Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Առնչութեամբ Դաշնակցութեան Կեցուածքը Կը Տարբերի ՀՀԿ-ի Դիրքորոշումէն

Հոկտեմբեր 1, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

giro_93016

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «168 ժամ»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համագործակցութեան համաձայնագիրը Արցախի հարցի լուծման կէտեր չ՛ընդգրկեր. «Այդ պատճառով ալ ՀՅԴ-ի կեցուածքը ընդհանուր առմամբ մէկ է, կարելի է յայտարարութիւններու մէջ շեշտադրումներու  տարբերութիւններ ընել», նշած է ան:

Նշենք, որ ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի ղեկավար մարմինները Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով հրապարակած էին յայտարարութիւն մը` նշելով, որ դէմ են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ «Հող` խաղաղութեան համար» հնչող փոխզիջման տարբերակին եւ հաստատած էին, որ Արցախի ազատագրուած ոչ մէկ տարածք կրնայ զիջման առարկայ ըլլալ:

Կ. Մանոյեանի համաձայն, Միացեալ Նահանգներէն կատարուած յայտարարութիւնը միայն Դաշնակցութեան կեցուածքը չէ, այլ անոր տակ ստորագրած են նաեւ միւս երկու ազգային կուսակցութիւնները, ուրեմն` այդ յայտարարութիւնը միայն Դաշնակցութեան մօտեցման դրսեւորումը չէ. «ՀՅԴ-ն յայտնած է իր տեսակէտը, որ կը տարբերի ՀՀԿ-ի կեցուածքէն: Այսինքն` կարգ մը բաներ, որ կատարուած են նախագահին կողմէ, իշխանութիւններուն կողմէ, արդէն արտայայտած ենք մեր տեսակէտը, որ անպայման չենք կիսեր այդ մօտեցումները: Այսինքն` այդ յայտարարութեան մէջ նորութիւն չկայ այն իմաստով, որ տարբեր բան չեն ըսած, հակասութիւն չկայ»:

Բիւրոյի անդամին համաձայն, Դաշնակցութիւնը միակ կազմակերպութիւնն են, որ թէ՛ Հայաստանի մէջ ունի կառոյց, թէ՛ Արցախի մէջ, եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, եւ այդ կեցուածքը բոլորինն է:

«Մենք նոյնիսկ 2005-2006 թուականին, երբ Արցախի սահմանադրութիւնը կը մշակուէր, ըսած ենք, որ անհրաժեշտ է, որ սահմանադրութեան մէջ յստակ նշուի, որ փաստացի սահմանները  արդէն իրաւական սահմաններն են, ատիկա այն ժամանակ մերժուեցաւ: Վերջերս ալ Արցախի անկախութեան կամ Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակին առիթով կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կար նաեւ, որ, եթէ նոր սահմանադրական փոփոխութիւններ պէտք է ըլլան, անհրաժեշտ է նաեւ այդ հարցը դարձեալ արծարծել եւ այդ հարցին անդրադառնալ նաեւ սահմանադրական փոփոխութիւններու  շրջագիծին մէջ, որովհետեւ մենք այսօր ունինք 142 յօդուածը, եւ այդ յօդուածը կը խօսի փոխանցման շրջանի մասին, անցումային շրջանի մասին եւ ոչ թէ` կ՛ամրագրէ, որ այդ տարածքները իրաւական սահմաններն են», նշած է Մանոյեան:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ` նկատի առնելով այն, որ ՀՀԿ կուսակցութեան դիրքորոշումը այլ է, փոխզիջումներու պարագային ի՞նչ պիտի ըլլայ, կրնա՞յ ըլլալ, որ ՀՅԴ-ի եւ ՀՀԿ-ի համագործակցութեան յուշագիրը չեղեալ յայտարարուի` Կ. Մանոյեան ըսած է. «Մենք դեռ չենք հասած այնտեղ, ծովը չտեսած` կը բոպիկնանք, հարցը չէ հասած այնտեղ, որ արդէն վաղը պիտի լուծուի: Այսօր Արցախի հետ կապուած հարցեր կան լուծելիք, անոնց վրայ պէտք է կեդրոնանալ, եւ ոչ թէ` փորձել ստեղծել իրավիճակ մը, որ իրականութեան մէջ չկայ: Երբ նոյնիսկ արտաքին գործոց փոխնախարարը կը յայտարարէ, որ ապրիլէն ետք իրավիճակը փոխուած է, եւ միջնորդներուն առաջարկները պէտք է փոխուին, ատիկա արդէն կը խօսի այն մասին, որ իշխանութիւնը  ինչ որ չափով իր կեցուածքը կը փոխէ, եւ ոչ թէ` հակառակ ուղղութեամբ: Կը կարծեմ` ի զուր տեղը պէտք չէ աճապարել, քանի որ հարցը այդտեղ չէ  հասած, հարցը չէ հասած լուծման փուլի, նոյնիսկ բանակցութիւնները լուծման փուլի մէջ չեն, խօսքը կը վերաբերի զինադադարի դրութիւնը ամրագրելու, ամրապնդելու եւ վերահսկողութեան մեքանիզմներ հաստատելու մասին: Այսօրուան առաջնահերթութիւնը այս է, համաձայնագիրը ՀՀԿ-ին հետ հազար տարուան համար չէ, ժամանակի ընթացքին նայինք` երբ ինչ ըլլայ, բայց դեռ այդտեղ չենք հասած, որ հարցը կը լուծուի, եւ այդ տեսակէտներու  տարբերութիւնը մեծ խնդիր է»:

 

Նախորդը

«Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Պայմանները Տակաւին Չեն Ստեղծուած» Կ՛ըսէ Քերրի

Յաջորդը

Հայաստանէն Երկու Օդանաւ Մարդասիրական Օգնութիւն Պիտի Առաքուի Սուրիա

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?