
Հայաստան ու Արցախ կատարած իր զօրակցական այցելութենէն վերադարձին, Արամ Ա. կաթողիկոս հեռաձայնային կապ հաստատեց Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ եւ իր գնահատանքը յայտնեց վերջերս Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին Ղարաբաղի հարցին գծով Լիբանանի որդեգրած վերապահ կեցուածքին համար:
Վեհափառ հայրապետը նաեւ յայտնեց Լիբանանի վարչապետին, որ Լիբանանի մօտեցումը առողջ կեցուածք մըն է, ինչ որ գնահատանքի արժանի եղած է Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան կողմէ:


