ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Եւրոպական Միութեան Հայաստանեան Գրասենեակ
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փէոթր Սուիտալսքիի հրաւէրով 18 փետրուարին Եւրոպական Միութեան Հայաստանի գրասենեակին մէջ հիւրընկալուեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանն ու ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեանը: Զրոյցին առանցքը հանդիսացան Հայաստանի ներքաղաքական օրակարգն ու այդ պարունակին մէջ ՀՅԴ-ի մօտեցումները: Անդրադառնալով յետսահմանադրական զարգացումներուն` Աղուան Վարդանեան յատկապէս ընդգծած է, որ նոր սահմանադրութիւնը ո՛չ միայն երկրի կառավարման...




















