Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Ժողովրդային Բազմամարդ Հաւաքով Նշեց 13 Հոկտեմբերի Յիշատակը

Հոկտեմբեր 17, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aounist-2_101616

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները Պաապտայի ճամբուն վրայ նշեցին 13 հոկտեմբեր 1990-ի յիշատակը` ներկայութեամբ նախարարներու եւ երեսփոխաններու:

Նարնջագոյն դրօշակներով եւ «ժեներալ»-ին յատուկ ինքնաշարժի ճչակներու եղանակով Մեթնի, Քեսրուանի, Զահլէի, Ժեզզինի եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ապրող հազարաւոր աունականներ ուղղուեցան Պաապտա` մասնակցելու համար 13 հոկտեմբերի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին: 13 հոկտեմբերի նահատակներուն յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` քրիստոնէական եւ իսլամական աղօթքներով:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը այդ առիթով ընդհանուր կարգախօս որդեգրած էր հետեւեալը. «Ազգային ուխտը կ՛ըլլայ կամ գոյութիւն չ՛ունենար… Լիբանանը»:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նշեց, որ այս առիթով իր յիշողութիւնը կ՛երթայ 26 տարի առաջ, երբ հայրենիքը պաշտպանելու համար երդուեալ տղաք նահատակուեցան` իրենց հողը պաշտպանելու ի խնդիր:

«Սակայն զէնքի ընկերներ եւ հարազատներ կորսնցնելու դառն յիշողութիւնը կը համակուի այդ նահատակներով հպարտանալու զգացումով` նկատի ունենալով, որ անոնք իրենց գերագոյնը զոհեցին` ի սէր հայրենիքի ազատութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդին արժանապատուութեան: Անոնց թափած արիւնը պիտի ըլլայ մեզ առաջնորդող փարոսը, եւ անոնք պիտի ըլլան մեր խղճին ձայնը եւ մեզմէ պիտի պահանջեն շարունակել իրենց սկսածը, մինչեւ որ իրականանայ երազը», շեշտեց ան:

Զօր. Աուն նշեց, որ իրենց երազը կը մնայ սահմանադրութեան, Ազգային ուխտին եւ օրէնքներուն նկատմամբ յարգանքը` ձգտելով լիբանանեան պետութեան կերտումին:

Ան շեշտեց, որ իրենց մխիթարութիւնը այն է, որ հոգեբանական պատերազմները եւ յոռեգոյն պայմանները չեն կրցած տապալել իրենց դատին նկատմամբ հաւատարմութիւնը եւ այդ դատը իրականացնելու յանձնառութիւնը: «Մեզի համար մխիթարութիւն է նաեւ այն, որ հսկայ դատերը չեն յաղթեր առանց իրենց վիճակուած խաչը կրելու, իսկ առանց նահատակներուն կատարած զոհաբերութեան անկարելի էր, որ երկիրը ազատագրուէր», հաստատեց զօր. Աուն:

Նշենք, որ զօր. Աունի փոխանցած պատգամէն առաջ խօսք առաւ նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ յայտնեց, թէ առանց հաւասարութեան ուխտի եւ իսլամ ու քրիստոնեայ գոյակցութեան, Լիբանանը չի կրնար մեր երկիրը ըլլալ: «Մենք կ՛ուզենք երկիր մը, որուն առաւելութիւնը իր պատգամ ըլլալու իրողութիւնն է եւ որուն զաւակներուն ինքնութիւնը անկարելի է փոխարինել գաղթականներով:

«Մեր երազը այն է, որ զօր. Աուն նախագահական պալատի պատշգամին կանգնի ու երկրին բոլոր ղեկավարներուն ներկայութեան ժողովուրդին փոխանցէ իր խօսքը` սկսելով իր հետեւեալ բառերով. «Ո՛վ Լիբանանի հոյակապ ժողովուրդ»: Մեր երազն է, որ լիբանանցիները շարունակեն ազգային համերաշխութեամբ գոյատեւել` ընդունելով ուրիշը, մերժելով ՏԱՀԵՇ-ը եւ սպաննելով ՏԱՀԵՇ-ական մտայնութիւնը», հաստատեց Պասիլ` աւելցնելով, որ իրենք` իբրեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւն, պիտի պայքարին ի խնդիր այդ երազին իրականացման, նոյնիսկ եթէ ոմանց կողմէ այդ երազը յանցանք նկատուի:

Նախորդը

Բանակը Ձերբակալեց Իմատ Եասինը

Յաջորդը

Գալուստ Սահակեան Ուղերձ Յղած Է Հայ Մամուլի Օրուան Առիթով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?