Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետութեան Նախագահը Ներկայացուցած Է Վիգէն Սարգսեանը. «Պաշտպանութեան Նախարարը Պէտք Է Շատ Քիչ Զբաղի Զօրքերու Առօրեայ Գործունէութեամբ»

Հոկտեմբեր 4, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

19239_b

Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան 3 հոկտեմբերին այցելած է պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ բանակի բարձրագոյն սպայական կազմին ներկայացուցած է պաշտպանութեան նոր նշանակուած նախարար Վիգէն Սարգսեանն եւ բանակի նոր նշանակուած ընդհանուր հրամանատար Մովսէս Յակոբեանը: Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձած է նաեւ այն հանգամանքներուն, որոնք նկատի առնուած են այդ որոշումները տալու ատեն: Այս պարունակին մէջ Սերժ Սարգսեան հանգամանօրէն խօսած է նոր սահմանադրութեամբ Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ պաշտպանութեան նախարարին, նախարարութեան եւ բանակի հրամանատարին դերակատարութեան մասին:

«Սահմանադրութեան մէջ յստակ ճշդուած է` մեր երկրին թիւ մէկ զինուորականը կամ աւագ զինուորականը պէտք է ըլլայ գլխաւոր  հրամանատարը:  Ժամանակի ընթացքին շատ աւելի մեծ կարեւորութիւն պիտի ստանայ ռազմաքաղաքական դիւանագիտութիւնը, շատ մեծ կարեւորութիւն պիտի ստանայ զինուած ուժերու ամբողջական մատակարարումը, գնումներու կազմակերպումը ինչպէս երկրին մէջ, այնպէս ալ արտերկրի: Մենք պարտաւոր ենք շատ աւելի մօտէն  զբաղելու զինուորական կրթութեամբ եւ ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեամբ: Մենք պարտաւոր ենք աշխուժացնելու մեր աշխատանքները զինուորական ծառայողներու ընկերային  ապահովութեան ուղղութեամբ, բայց նաեւ պիտի յիշենք, որ մեր պարտաւորութիւնները միշտ կը մնան այն մարդոց հանդէպ, որոնք երբեւէ ծառայած են մեր զինուած ուժերուն մէջ: Անոնցմէ շատ-շատերը կա՛մ այսօր չկան, կա՛մ ալ ունին հաշմանդամութեան կարգ: Ես ընդամէնը քանի մը այսպիսի հատուածներ ըսի, բայց պաշտպանութեան նախարարի ժամանակին առիւծի բաժինը պէտք է յատկացուի այս եւ նման այլ խնդիրներու լուծման: Պաշտպանութեան նախարարը պէտք է շատ քիչ զբաղի զօրքերու առօրեայ գործունէութեամբ:

Համոզուած եմ, որ Վիգէն Սարգսեան կը գիտակցի  պատասխանատուութեան աստիճանին, եւ վստահ եմ, որ ան ջանք ու եռանդ պիտի չխնայէ, որ այդ վստահութիւնը արդարացնէ եւ պատասխանատուութիւնը կրէ պատուով: Վստահաբար, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Սէյրան Օհանեանին պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին վրայ երկարատեւ եւ տքնաջան աշխատանքին  համար», յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` վստահեցնելով, որ իր մասնակցութիւնը, հետաքրքրութիւնը պիտի չնուազի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ամբողջ զինուած ուժերուն հանդէպ: Ան ընդգծած է, որ հետզհետէ կ՛աւելնան նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան կարելիութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

Դպրոցական Վերամուտ… Եւ Յիշատակներ

Յաջորդը

Վիգէն Սարգսեան` Պաշտպանութեան, Էդուարդ Նալբանդեան` Արտաքին Գործոց Նախարարներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?