Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Զանազան Մարզերու Մէջ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ. Դաշնակցական Երեք Գիւղապետ Վերընտրուած Է

Հոկտեմբեր 4, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

dim_100316

2 հոկտեմբերին Հայաստանի շուրջ 400 շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ:

Կապանի ՀՅԴ թեկնածուի ղեկավարման մարմինի պետ Սասուն Մանուկեանի համաձայն, նախնական տուեալներով, ՀՅԴ երեք գիւղական համայնքներու ղեկավարները վերընտրուած են` Նորաշէնիկի մէջ` Ռոմա Աւանեսեանը, Առաջաձորի` Դաւիթ Մովսէսեանը եւ Տաւրոսի` Սլաւիկ Կարապետեանը:

Շիրակի մարզի Գուսանագիւղ շրջանին մէջ վերընտրուած է գործող դաշնակցական գիւղապետ Վասակ Ղազարեան: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին հրապարակած նախնական արդիւնքներով Ղազարեան ստացած է 275 քուէ, իսկ անոր մրցակից ՀՀԿ-ի անդամ Ռոպերթ Բալաբեկեան` 243 քուէ: Նոյն մարզի Ախուրեան համայնքին մէջ դաշնակցական գիւղապետ Արծրունի Իգիթեան շուրջ 700 քուէի առաւելութեամբ յաղթած է իր հիմնական մրցակիցին` Ախուրեանի «Ել. Ցանցեր»-ու տնօրէն, ՀՀԿ-ի անդամ Կարապետ Կարապետեանին եւ վերընտրուած գիւղապետ:

Նախնական Արդիւնքներով` Վանաձորի Աւագանիին
Մաս Պիտի Կազմեն 5 Կուսակցութիւններ

2 հոկտեմբերին Հայաստանի շուրջ 400 շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, որոնց մասնակցած է ընտրողներուն աւելի քան 50 առ հարիւրը:

Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք երկրի մեծութեամբ երկրորդ եւ երրորդ քաղաքներուն` Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ընտրութիւնները կայացած են համամասնական ընտրակարգով:

Վանաձորի մէջ աւագանիի անդամներուն աթոռները բաժնուած են հետեւեալ կերպով` Հանրապետական կուսակցութիւն` 13, Լուսաւոր Հայաստան` 10, Հայկական վերածնունդ` 5, Բարգաւաճ Հայաստան` 3 եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն` 2 աթոռ: Ընտրութիւններուն մասնակցած միւս երեք կուսակցութիւնները` Համախմբումը, Քաղաքացիական պայմանագիրը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը, չեն յաղթահարած 6 առ հարիւրի շեմը:

58 ընտրական կեդրոններու մէջ 41 հազար 189 վանաձորցի մասնակցած է քուէարկութեան, այսինքն` ընտրողներուն 42,66 առ հարիւրը:

Նախնական արդիւնքներով` Հանրապետական թեկնածուն Վանաձորի մէջ առաջին դիրքի վրայ է, բայց բացարձակ մեծամասնութիւն չունի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ քաղաքապետ պիտի ընտրուի աւագանիի յառաջիկայ նիստին` փակ քուէարկութեամբ, հակառակ անոր որ իշխող կուսակցութեան թեկնածու Մամիկոն Ասլանեան ընտրութիւններուն օրուան կէս գիշերը անց Դիմատետրի իր էջին վրայ շնորհաւորած էր բոլոր վանաձորցիները` հաստատելով, որ ինք «տարբերակում պիտի չդնէ վանաձորցիներուն միջեւ եւ պիտի ըլլայ բոլորին քաղաքապետը»:

Վանաձորցիները բաւական աշխուժ կերպով մասնակցած են ընտրութիւններուն: Թէեւ ընդդիմադիրները ահազանգած էին այն մասին, որ տարբեր ընտրախախտումներ արձանագրուած են, բայց թիւ 30  ընտրատարածքային ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Պապանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է, որ ինք անձամբ հետեւած է, եւ որ ահազանգներուն մեծ մասը կեղծ է:

ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան դիտել տուած է, որ իրենք պիտի գործակցին Դաշնակցութեան հետ: «Առաջին քայլով մենք պիտի ձգտինք ՀՅԴ-ի հետ համագործակցութեան եւ կ՛ունենանք 15 աթոռ: Ունինք եւս 2 աթոռի կարիք», դիտել տուած է Արմէն Աշոտեան:

Գիւմրիի Աւագանիի 33 Աթոռները`
4
Քաղաքական Ուժերու

Գիւմրիի մէջ 2 հոկտեմբերին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, նախնական արդիւնքներով, 6 առ հարիւրի շեմը յաղթահարած են «Բալասանեան» դաշինքը, Բարգաւաճ Հայաստան, Հայկական վերածնունդ եւ ԳԱԼԱ կուսակցութիւնները:

Այսպիսով, աւագանիի 33 աթոռներէն բաժին պիտի հասնի այս չորս քաղաքական ուժերուն` իրենց ստացած քուէներուն համաձայն:

Ընտրութիւններուն մասնակից միւս 7 կուսակցութիւնները ստացած են 1-էն 5 առ հարիւր:

Քուէարկութեան մասնակցած է շուրջ 46 հազար ընտրող` գրեթէ նոյնքան, որքան նախորդ ընտրութիւններուն:

Շիրակի մարզին մէջ Գիւմրիէն բացի 73 համայնքի մէջ եւս տեղի ունեցած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, որոնք Շիրակի մարզին համար իսկական փորձաքար էին: Համամասնական ընտրակարգով ընտրութիւններ տեղի ունեցած են նաեւ ընդարձակուած շրջաններուն մէջ, Ամասիայի գիւղապետը պիտի ղեկավարէ 9 համայնք, իսկ Աշոցքինը` 11:

 

Նախորդը

Վիգէն Սարգսեան` Պաշտպանութեան, Էդուարդ Նալբանդեան` Արտաքին Գործոց Նախարարներ

Յաջորդը

Բազմահազար Լիբանանահայեր Հպարտութեամբ Նշեցին Հայաստանի Եւ Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?