Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

September 23, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

carvounas_92216

Ֆրանսայի Ալֆորվիլ շրջանի քաղաքապետ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամութեան խմբակի փոխնախագահ Լիւք Քարվունաս «Արմէնփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը քանի մը օրէն պիտի ներկայացուի Ծերակոյտի քննարկման:

«Մեր քաղաքական ուժը (Ընկերվարական կուսակցութիւն, «Ա.») թեր պիտի քուէարկէ: Ինչպէս գիտէք,  նախորդ քուէարկութենէն ետք ստեղծուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, որ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ մտցուց այդ նախագիծին մէջ: Կրնամ ըսել, որ անոնք, որոնք նախագիծին առնչութեամբ կը ներկայացնեն հակառակ տեսակէտը, աւելի կը խօսին իրաւունքի տեսանկիւնէն, ոչ թէ քաղաքականութեան: Ատոնք, ըստ էութեան, նոյն մեկնաբանութիւններն են, որոնք ներկայացուած էին 2002-ին», ըսած է ծերակուտականը:

Ան յիշեցուցած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Հայաստան այցելութեան ընթացքին խոստացած է, որ այդ օրէնքը պիտի որդեգրուի: Ան յոյս յայտնեց, որ նախագիծին վերաբերեալ հակառակ տեսակէտներ յայտնող ծերակուտականներու հետ գան ընդհանուր յայտարարի:

«Ես` իբրեւ խորհրդարանական, կրնամ հաւաստել, որ թեր պիտի քուէարկեմ: Մենք երկարատեւ բարեկամական յարաբերութիւններ ունինք Հայաստանի հետ, տարիներ շարունակ աշխատած ենք Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վրայ, եւ չեմ կրնար պատկերացնել, որ այդ նոյն ուղիէն պիտի շեղինք», ըսած է ան:

Խօսելով թուրք-ազրպէյճանական լոպիի աշխատանքին մասին` Լիւք Քարվունաս նշած է, որ նշեալ լոպին աշխուժ կերպով կ՛աշխատի, սակայն ատիկա երբեք չի խոչընդոտեր խորհրդարանականներուն աշխատանքները: «Մեր դերը այն է, որ կարենանք անոնց հասկցնել, որ ճիշդ ուղի չեն ընտրած», աւելցուցած է ան:

 

 

 

Նախորդը

Հայկական Դպրոցներու Պատերուն Յայտնուած Ցեղապաշտական Գրութիւններու Հարցը` Թուրքիոյ Խորհրդարանի Օրակարգին Վրայ

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Հանդիպում` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.