Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 18 ապրիլին աշխատանքային այցելութիւն տուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:
Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ զայն դիմաւորած են Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները եւ այլ պաշտօնատարներ:
Նոյն օրը երեկոյեան ան, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, գլխաւորած է խորհրդակցութիւն մը պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն սպայական կազմին հետ: Քննարկուած են բանակաշինութեան առնչուող հարցեր: