Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ կ՛ընդլայնէ Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի ջանքերը ընդդէմ «մատրիտեան սկզբունքներուն» եւ Սպիտակ տան կոչ կ՛ուղղէ` աւելի հաւասարակշռուած մօտեցում ցուցաբերելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ վերջնական խաղաղութիւն ապահովելու հարցին մէջ:
Ամերիկայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները նամակ յղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային եւ փոխնախագահ Ճօ Պայտընին, որով կոչ կ՛ուղղեն ընդդիմանալու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ որեւէ բանաձեւի, որ դէմ պիտի ըլլայ ամերիկեան համոզումներուն եւ ինքնորոշման իրաւունքին:
«Կոչ կ՛ուղղենք ընդդիմանալու որեւէ բանաձեւի, որ պիտի ստիպէ քրիստոնեայ բնակչութեան ապրիլ Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգի տիրապետութեան տակ: Այսօր Արցախը, հակառակ Ազրպէյճանի` տասնամեակներ տեւած յարձակումին, կը շարունակէ նուիրուած մնալ ժողովրդավարութեան ամրապնդման սկզբունքին, կը զարգացնէ տնտեսութիւնը եւ կը համագործակցի շրջանային ուժերու, ԵԱՀԿ-ի հետ` շրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար: Առաջին անգամ 2007-ին բանակցուած «մատրիտեան սկզբունքները», որոնք մինչեւ վերջերս գաղտնի կը պահուէին, կ՛առաջարկեն Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ վերադարձնել 7 շրջաններ` Արցախին կարգավիճակ տալու անորոշ խոստումի մը դիմաց, ինչ որ աւելի պիտի նպաստէ շրջանային անկայունութեան եւ տագնապին շարունակականութեան: Իր բնոյթով Արցախը շատ նման է ամերիկեան պատմութեան, որ կը ներկայացնէ ազատ ժողովուրդի յաղթանակը ընդդէմ օտարերկրեայ տիրապետութեան: Ժողովրդավարական, քրիստոնէական մեծամասնութիւնը, որ կ՛արտայայտուի անհանդուրժողականութեան դէմ, արժանի է ստանալու մեր աջակցութիւնը», ըսուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու փոխնախագահին ուղղուած նամակին մէջ: