Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողները Երկու Ամիս Կու Տան Իշխանութիւններուն` Բացայայտելու Բռնութիւն Գործադրողները

Օգոստոս 11, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lrakroghner_81016

10 օգոստոսին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած լրագրողները բացառաբար ո՛չ թէ տեղեկութիւն կը փոխանցէին տեղի ունեցող իրադարձութեան մասին, այլ հաւաքուած էին «ո՛չ» ըսելու բռնութիւններուն, դատապարտելու լրագրողներուն դէմ կատարուող յարձակումները, պահանջելու անյապաղ պատժել լրագրողներուն մասնագիտական գործունէութիւնը խոչընդոտողները:

«Յանուն խօսքի ազատութեան» նշանաբանով հայաստանեան յառաջատար լրատուամիջոցները նախաձեռնած են ստորագրահաւաքի: Նախաձեռնողները 10-է աւելի լրատուամիջոցներ են, որոնց կարգին` «Երկիր»-ը եւ «Երկիր Մետիա»-ն:

Ազատութեան հրապարակին վրայ կարդացուած յայտարարութեան տակ ստորագրեցին փափաքողները: Լրագրողներուն ստորագրութեամբ այլ յայտարարութիւն մըն ալ պիտի ուղարկուի Հայաստանի նախագահական նստավայր:  Լրագրողները երկու ամիս ժամանակ տուած են իշխանութիւններուն` բացայայտելու բռնութեան հեղինակները:

Լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հաւաքին միացած է ոստիկանութեան հասարակութեան եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան: Ոստիկանութեան «02» շաբաթաթերթն ալ միացած է ստորագրահաւաքին: Աշոտ Ահարոնեանի համաձայն, ոստիկանութիւնը հետամուտ եղող առաջիններէն է, որ բռնութեան դէպքերը բացառուին եւ ոստիկանութիւնն է պատասխանատու, որ այդ դէպքերը բացայայտուին:

«Արտակարգ իրավիճակներու ընթացքին, երբ ոստիկանութիւնը յատուկ գործողութիւններ կը կատարէ, կան չարտօնուած հանրահաւաքներ, հաւանականութիւն կայ, որ լրագրողը վնասուածքներ ստանայ, կամ իր սարքերը վնասուին: Ատիկա ամբողջ աշխարհին մէջ ընդունուած է, եւ իւրաքանչիւր լրագրող գիտէ, որ ինք կը կրէ այդ վտանգը: Այլ հարց է` ատիկա կը կատարուի դիտաւորութեա՞մբ, թ՞է ոչ: Իրաւախախտումներու  բացայայտումը ոստիկանութեան գործառոյթն է, եւ եթէ նման դէպքեր կը պատահին, չեն բացայայտուիր, բնականաբար, այս պարագային կը վտանգուի տուեալ նախարարութեան հեղինակութիւնը», նշած է Աշոտ Ահարոնեան:

Ահարոնեան դիտել տուած է, որ ինք կը հասկնայ, թէ լրագրողները չեն բաւարարուիր ոստիկանութեան կողմէ կատարուող քննութիւններով եւ ոստիկաններուն նկատմամբ կիրարկուող պատիժներով:

Սարի Թաղի Մէջ Լրագրողներուն Նկատմամբ
Բռնութեան Փաստերով Երկու Անձ Ձերբակալուած Է

10 յուլիսին ձերբակալուած են 2 քաղաքացիներ` 29-30 յուլիսի լուսցող գիշերը Սարի թաղի մէջ լրագրողներուն մասնագիտական օրինական գործունէութիւնը խոչընդոտելու եւ խումբով խուլիկանութիւն կատարելու յանցանքով:

Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ կը շարունակուի այդ գիշերը Սարի թաղի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն լոյսին տակ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:

Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ 10 օգոստոսի դրութեամբ ձեռք բերուած նախնական տուեալներուն համաձայն, ենթադրեալ յանցագործութեան պատճառով տուժած է 20 լրագրող, որոնցմէ 17-ն քրէական գործով արդէն նկատուած են տուժող եւ հարցաքննուած են: Անոնց առողջութեան հասած վնասին բնոյթը եւ տարողութիւնը ճշդելու համար կը կատարուի դատաբժշկական փորձաքննութիւններ:

2 լրագրողներ տակաւին չեն ներգրաւուած քննութեան մէջ` քաղաքէն բացակայելու պատճառով, իսկ ուրիշ մըն ալ յայտարարած է, որ այդ օրը որեւէ վնաս չէ հասած իրեն:

«Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութիւնը եւ անոր հետ համագործակցող իրաւապահ միւս մարմինները կը շարունակեն ձեռնարկել դէպքի հանգամանքները պարզելու, առերեւոյթ յանցանք կատարած անձերը նոյնականացնելու եւ յայտնաբերելու համար անհրաժեշտ ինչպէս քննչական ու դատավարական, նոյնպէս ալ հետախուզական բոլոր կարելի միջոցներուն: Միաժամանակ կը յորդորենք 29-30 յուլիսի լուսցող գիշերը Սարի թաղ շրջանին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ ունեցող այլ անձերը, այդ շարքին` ենթադրաբար տուժած, սակայն այդ մասին դեռ չյայտնած լրագրողներուն համագործակցելու քննութեան հետ, նախաքննութեան մարմինին ներկայացնելու իրենց տրամադրութեան տակ եղած որեւէ նիւթ կամ տեղեկութիւն, որ կրնայ նպաստել համակողմանի եւ արագ քննութեան իրականացման: Նախաքննութեան հետագայ ընթացքին եւ նոր զարգացումներուն վերաբերեալ Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ պարբերաբար կը տրամադրուի լրացուցիչ տեղեկատուութիւն», նշուած է ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Փայլան. «Հայերը Վախի Մէջ Կ՛ապրին Թուրքիոյ Պետական Յեղաշրջման Փորձէն Ետք»

Յաջորդը

Լուծարուած Է Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Աշխատակազմը Եւ Ստեղծուած Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարութիւն

RelatedPosts

Երեւանի Մէջ Հանդիսաւոր Արարողութիւն`  Նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Հիմնադրութեան 135-Ամեակին
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիսաւոր Արարողութիւն` Նուիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակին

Դեկտեմբեր 8, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Այնճարի  Հայկական Վարժարանները
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Այնճարի Հայկական Վարժարանները

Դեկտեմբեր 8, 2025
Ընդունելով Վարչապետ Սալամը`  «Շուտով Լիբանանի Մէջ Աջակցութեան Յատկացուած  Նոր Ծրագիրներու Շարք Մը Պիտի Յայտարարենք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդունելով Վարչապետ Սալամը` «Շուտով Լիբանանի Մէջ Աջակցութեան Յատկացուած Նոր Ծրագիրներու Շարք Մը Պիտի Յայտարարենք» Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը

Դեկտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?