Աշխատանքային այցելութեամբ Պրազիլ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 օգոստոսին հանդիպում ունեցած է երկրի նախագահի պաշտօնակատար Միշել Թամերի հետ:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է իր պաշտօնակիցը` ողիմպիական խաղերը Պրազիլի մէջ հիւրընկալելուն համար, նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է հայ մարզիկներուն անունով` անոնց համար ստեղծուած անհրաժեշտ բոլոր պայմաններուն եւ հոգատար վերաբերմունքին համար: Ան դիտել տուած է, որ այս խաղերը մարզական տօն ըլլալէ բացի խաղաղութեան պատգամ են ամբողջ աշխարհին` յոյս յայտնելով, որ այս խաղերը կը վերահաստատեն ամբողջ մարդկութեան համար կարեւոր այդ գաղափարները եւ կը նպաստեն միջազգային մթնոլորտի բարելաւման ու առողջացման, բան մը, որուն կարիքը ունի ամբողջ աշխարհը:
Այդ պարունակին մէջ նախագահ Սարգսեան խօսած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ հանգուցալուծման կարեւորութեան մասին եւ ընդգծած, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Պրազիլի հաւասարակշռուած ու անկողմնակալ դիրքորոշումին: Հանդիպման ընթացքին երկու երկիրներուն ղեկավարները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Պրազիլի միջեւ տարբեր մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութեան եւ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման ու խորացման կարելիութիւններուն շուրջ:
Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայաստանի եւ Պրազիլի միջեւ ձեւաւորուած են յարգանքի եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած ամուր բարեկամական կապեր: Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է աշխարհին մէջ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական առումով յառաջատար եւ ծանրակշիռ երկիրներէն մէկուն` Պրազիլի հետ բազմաբնոյթ կապերու զարգացումը եւ յոյս յայտնած, որ իր այցելութիւնը խթան հանդիսանայ երկկողմանի յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման համար` ուրուագծելով ապագայ համագործակցութեան նոր ուղղութիւններ: Ան կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Պրազիլի միջեւ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ պարբերաբար կայացող խորհրդատուութիւններն ու շփումները երկկողմանի, բազմակողմ ձեւաչափերով, նաեւ` միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է նախորդ տարի Պրազիլի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Հանրապետութեան նախագահին համոզումով, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող փաստաթուղթը լաւագոյնս կը բնութագրէ Պրազիլի ժողովուրդը, անոր արժէքային համակարգը եւ բարոյական մղումները:
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատած է նաեւ միջխորհրդարանական կապերու զարգացումը` մեծ դեր վերապահելով խորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու գործունէութեան: Հայ-պրազիլեան բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք ստորագրուած են տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման վերաբերող փաստաթուղթեր:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյն օրը ուշ երեկոյեան, մայրաքաղաքին մէջ ներկայ գտնուած է Պրազիլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան շէնքի հիմնարկէքի արարողութեան: