22 սեպտեմբերի կառավարութեան նիստին կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան զեկուցեց կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններուն մասին, որոնց կարգին «Էկոնոմիկայի նախարարութիւն»-ը վերանուանուած է «Ներդրումների եւ ձեռնարկատիրութեանն աջակցման նախարարութիւն»:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեանն ալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց այն տրամաբանութեան մասին, որով առաջնորդուած են փոփոխութիւններ կատարելու ատեն:
Առարկութիւն ունէր տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան: «Բնականաբար, իբրեւ տնտեսութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, ինծի համար ցանկալի չէ «էկոնոմիկա» բառը հանելը, առաւել եւս, որ ես տնտեսութիւնը կը պատկերացնեմ աւելի լայն, քան ներդրումները կամ ձեռնարկատիրութեան աջակցութիւնը: Ահա, թէ ինչու, ընդունելով հանդերձ ձեր կողմէ կատարուած շեշտադրումը, որ ներդրումներն ու ձեռնարկատիրութեան աջակցութիւնը պէտք է առանձին ուղղութիւն ըլլայ, զիս կը մտահոգեն քանի մը հարցեր, որոնք այսօր տնտեսութեան նախարարութեան ծիրին մէջ են, բայց անուանման մէջ անոնք չեն երեւիր: Մասնաւորապէս` առեւտուրի հատուածը, արտաքին առեւտուրը, որ ներդրումներուն հետ կը նկատուի մեր երկրի տնտեսութեան հիմնական շարժիչ ուժը: Թերեւս ատիկա այլ նախարարութեան մը ծիրին մէջ պիտի ըլլայ կամ մնայ, կը խնդրէի, որ անուանումին մէջ այդ շեշտադրումը ըլլայ», ըսած է ան:
Մինասեան հարցուցած է նաեւ, թէ որակի ենթակառուցուածքները ո՞ր մարմինի լիազօրութեան ներքեւ կը գտնուին: «Տրանսպորտի եւ կապի նախարարութիւն»-ը «Տրանսպորտի, կապի եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաների նախարարութիւն» կոչելու գծով ան ըսաւ, որ, բարձր գնահատելով փոխադրութեան եւ կապի նոր նախարարին բարձր կարողութիւնները եւ անոր վերաբերեալ դրական կարծիքը, ցանկալի է, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը չդիտարկուի իբրեւ զուտ ծառայութիւններու ոլորտ, որովհետեւ անիկա ներկայիս կ՛ընկալուի իբրեւ արդիւնաբերութիւն: Արծուիկ Մինասեան հետաքրքրուած է, թէ ո՞ր մարմինը պիտի ունենայ տնտեսութեան նախարարութեան նուիրատուներու հետ համագործակցութեան լիազօրութիւնը, օդանաւային պատահարներու ուսումնասիրութեան եւ քննութեան լիազօրութիւնը:
«Անգամ մը եւս կը կրկնեմ, իբրեւ տնտեսութեան նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, բնականաբար, ընդունելի չէ «էկոնոմիկա» բառը հանելը: Այս նախարարութիւնը 13 նախարարութիւններու լիազօրութիւն կը ներառէ», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան արձագանգած է, որ «էկոնոմիկա» բառը միայն կը հանուի նախարարութեան անունէն, սակայն գործառոյթը կը մնայ նոյնը: «Մենք ընդամէնը շեշտադրումը կը փոխենք, որ ներդրողը հասկնայ` ի՛նչ հասցէով պէտք է դիմէ», ըսած է վարչապետը: