Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան անկարելի նկատած է «Երկաթէ գմբէթ» համակարգին յայտնուիլը Ազրպէյճանի մէջ:
«Յարգելի՛ լրագրողներ, կը խնդրենք ազրպէյճանական քարոզչութեան նիւթերը մեր դաշտը մի՛ բերէք: Խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի «Երկաթէ գմբէթ»-ի` իբր թէ «Իսքանտեր» որսալուն եւ այլն: Մասնագիտականօրէն ատիկա արդէն բացատրուած է, որ նման համակարգ անկարելի է, որ յայտնուի Ազրպէյճանի մէջ, իսկ եթէ նոյնիսկ յայտնուի, անիկա ոչինչ կրնայ ընել», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արծրուն Յովհաննիսեան: