Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) Նահատակութեան 24-Ամեակի Հանդիսութիւն.«Աշոտ Ղուլեան Արցախի Բանակի Ոգին Էր Եւ Բանակի Յաղթանակներու Խորհրդանիշը» Ըսաւ Մելիք Գարագաւորեան

Հոկտեմբեր 1, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

 pegor3_93016

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին կազմակերպած` արցախեան ազատամարտի հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) նահատակութեան 24-ամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 30 սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի բակին մէջ, հոծ բազմութեան, բայց յատկապէս երիտասարդութեան պատկառելի ներկայութեամբ:

pegor4_93016Լիբանանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քայլերգներու ունկնդրութեամբ հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Գազանճեան: Ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան յարգելու Արցախի ազատագրական պայքարի եւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Բեկոր (Աշոտ Ղուլեան) իր գործելաոճով, մտածելակերպով, կարգապահութեամբ դարձած է պայքարի օրինակելի տիպար եւ ծառայութեան խորհրդանիշ: Ա. Գազանճեան խօսքը աւարտեց նշելով, որ հայութիւնը իր միասնակամ կեցուածքով կը հաստատէ, որ տէր է իր իրաւունքներուն, թէ թշնամին պարտուած է ու միշտ ալ պարտուած դուրս պիտի գայ, որովհետեւ հայ զինուորը ունի հերոսական կամք եւ հայրենիքին նկատմամբ անսահման սէր:

pegor1_93016

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ «Հայք» խումբը, որ ներկայացուց ազգային հայրենասիրական երգերու գեղեցիկ ընտրանի մը, ապա յաջորդաբար ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` Աշոտ Ղուլեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին պատմող, ինչպէս նաեւ հատուած մը` անոր յուղարկաւորութեան արարողութենէն:

pegor2_93016Օրուան պատգամախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ Բեկորի նահատակութեան 24-ամեակին առիթով կազմակերպուած յիշատակի հանդիսութեան տարողութիւնը, իմաստը եւ պատկերը սովորական ձեռնարկներու սահմանէն դուրս պէտք է տեղափոխել եւ վերածել առիթի` վճռակամութեամբ վերահաստատուելու եւ զօրաշաժի ենթարկուելու` տրուած ըլլալով, որ պատերազմը չէ աւարտած եւ ներկայիս տաք կրակի վրայ դրուած կը թուին ըլլալ Արցախի բանակցային հոլովոյթը, բազմատեսակ ճնշումները, շրջանային թէ միջազգային ուժերու աշխարհաքաղաքական փափաքները, որոնք կը խաթարեն մեր անկախութիւնը եւ ինքնութիւնը:

Պատգամախօսը ըսաւ, թէ հայութեան համար բացառուած պէտք է ըլլայ պարտուողական դիրքերէ բանակցիլ, մանաւանդ Արցախի քառօրեայ պատերազմէն ետք, որուն ընթացքին հայութիւնը դարձեալ ապացուցեց, որ երբ միաւորուած է, անպարտելի է իբրեւ ազգ:

Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէս Պետոն, Կարօտը, Շահէնը, Բեկորը համոզուած էին, որ առանց Արցախի անառիկ լեռներուն, առանց ազատագրուած տարածքներու պահպանման, դիւրաբեկ կը դառնայ Հայաստանը եւ կը խաթարուի հայու տեսակը, հետեւաբար ամէն վայրկեան հայութիւնը պատրաստ պէտք է ըլլայ արժանապատիւ կերպով դիմակայելու ամէն վտանգ, կամ միջազգային թէ շրջանային ճնշում:

Մ. Գարագաւորեան առաջ քաշելով Բեկորի` իբրեւ առաքինի հրամանատարի առանձնայատկութիւնները, ըսաւ, թէ Արցախի ազատագրական պայքարը եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը պաշտպանող փաղանգին գլխաւորներէն մէկն էր կազմակերպող, առաջնորդող, առասպելական հրամանատար Աշոտ Ղուլեան, որուն մասին ոսկիէ տառերով արձանագրուած է հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն հերոսական էջերուն մէջ: Աշոտ Ղուլեան Արցախի բանակի ոգին էր եւ բանակի յաղթանակներու խորհրդանիշը: Քաջերուն մէջ ամէնէն քաջն էր եւ հայ յեղափոխական հաւատաւոր դաշնակցական, կուսակցական, գաղափարական, կարգապահական օրինակներուն օրինակը:

Պատգամախօսը կոչ ուղղեց երիտասարդութեան շարունակելու Աշոտ Ղուլեանի գործը: Ան հաստատեց, որ ազգովին պէտք է շարունակենք սատար հանդիսանալ Արցախին: Պէտք է աշխատինք, որ հիւսիսային Արցախի գրաւեալ շրջանները` Շահումեանի, Գետաշէնի, Մարտունաշէնի ազատագրումը կատարուի, պէտք է աշխատինք, որ Արցախի հարցի լուծման ներկայ հանգրուանին հակառակ բազմապիսի ճնշումներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ ռազմաքաղաքական պայմանագիր ստորագրուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ յստակ կերպով ամրագրուի Արցախի տարածքային ամբողջականութեան բոլոր դրոյթները:

Իր խօսքին աւարտին Գարագաւորեան ԼԵՄ-ականներուն յանձնարարեց չտկարանալ աշխարհաքաղաքական մեծապետական խաղերէն եւ կացութիւններէն, չտկարանալ արդի ժամանակներու համաշխարհայնացման կեղծ արժէքներէն, որոնք կ՛այլասերեն, կ՛ապազգայնացնեն պահանջատէր երիտասարդները, ապա եզրափակեց. «Դուք պիտի զինուորագրուիք ժողովուրդներու արդար իրաւունքներու վերականգնման աշխատանքին եւ ժողովուրդներու համերաշխ համակեցութեան երաշխիքներու ապահովման հոլովոյթին: Ձեր դերակատարութիւնը սահմանուած պէտք չէ ըլլայ զօրակցական կոչերով հայկական իրականութիւնը յուզող որեւէ երեւոյթի գծով: Պէտք է ուղղակի մասնակից ըլլաք Հայաստանի եւ Արցախի պետականաշինութեան եւ տնտեսութեան զարգացման, զոյգ հանրապետութիւններու անվտանգութեան  եւ Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքին»:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Հայք» խումբին մեկնաբանած ազգային-հայրենասիրական երգերով: Յայտնենք նաեւ, թէ հանդիսութեան աւարտին բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ Աշոտ Ղուլեանի նկարը կրող յուշանուէրներ (բանալիներու օղակներ):

 

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Առաքելութիւն Եւ Աւետարանչութիւն Բաժանմունքի Ենթայանձնախումբի Ժողովին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?