իրավիճակին մասին պարբերաբար զեկուցումներ ստացած եմ եւ տրուած որոշումները կը նկատեմ տեղին, անհրաժեշտ ու ճիշդ: Ինչպէս բոլորին ծանօթ է, որ Միացեալ Նահանգներ այցելած էի մասնակցելու համար Հիւլէական ուժանիւթի վեհաժողովին, որուն շրջանակներուն մէջ հանդիպումներ ունեցայ փոխնախագահ Ճօ Պայտընի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ, որոնց կոչ ուղղեցի սաստելու Ազրպէյճանը, որպէսզի ան չխախտէ զինադուլի կանոնները: Բայց, ինչպէս վկայեցիք, այդ հանդիպումէն քանի մը ժամ ետք տեղի ունեցան իրադարձութիւններ, որոնց աւարտը տակաւին անյստակ է: Սադրանքները` հիւսիսային եւ հարաւային շրջաններուն մէջ տակաւին կը շարունակուին, որոշակի լարուածութիւն կայ, սակայն, ինչպէս ըսինք, Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ ուժերը իրավիճակը հակակշիռի տակ կը պահեն:
Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերը կը գործեն նախապէս մշակուած ծրագիրին համաձայն, իսկ որոշակի նախարարութիւններ, առանց իրարանցումի եւ առանց որեւէ լարուածութեան, պէտք է անցնին հզօր աշխատանքի եւ ծառայութեան, ինչպէս նախատեսուած էր մեր ծրագիրներով: Սահմանամերձ շրջաններու բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու համար որդեգրուած են համապատասխան միջոցառումներ: Կը կարծեմ, որ այդ միջոցառումները բաւարար են, սակայն ես համոզուած եմ եւ կ՛առաջարկեմ քննարկել, որ մենք մէկ քայլ առաջ երթանք:
Անհրաժեշտութիւն կը տեսնեմ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը համագործակցի Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ եւ աշխատի Լեռնային Ղարաբաղի հետ զինուորական փոխօգնութեան համաձայնագիր կնքելու ուղղութեամբ: Անհրաժեշտ է համաձայնագիրի բնագիրը ունենալ, համապատասխան քննարկումներ կատարել եւ ուղարկել Ազգային ժողով: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու առումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր պարտականութիւնը լիովին պիտի կատարէ, եւ մենք ունինք այդ իմաստով իրաւաբանական իրաւունք, որովհետեւ մենք 1994-ին հաստատուած զինադուլին մաս կը կազմենք:
Զինեալ ուժերէն բացի, իրենց գործը կը կատարեն մեր միւս գերատեսչութիւնները, . արդէն իսկ կապ հաստատուած է միջազգային կառոյցներու մեր գործընկերներուն հետ: Այնուհանդերձ, ինչպէս բազմիցս կրկնած եմ. մեր խնդիրները մենք պէտք է լուծենք, առանց թերագնահատելու ոեւէ մէկուն օգնութիւնը: Պաշտպանութեան նախարարը եւ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարը այժմ կը զեկուցեն դէպքերուն մանրամասնութիւնները` ռազմական տեսանկիւնէ մեկնելով, իսկ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը կը զեկուցէ դիւանագիտական ջանքերուն մասին, եւ ապա կը տրուին համապատասխան որոշումներ»:
Նախագահ Սահակեան Հակառակորդի
Յանցաւոր Ոտնձգութիւնները Կանխելու
Ուղղութեամբ Նոր Յանձնարարականներ Տուած Է
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 ապրիլին հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութեան, որուն ընթացքին քննարկուած են առաջնագիծին վրայ տիրող իրավիճակին եւ հակառակորդի յանցաւոր ոտնձգութիւնները կանխելու ուղղութեամբ պաշտպանութեան բանակին կողմէ ձեռնարկուող միջոցառումներուն վերաբերող հարցեր:
Երէկ, 3 ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցումով` երկրի ղեկավարը յստակ յանձնարարականներ տուած է պաշտպանութեան նախարարութեան եւ բոլոր համապատասխան մարմիններու ղեկավարներուն` քննարկուած հարցերու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան եւ պաշտօնատար այլ անձիք:
«Իրավիճակը Կը Մնայ Լարուած. Որեւէ
Խուճապ Չկայ. Մարդիկ Մարտական Իմաստով
Տրամադրուած Են»
Շեշտեց Դաւիթ Բաբայեան
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան յայտնեց, որ իրավիճակը կը մնայ լարուած:
«Թշնամին կը փորձէ իրավիճակը ապակայունացնել, ինչպէս նաեւ որոշ հատուածներէ Ղարաբաղ մուտք գործելու փորձեր կը կատարէ, սակայն անոր յարձակողական եւ ահաբեկչական բոլոր փորձերը կը կասեցուին», ըսաւ Բաբայեան` աւելցնելով, որ որեւէ խուճապ չկայ եւ մարդիկ մարտական իմաստով տրամադրուած են:
«Երբ օրհասական պահը գայ, Լեռնային Ղարաբաղը կը դառնայ յատուկ վայր մը: Այժմ մթնոլորտը այդպէս է. ազրպէյճանական կողմը շուտով պիտի կրէ այնպիսի ջախջախիչ պարտութիւն, որուն մասին երկար կրնայ յիշել», ըսաւ ան:
Իրադարձութեանց վերաբերեալ միջազգային արձագանգներուն մասին Բաբայեան յայտնեց, որ այս հանգրուանը տակաւին սկիզբն է եւ բոլորին համար յստակ է, որ ինքնազսպումի կոչերը ուղղուած են երկու կողմերուն:
«Յոյսով եմ, որ ոչ հրապարակային ձեւով Ազրպէյճանին կը հասկցնեն, որ անոր արարքները անընդունելի են: Կը կարծեմ նաեւ, որ պէտք է հրապարակաւ, աւելի կարծր կոչեր հնչեն այդ ահաբեկիչներուն դէմ», ընդգծեց Բաբայեան:
Բաբայեան յայտնեց, որ կրակը միակողմանի դադրեցնելու մասին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու նպատակով կատարուած է:
«Իրականութեան մէջ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները այդ մեթոտներով կը փորձեն ծածկել նախայարձակը ըլլալու իրենց կեցուածքը, սակայն անիկա այնքան կեղծ է, որ չի կրնար երկար շարունակուիլ: Վերջին 12 ժամուան ընթացքին այս կեցուածքը Պաքուի կողմէ կատարուած երկրորդ պաշտօնական յայտարարութիւնն է, սակայն ինչպէս կը տեսնենք, ատիկա չի դրսեւորեր անոնց գործողութիւնները», ըսաւ Բաբայեան:
Բաբայեան անդրադարձաւ նաեւ Ազրպէյճանի բանակին կողմէ գործուած պատերազմական ոճիրին` շեշտելով, որ Ազրպէյճան միշտ ալ եղած է ահաբեկչական ու յանցագործ պետութիւն:
Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը
Խոստովանած Է, Որ Պատերազմը Իրենք Սկսած Են
«Ռազմ.ինֆօ» կը հաղորդէ, թէ 2 ապրիլի երեկոյեան Ազրպէյճանի նախագահին ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած անվտանգութեան նիստին ընթացքին երկրի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-գնդապետ Զաքիր Հասանովը խոստովանած է, որ իրենք սկսած են զինուորական գործողութիւնները` բերելով անիմաստ «հիմնաւորումներ»:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը իր զեկուցումին մէջ ըսած է.
«Պէտք է նշեմ, որ վերջին ժամանակները Հայաստանի զինուած ուժերը սահմանագիծին վրայ տեղակայուած տարածքներուն գիւղերուն մէջ, հետախուզական գործողութիւններ կը կազմակերպեն, բնակչութեան դէմ ծանր հրազէն, հրետանի կ՛օգտագործեն, անոր հետեւանքով բնակչութեան մէջ կորուստներ արձանագրելով (ակնյայտ ապատեղեկատուութիւն, ընդհակառակն` վերջին շրջանին Ազրպէյճանի զինուորական ուժերն էին, որոնք հրետանային եւ հրթիռային սարքերով յարձակումներ կը գործէին հայկական բնակավայրերուն ուղղութեամբ):
«Այս գործողութիւններուն հակազդելու համար, գնահատելով ստեղծուած իրավիճակը` որոշուած է հրետակոծել հայկական դիրքերը եւ անոնց զինուած ստորաբաժանումները ստիպողաբար հեռացնել մեր գիւղերու մօտակայքէն:
«Բացի ատկէ, ծրագրուած կերպով, հաշուի առնելով հաւանական ուղղութեամբ հայկական զինուորական ուժերու ստորաբաժանումներու գործողութիւնները, գիշերուան 1:00-էն 2:00-ը Ազրպէյճանի զինուորական ուժերու հետախուզական ստորաբաժանումները 3 ուղղութեամբ գործողութիւններու ձեռնարկած են … Այս գործողութեանց հիմնական նպատակը ներթափանցումներուն հակազդելը եւ մեր կրակակէտերուն, բնակավայրերուն ազատագրումն է…»:
Փաստօրէն Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը խոստովանած է, որ իրենք նախայարձակ եղած են եւ իբրեւ «հիմնաւորում» նշած է իրականութեան հետ կապ չունեցող «փաստեր` նախապէս հայկական ուժերու կատարած գործողութիւններու մասին»:
Աւելի՛ն` Զաքիր Հասանով նշած է, որ «ազրպէյճանական բնակավայրերը ազատագրելու» (խօսքը Արցախի հայկական բնակավայրերու գրաւման մասին է) անհրաժեշտութեան մասին` ապացուցելով, որ Ազրպէյճանը պատրաստ չէ եւ չ՛ուզեր տագնապը լուծել բանակցային ճամբով` փորձելով ամէն բան լուծել զինուորական գործողութիւններու միջոցով. կը յայտնէ «Ռազմ.ինֆօ»-ն:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Վարչապետի Հանդիպումը` Կամաւորներուն Հետ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ շաբաթ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ հաւաքուած կամաւորներուն հետ: Վարչապետը անոնց ներկայացուց սահմանի իրավիճակը, հաւաստիացուց, որ պաշտպանութեան բանակը ամբողջովին կը տիրապետէ զինուորական դրութեան, ինչպէս նաեւ ծանր կորուստներ պատճառած է ազրպէյճանական բանակին:
«Ուրախ եմ, որ կարճ ժամանակի մէջ այսքան մարդ կամաւորագրուած է այս սուրբ գործին: Անհրաժեշտութեան պարագային, բոլորս պիտի մեկնինք հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու: Այս հանգրուանին խորհուրդ կու տանք զերծ մնալու խուճապային տրամադրութիւններէ` բարձր պահելով ամբողջ հասարակութեան մարտական ոգին», շեշտեց վարչապետ Արա Յարութիւնեան:
Նշենք, որ երէկ կէս գիշերին վարչապետ Յարութիւնեան Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ դիմաւորեց Հայաստանէն եկած հարիւրաւոր ազատամարտիկները:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի
Ազատամարտիկներու Յանձնախումբ
Ապրիլի 1-էն 2 լուսցող գիշերուան ընթացքին Արցախի արեւելեան սահմանի ամբողջ երկայնքին Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումին իբրեւ հակազդեցութիւն, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբը յայտարարեց, որ հաւանական նոր յարձակումները կանխելու եւ թշնամին իր որջին մէջ խեղդելու նպատակով յանձնախումբը զօրակոչ յայտարարած է մարտական բովով անցած «Շուշիի առանձնակի գումարտակ»-ի եւ այլ ջոկատներու մէջ մարտնչած ընկերներուն, մարտական ստորաբաժանումներ կազմելու եւ պաշտպանութեան նախարարի հրամանով մարտական գործողութիւններու վայրեր մեկնելու, մեր երիտասարդ զինուորներուն կողքին Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու համար: