Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականը` Միջազգային Ֆալքոն Շարժման Լիիրաւ Անդամ

August 10, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Falcon_80916f

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 5-8 օգոստոսին Գերմանիոյ Նիւրենպըրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային ֆալքոն շարժում – Ընկերվարական միջազգայնական դաստիարակչական կազմակերպութեան համագումարը, որուն մասնակցեցան կազմակերպութեան անդամ քանի մը տասնեակ միութիւններու 65 ներկայացուցիչներ:

ՀՅԴ Երիտասարդականը կը ներկայացնէր Նժդեհ Գարագաւորեան («Նոր Սերունդ», Ֆրանսա):

Եռօրեայ համագումարին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, ինչպէս` որոշ երկիրներու մէջ նկատուող աջ ծայրայեղականութեան աճ, մարդու իրաւունքներու ոտնահարում եւ ահաբեկչութիւն:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչը համագումարին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ արցախեան տագնապին` իբրեւ մարդու եւ ազգի ոտնահարման դրսեւորում: Ապա ներկայացուց ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններուն կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ կազմակերպուող ճամբարներու աշխատանքները:

Համագումարի օրակարգին վրայ ներառուած էին անդամ միութիւններու կարգավիճակի փոփոխութեան հարցը եւ նոր նախագահութեան ընտրութիւնը:

Հարկ է նշել, որ ՀՅԴ Երիտասարդականը երկար տարիներ Միջազգային ֆալքոն շարժում – Ընկերվարական միջազգայնական դաստիարակչական կազմակերպութեան կ՛անդամակցէր դիտորդի կարգավիճակով եւ մօտ մէկ տարի առաջ դիմում ներկայացուց լիիրաւ անդամ դառնալու:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ Գերմանիոյ այս համագումարին ՀՅԴ Երիտասարդականը ժողովականներու մեծամասնութեան քուէով դարձաւ նշեալ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ:

Նժդեհ Գարագաւորեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով համագումարի մասնակիցներուն` ըսաւ, թէ նոր կարգավիճակը պիտի մղէ ՀՅԴ Երիտասարդականը ալ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու կազմակերպութեան աշխատանքներուն:

Օրակարգի վերջին կէտով ընտրուեցաւ նախագահութեան նոր կազմ:

 

 

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. Ժրէյժ. «Պըրրի Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնէ Ազգային Երկխօսութիւնը Շարունակելու Նպատակով»

Յաջորդը

Օհանեան. «Միակողմանի Զիջումներու Մասին Կարելի Չէ Խօսիլ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.