Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ասպետ»-ի Շքանշանով Պատուեց Տիար Արամ Համբարեանը

September 30, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

aram-i_hamparian1_92916Չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը, Ուաշինկթընի մէջ: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական եւ լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, Պետրոս վրդ. Մանուէլեան` գաւազանակիր եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան:

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեան բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին` իր այցելութեան համար, նշելով, որ հովուապետին այս այցելութիւնը մեծապէս կը քաջալերէ եւ նոր մղում կու տայ իրենց աշխատանքին:

vehapar_hamparian_92916

Վեհափառ հայրապետը գնահատեց Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի գրասենեակին տարած աշխատանքները` քաղաքական եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ ծանօթացնելով հայ ժողովուրդի արդար դատը: Ան յիշեցուց, որ այս գրասենեակը ի մի կը բերէ հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները եւ կ՛ոգեւորէ յատկապէս երիտասարդ սերունդը: Վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեանի անխոնջ ջանքերը եւ յիշեցուց, որ ան կարեւոր դեր կը խաղայ գրասենեակի աշխատանքներու համադրման եւ առաւել արդիւնաւորման առումով: Առ ի գնահատանք Համբարեանի տարիներու ծառայութեան, Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուներուն, բարեկամներուն եւ Ուաշինկթընի զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութեան, վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի շքանշանով պատուեց զինք: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ այս շքանշանին ընդմէջէն ան կը պատուէ ու կը գնահատէ Հայ դատի գրասենեակի բոլոր պաշտօնեաներն ու կամաւորները:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչութիւն ունէին Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին, հայ եկեղեցւոյ, Ամերիկայի հայ գաղութներուն եւ երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Նախորդը

Ռոզվարդ Սիսեռեանի Ջրաներկ Պատկերներու Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Ըստ «Իփսոս-Ռոյթըրզ» Հարցախոյզին. Ամերիկացիներուն Մեծամասնութեան Կարծիքով` Պատկերասփռուած Բանավէճին Յաղթանակ Արձանագրած Է Քլինթըն

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.