Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը 19-22 սեպտեմբերին «Մերիտիան էքսփօ» կեդրոնին մէջ կազմակերպած է «Արտադրուած է Հայաստանում-2016» ցուցահանդէսը, որուն բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեանը:
«Իբրեւ նախարար ինծի համար հպարտութեան զգացում է բոլոր տաղաւարներուն մէջ հայկական արտադրութիւններ տեսնելը եւ զգալը, որ անոնք որակ ունին, միջազգային մակարդակով անհրաժեշտ մրցակցութեան պայմանները կ՛ամբողջացնեն: Ասիկա մեր տնտեսութեան զօրահանդէսն է, եւ զուգադիպութիւն չէ, որ արհեստագիտական առարկաներէն սկսեալ մինչեւ սնունդի մասն ու ծառայութիւններու բաժին այցելելով մենք կրնանք հպարտօրէն ըսել, որ ունինք այդ ներուժը եւ տնտեսութեան մէջ դրական որոշ փոփոխութիւններ իրականացնելով` պիտի կարենանք ոտքի կանգնեցնել մեր տնտեսական ուղղուածութեան ներուժը», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Արծուիկ Մինասեան:
Նախարարի պաշտօնակատարին համաձայն, որեւէ երկրի տնտեսութիւն հիմնուած է երեք ուղղութիւններու վրայ` ներդրումները, արհեստագիտութիւնները եւ մասնագիտական կարողութիւնները:
«Որեւէ աշխատանք, որ հիմնուած է մասնագիտական գիտելիքներու վրայ, ինքնին արդէն յեղափոխական է: Եւ մենք ունինք այդպիսին թէ՛ բարձր արհեստագիտութեան ոլորտին, թէ՛ նորարարական լուծումներու առումով նորաբերութեան, եւ թէ՛ յայտնի սննդամթերքի բնագաւառին մէջ», ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ ցուցահանդէսը եւ ի՞նչ քայլեր անհրաժեշտ են այս ոլորտին մէջ զարգացում ապահովելու համար` Արծուիկ Մինասեան դիտել տուած է, որ անհրաժեշտ են քանի մը քայլեր` որակի վերահսկողութեան պատշաճ համակարգի ներդրում, որակի ենթակառուցուածքի ամբողջութեամբ վերազինում, որ պիտի ապահովէ միջազգային մրցունակութեան համարժէք եւ պատշաճ որակ եւ պիտի ապահովէ թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին սպառողներու շահերու պաշտպանութիւնը:
Ըստ անոր, ցուցահանդէսին նպատակը հայկական արտադրութիւններու սպառումը չէ անպայման, այլ անոնց ցուցադրութիւնը, ծանօթացումը: Մինասեան դիտել տուած է, որ սպառման համար պէտք է կազմակերպուի եւ իրականացուի համապատասխան ծրագիր, որպէսզի կարելի ըլլայ հայկական արտադրութիւնները հասցնել արտաքին շուկաներ, ինչպէս` Ռուսիա, Իրան, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն: