Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդարութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Իրաւական Կեդրոնի Ստեղծում` Ցեղասպանութեան Արդարացի Լուծման Եւ Արցախի Անկախութեան Սատարելու Ի Խնդիր

Սեպտեմբեր 29, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

khatchikian_manoyan1_92816

28 սեպտեմբերին «Արմէնփրես» մամլոյ սրահին մէջ Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի վարչութեան նախագահ Քէն Խաչիկեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, վերոյիշեալ կեդրոնի վարչութեան անդամ Կիրօ Մանոյեան տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարեցին Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոն իրաւական կառոյցի հաստատման մասին: Անոնք հաստատեցին, որ կեդրոնը պիտի գործէ ի շահ հանրութեան, անոր նպատակն է յարատեւ լուծումներ գտնել Հայոց ցեղասպանութեան տակաւին շարունակուող համաշխարհային, ազգային, համայնքային եւ անհատական հետեւանքներուն` այսպիսով Հայոց ցեղասպանութեան հարցերուն առնչուած իրաւական հոլովոյթները  տեղափոխելով նոր մակարդակ:

«Այսօր ալ Թուրքիան, որեւէ զղջում չցուցաբերելով, պաշարման մէջ կը պահէ աշխարհի հայ գաղութները, շրջափակած է Հայաստանի եւ Ղարաբաղի հայութիւնը, կը բորբոքէ պատերազմի բոցը, կը զրկէ Թուրքիոյ ներկայի բնիկ հայերը կրօնական եւ մարդու իրաւունքներէն, կը փորձէ լռեցնել սփիւռքի գաղութները, Ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութեան բացակայութիւնը տակաւին կը շարունակէ մեծապէս ազդել հայերուն իրաւունքներուն վրայ: Այս կեդրոնը ազգային եւ միջազգային ատեաններու եւ հարթակներու ճամբով պիտի փորձէ հասնիլ Հայոց ցեղասպանութեան արդարացի լուծման եւ պաշտպանել Արցախի անկախութեան իրաւունքը», ըսաւ Քէն Խաչիկեան:

Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ կեդրոնը պիտի ջանայ համակարգել մարդու իրաւունքներու խախտումներուն առնչուող հայցերը, յայտնաբերել հայցուորներ, հետաքննել խախտումները եւ հաւաքել անհրաժեշտ ապացոյցներ:

«Հայ դատի յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքները աւելի շատ քաղաքական բնոյթի են: Այս կեդրոնը, իբրեւ իրաւական կառոյց, նախ հաւաքած է գոյութիւն ունեցող ուսումնասիրութիւնները, պիտի կատարէ նաեւ նոր ուսումնասիրութիւններ` պարզելու համար, թէ ի՛նչ իրաւական հայցեր կրնայ նախաձեռնել: Կեդրոնը կրնայ ի՛նք նախաձեռնել, կրնայ ատիկա ընել այլ իրաւատէրերու հետ: Ամէն պարագայի, հիմա կայ կեդրոն, որմէ կարելի է ակնկալել, որ առնուազն տարբեր նախաձեռնութիւններու մասին տայ իրաւական խորհրդատուութիւն: Մենք տեսած ենք կարգ մը դէպքեր, երբ խմբային հայց եղած է, սակայն ինչ որ փուլի մը հայց ներկայացնողները զգացած են, որ իրաւազրկուած  են: Այս կեդրոնին անմիջական աշխատանքները պիտի հիմնուին այդ ուսումնասիրութիւններուն վրայ, որպէսզի տեսնենք, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ իրաւական հարցերը կրնանք յառաջ տանիլ», յայտարարեց Կիրօ Մանոյեան:

Անոր համաձայն, կան տարբեր դատական հայցեր թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ տարբեր երկիրներու մէջ: Կեդրոնը նաեւ պիտի հետեւի այդ հոլովոյթներուն:  Մանոյեան դիտել տուաւ, որ ցարդ կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ միջազգային իրաւունքը այնքան ալ կատարեալ չէ, երբ կը վերաբերի անցած անարդարութիւնները սրբագրելուն:

«Ներկայիս պէտք է կեդրոնանալ տարբեր պետութիւններու, այդ կարգին` Թուրքիոյ դատարաններուն վրայ, տեսնենք, թէ ի՛նչ կարելի է ձեռնարկել: Կան նախադէպեր, երբ հայերը թրքական դատարաններու մէջ հայցեր ներկայացուցած են եւ որոշ չափով իրենց իրաւունքը վերականգնուած է: Կան նախադէպեր, երբ այլ ազգի ներկայացուցիչները, որոնք որեւէ պետութեան կողմէ անարդար վերաբերմունքի արժանացած են, պետութեան դէմ գործ յարուցած եւ դրական եզրակացութեան յանգած են», աւելցուց Կ. Մանոյեան:

Ան դիտել տուաւ, որ կեդրոնը պիտի արձագանգէ հայոց ազգային, համայնքային եւ անձնական գոյքի զաւթումներուն, որպէսզի գտնէ այնպիսի լուծումներ, որոնք շրջանին մէջ պիտի հաստատեն յարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն` հիմնուած արդարութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ:

«Կեդրոնը ազգային եւ միջազգային իրաւական ասպարէզներու մէջ  Ցեղասպանութեան համար հատուցման հասնելու իր ջանքերը  իրագործելով, յանձն կ՛առնէ ապահովել արդարութիւն բոլոր անոնց համար, որոնք տակաւին կը կրեն այս յանցագործութեան վէրքերը: Իսկ աւելի լայն առումով, իբրեւ մարդու իրաւունքներու համաշխարհային շարժման նուիրուած կազմակերպութիւն, Հայկական իրաւական կեդրոնը (ՀԻԿ), միջազգային իրաւունքի եւ համաշխարհային մարդասիրական արժէքներուն համահունչ իրաւական նախադէպեր ստեղծելու եւ համապատասխան քաղաքականութեան մշակման աջակցելու միջոցով, պիտի աշխատի ապագայ բռնութիւնները կանխելու ուղղութեամբ», աւելցուց Մանոյեան:

Նախորդ դարասկիզբին ներկայի Թուրքիոյ տարածքը միլիոնաւոր հայերէ, յոյներէ, պոնտոսցիներէ, ասորիներէ, քաղդէացիներէ բաղկացած մեծաթիւ, հնամեայ եւ կենսունակ, բնիկ քրիստոնեաներու հայրենիքն էր, անոնք կը կազմէին բնակչութեան մօտ 25 առ հարիւրը: Այսօր այդ համայնքները կը կազմեն Թուրքիոյ բնակչութեան ընդամէնը 0,1 առ հարիւրը: Մարդիկ հետապնդուած են իրենց դէմ կատարուած ցեղասպանութեան մասին խօսելու կամ գրելու համար, իսկ Թուրքիա Ազրպէյճանի հետ սերտօրէն համագործակցելով շրջափակած է Հայաստանն ու Արցախը, ուր կը բնակին թոռները այն անձերուն, որոնց կը փորձէին բնաջնջել:

«Տասնամեակներ անց արդէն պարզ է, որ պայման է ստեղծել այնպիսի ձեւ, որ հիմնուած ըլլայ արդարութեան, այլ ոչ` ցեղասպանութեան վրայ: ՀԻԿ-ը պիտի լրացնէ այդ բացը», հաստատեց Մանոյեան:

Ք. Խաչիկեան դիտել տուաւ, որ Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը կը նախատեսէ աշխատիլ աշխարհի հայ գաղութներու բոլոր հատուածներուն հետ միասնաբար` անդրադառնալու Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ այլոց պատասխանատուութեան Հայոց ցեղասպանութեան աշխարհաքաղաքական, տարածքային եւ մանր տնտեսական հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստան հայրենիքի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համապատասխան սփիւռքեան եւ այլ շահառուները փոխհատուցելու, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ապագային վերաբերող հարցերուն, յատկապէս, երբ այսօր Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ շրջանային անվտանգութիւնը միջազգային մակարդակի վրայ հարցականի տակ են հիմնականօրէն Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք:

Միջազգային իրաւական գործունէութեան զուգահեռ կեդրոնը իր ուշադրութիւնը պիտի սեւեռէ Ցեղասպանութեան ընթացքին յափշտակուած կամ բռնագրաւուած հաւաքական գոյքի եւ այլ ունեցուածքի վրայ, որոնց կարգին` եկեղեցիներ, կրօնական վայրեր, հաստատութիւններ, դպրոցներ, թանգարաններ, մշակոյթի գործեր, մշակութային արժէքներ, գիրքեր եւ այլ ունեցուածք:

Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի կեդրոնատեղին պիտի ըլլայ Ուաշինկթընի մէջ, բայց պիտի աշխատի միջազգային ասպարէզին մէջ` ուշադրութիւնը սեւեռելով հատուցման հասնելու համար բոլոր կարելիութիւններուն:

Կեդրոնի գործադիր տնօրէնը պիտի ըլլայ Քէյթ Նահապետեան` խմբային հայցերու մեծ փորձառութիւն ունեցող փաստաբանը, որ աւելի քան տասը տարի Ուաշինկթընի մէջ աշխատած է ամերիկահայերու պաշտպանութեան հարցերով: Ան նախապէս աշխատած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակին, Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան մէջ, այն օրերուն ծերակուտական Ժոզեֆ Պայտընի հետ եւ միջազգային խաղաղութեան Քառնեկի հիմնադրամին մէջ: Քէյթ Նահապետեան միջազգային եւ մարդու իրաւունքներու վերաբերող իրաւագիտութեան դոկտորի աստիճան ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պերքլիի իրաւագիտութեան բաժանմունքին մէջ` մասամբ ֆինանսաւորուելով հեղինակաւոր, Նոր ամերիկացիներու համար Փոլ եւ Տեյզի Սորոսներու կրթաթոշակին կողմէ:

Վարչութեան նախագահն է Քէն Խաչիկեան (Միացեալ Նահանգներ), որ երկար տարիներ աշխուժ կերպով աշխատած է ամերիկահայ գաղութին մէջ, վարչութեան անդամներն են Կարօ Արմէնեան (Միացեալ Նահանգներ), Սթիւ Տատայեան (Միացեալ Նահանգներ), Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (Քանատա), Գէորգ Յակոբճեան (Աւստրիա), Րաֆֆի Համբարեան (Միացեալ Նահանգներ), Խաժակ Քորթեան (Աւստրալիա), Կիրօ Մանոյեան (Հայաստան), Էդուին Մինասեան (Միացեալ Նահանգներ), Երուանդ Փամպուքեան (Լիբանան), Րաֆֆի Սարգիսեան (Քանատա), դոկտոր Հենրի Թերիօ (Միացեալ Նահանգներ), դոկտոր Վլատիմիր Վարդանեան (Հայաստան) եւ Վահէ Եագուպեան (Միացեալ Նահանգներ):

Պիտի ըլլայ նաեւ լայն ներկայացուցչութիւն ունեցող խորհրդականներու կազմ` բաղկացած միջազգային իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու եւ կեդրոնի աշխատանքներուն անհրաժեշտ մարզերու այլ փորձագէտներէ:

Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը սկսած է գործել Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հիմնադրամի առատաձեռն դրամաշնորհով եւ պիտի ջանայ ստանալ գաղութներուն նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը` իր աշխատանքները զօրացնելու համար:

Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու եւ նուիրատուութիւն կատարելու համար կարելի է այցելել www.armenianlegal.org կայքը:

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Մենք Դիւրին Պայմաններ Կ՛ուզենք Ստեղծել Վարչապետին Համար»

Յաջորդը

Էրճիյէս. «Լիբանանի Կայունութիւնն Ու Ապահովութիւնը Կախեալ Են Թուրքիոյ Կայունութենէն Եւ Ապահովութենէն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?