Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Մէկ Բանէ Կը Վախնանք Միայն` Ապրիլ Պատուազուրկ Եւ Անազատ» Շեշտեց Նախագահ Սերժ Սարգսեան

April 20, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ayts-1_41916

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանը 19 ապրիլին Արցախի մէջ այցելած են պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկը եւ 2-5 ապրիլին հակառակորդին սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան ու խիզախութեան համար պետական պարգեւներ, առաջին եւ երկրորդ աստիճանի «Մարտական խաչ» շքանշաններ, «Արիութեան մետալ» եւ «Մարտական ծառայութեան» մետալ յանձնած են զօրամասերու հրամանատարներուն եւ խումբ մը զինուորներու:

Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է հայրենիքի զինուորներուն եւ անփորձանք ծառայութիւն մաղթած անոնց:

«Դուք անգամ մը եւս ցոյց տուիք բոլորին, թէ ո՛վ է հայ զինուորը, ո՛վ է հայրենիքի զինուորը: Երբ անհրաժեշտ է կռուիլ, դուք կը դառնաք ամէնէն կարգապահ, ամէնէն հնարամիտ եւ ամէնէն մարտունակ զինուորը:

Տարիներ առաջ ես ըսած եմ, որ եթէ մենք պարտադրուած ըլլանք  պատերազմելու, ապա այսօրուան զինուորն ու սպան պիտի կռուին ոչ պակաս քաջ, քան իրենց հայրերը, իրենց պապերը, իրենց աւագ ընկերները: Դուք ապացուցեցիք, որ շատ աւելի մարտունակ էք, շատ աւելի քաջ էք, շատ աւելի տոկուն էք: Ժամանակները կը փոխուին, կը փոխուին պատերազմելու միջոցները, բայց բարոյահոգեբանական որակները կը մնան նոյնը: Կը մնան նոյնը ու կը յաղթեն: Զինուորը հակառակորդին բան չունի ըսելու. զինուորը հակառակորդին իր ըսելիքը կ՛ըսէ պատերազմի դաշտին վրայ, եւ փա՛ռք ձեզի, ի դէմս ձեզ` մեր բոլոր սպաներուն ու զինուորներուն, որոնք կրցան իրենց ըսելիքը ըսել: Այդ դաժան օրերուն որեւէ հայ զինուոր ու սպայ չէ լքած իր մարտական դիրքը, նուիրումով կռուած է մինչեւ վերջ: Ինչպէ՞ս չհպարտանաս այն զինուորով, որ, կրակելով մինչեւ վերջին փամփուշտը եւ ըլլալով վիրաւոր, նռնակ կը պայթեցնէ, որպէսզի իրեն հետ տանի նաեւ հակառակորդին զինուորները: Ինչպէ՞ս հնարամիտ չանուանես այն զինուորը, որ նռնականետէ կրակած եւ ոչնչացուցած է ուղղաթիռ:  Ինչպէ՞ս չհպարտանաս այն զինուորով, որ մարտի ընթացքին շարքէն  դուրս կը հանէ հակառակորդի հինգ զրահամեքենայ:

Մեզի համար թանկ է իւրաքանչիւր զինուորի, իւրաքանչիւր սպայի կեանքը, իսկ Ազրպէյճանի մէջ իրենց քաղաքական նկրտումներուն յագուրդ տալու համար պատրաստ են մահուան բերան ուղարկել հարիւրաւոր, հազարաւոր զինուորներ:

Փա՛ռք ձեզի, հայրենիքի զինուորներ, փա՛ռք մեր նահատակներուն, փա՛ռք մեր զօրքին: Ես նոյնիսկ մէկ վայրկեան չեմ կասկածիր, որ մենք բոլորս միասին, իւրաքանչիւրս պիտի կատարենք հայրենիքի զինուորի պարտականութիւնները, իսկ այդ պարտականութիւնները սուրբ են: Անփորձանք ծառայութիւն կը մաղթեմ: Փա՛ռք ձեր ծնողներուն, փա՛ռք այն ընտանիքներուն, ուր դուք ծնած եւ դաստիարակուած էք, փա՛ռք ձեր ուսուցիչներուն: Շնորհակալ եմ», իր խօսքին մէջ ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Հայկական երկու հանրապետութիւններուն նախագահները այնուհետեւ այցելած են Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց, ուր բուժում կը ստանայ «Արիութեան մետալ»-ով պարգեւատրուած զինուոր, կրտսեր քսանապետ Վրէժ Բզնունի: Հայաստանի նախագահը անոր յանձնած է պետական բարձր պարգեւը, շնորհակալութիւն յայտնած եւ մաղթած շուտափոյթ ապաքինում: Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան նաեւ այցելած են բուժուող միւս զինուորներուն:

 

 

Նախորդը

Շփման Գիծին Վրայ Հայ Զինուոր Մը Նահատակուած Է

Յաջորդը

Սպասելով Խորհրդարանի Վճռական Որոշումին` Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Պիտի Սաստկացնէ Իր Քայլերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.