Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան. «Միակողմանի Զիջումներու Մասին Կարելի Չէ Խօսիլ»

Օգոստոս 10, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

seyran_80916

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` անդրադառնալով 10 օգոստոսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ հանդիպման` ըսած է, թէ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշումը եւ անկախութիւնը ապահովելն է:

Ներկայացնելով Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը` նախարարը ըսած է, որ միակողմանի զիջումներու մասին կարելի չէ խօսիլ. «Փաստ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ծիրին մէջ բանակցային հոլովոյթի աշխուժացում կը տեսնենք, եւ այդ աշխուժացման մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները, Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ այսօր աշխատանք կը կատարեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուի միայն ու միայն խաղաղ եւ քաղաքական ճամբով: Մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ իրականութեան մէջ այն նպատակը, որ մենք այսօր ունինք` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ինքնորոշումը, ազատ, անկախ ապրիլը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ լայն համագործակցութեան եւ լայն կապի ծիրին մէջ ապրիլը… որպէսզի այդ նպատակին մենք կարենանք հասնիլ: Ես միշտ ըսած եմ եւ այսօր ալ կ՛ըսեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վտանգի ենթարկուելու պայմաններուն մէջ, այսինքն յարձակումներու անգամ մը եւս սանձազերծման պայմաններուն մէջ, ե՛ւ պաշտպանութեան բանակը, ե՛ւ համագործակցութեան ծիրին մէջ հայկական բանակը ամէն ինչ պիտի ընեն, որ Ղարաբաղի իւրաքանչիւր թիզ հողը պաշտպանուի»:

Օհանեան նաեւ ըսած է, որ Ռուսիոյ կողմէ տրուած 200 միլիոն տոլար վարկի ծիրին մէջ բոլոր համաձայնագիրները ռուսական կողմին հետ կնքուած են, եւ զէնքի Հայաստան մատակարարումը արդէն սկսած է` առանց, սակայն, մանրամասնելու, թէ ինչ զինատեսակներու կը վերաբերի ասիկա:

Նշելով, որ քառօրեայ մարտական գործողութիւնները եղած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, անոնք շատ կարճ տեւած են, Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ կատարուած է ամէն ինչ, որպէսզի այդ մարտական գործողութիւնները կանգ առնեն ու չշարունակուին: «Եւ ատոր շարունակութիւնն է, որ այսօր բանակցային հոլովոյթը աշխուժացած է` խաղաղ, քաղաքական ճամբով լուծման համար», եզրափակած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը:

«Քառօրեայ Պատերազմէն Համապատասխան
Եզրայանգումներ Կատարուած Են»

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է Հայաստանի հիւսիսարեւելեան սահմանագօտիին մէջ գտնուող զօրամաս եւ դիրքեր. զօրամասին մէջ նախարարին եւ ներկաներուն ներկայացուած է ռազմական ցուցադրութիւն, որուն ընթացքին զինուորները յարձակում գործած են պայմանական թշնամիին վրայ եւ չէզոքացուցած զայն:

Անկէ ետք նախարարը ողջունած է զինուորները, ներկաները, այնուհետեւ պարգեւատրած ցուցադրութեան մասնակից զինուորները:

«Պատիւ ունիմ հաշուետուութիւն ներկայացնելու առաջնագիծին վրայ  հայոց բանակին, հրամանատարներուն եւ զինուորներուն հետ միասին: Զինուորներ, որոնք զօր ու գիշեր սահմաններուն կանգնած կը պաշտպանեն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը: 2016-ին մենք առաջնորդուած ենք «Պատրաստուած հրամանատար, արհեստավարժ բանակ, ապահով հայրենիք» կարգախօսով եւ տարին յայտարարած հրամանատարական պատրաստութեան տարի, ինչ որ  կը նշանակէ, թէ շեշտը պիտի դրուի հրամանատարներու գիտելիքներու, հմտութիւններու եւ ունակութիւններու կատարելագործման վրայ, որոնք պիտի ապահովեն Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր զարգացումն ու յառաջընթացը: Թէկուզ առաջին կիսամեակը եղած է չափազանց լարուած եւ դժուար, այնուամենայնիւ, զինուած ուժերը իրենց առջեւ դրուած խնդիրը պատուով կատարած են: Մենք նախ եւ առաջ  սահմաններու պաշտպանութեան, մարտական հերթափոխի իրականացումով ապահոված ենք հայ ժողովուրդին անդորրը», յայտնած է ան:

Սէյրան Օհանեան զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին յաղթանակ ապահովելու իմաստով կարեւոր նկատած է երկու հանգամանք` զինուորի պատրաստուածութիւնը եւ սպառազինութիւնն ու ռազմական համակարգը: Ան ընդգծած է, թէ, խօսելով զինուորին մասին, պէտք է շեշտել ընդհանուր մարդուժի կառավարման համակարգի ձեւաւորումը, ինչ որ առաջնահերթ է Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ: Նախարարին համաձայն, կարեւորագոյն խնդիրը կը շարունակէ մնալ համալրումը: Օհանեան շեշտած է, որ քայլերու ձեռնարկուած է կրթութեան բարձր մակարդակ ապահովելու ուղղութեամբ:

Ս. Օհանեան ընդգծած է նաեւ, որ քառօրեայ պատերազմի վերլուծութենէն կարելի է կատարել շարք մը կարեւոր եզրայանգումներ: «Մենք վեր հանեցինք այն բոլոր դրական կողմերը, որոնք հիմք  հանդիսացած են յաջողութիւններու եւ յաղթանակներու համար եւ, վստահաբար, համապատասխան հետեւութիւններ կատարուած են նաեւ բացթողումներու եւ լրացումներու վերաբերեալ: Այդ ամէնը հաշուի առնելով` ուսումնական հոլովոյթի բոլոր փուլերուն ընթացքին  ուշադրութիւն դարձուցած ենք քառօրեայ պատերազմին տեղի ունեցած դրական արդիւնքներուն վրայ եւ հասած ենք այն եզրակացութեան, որ վերջին տարիներուն զինուած ուժերու զինուորական ծրագիրը ամբողջութեամբ կը գործէ»:

Օհանեան շեշտած է, որ մեծ դեր ունի նաեւ սպառազինութեան եւ զինուորական համակարգի վիճակը, անոնց նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքը, շահագործման բարձր մակարդակը, որ թոյլ կու տայ տարբեր փուլերու ընթացքին կատարել պաշտպանութեան բանակին առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները: «Վստահաբար, հաշուի առնելով թոյլ տրուած սխալները` մենք իրականացուցած ենք տարբեր տեսակի ռազմափորձեր եւ մարզումներ, որոնց հիմքը եղած է նոր մարտավարութեան, գործողութիւններու նոր ձեւերու, մարտակարգերու  ձեւաւորման հարցը», նշած է ան:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականը` Միջազգային Ֆալքոն Շարժման Լիիրաւ Անդամ

Յաջորդը

Կենսոլորտի Նախարար Մաշնուք Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ա՛յլ Պարզաբանումներու Պահանջներ

Յունուար 30, 2023
Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ  Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար
Գլխաւոր լուրեր

Եգիպտոս Չէզոք Միջնորդութիւն Կ՛առաջարկէ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Համար

Յունուար 30, 2023
Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի  Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն  Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային
Գլխաւոր լուրեր

Ֆրանչիսկոս Պապը Վերանորոգեց Բերձորի Միջանցքի Մասին Իր Կոչը` Արցախահայերուն Կացութիւնը Նկատելով Անմարդկային

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In